Ատրպէյճանական Պարտութիւնը Փարիզի Յաղթանակի Կամարին Տակ…
Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէ ներս, շինծու ջարդի մը՝ Խոճալուի մասին բանաձեւեր կը պատրաստուին, անշուշտ կցուած բաւական մը լեցուն գումար ընդգրկող չէքով մը: Վերջին տարիներուն այսպէս կը գործէ Ատրպէյճանական քարոզչական մեքենան Նոր Աշխարհէն ներս, փորձելով փեթրոտոլարներով խաբել քաղաքական անձնաւորութիւններ: Անշուշտ նմանօրինակ փորձեր միշտ ալ յանգած են ձախողութեան…Այտահոյէն մինչեւ Վըրմոնթ եւ այլք:
Ըստ երեւոյթին Եւրոպայի մէջ, տարբեր յերիւրածոյ միջոցներ կը կիրարկուին, ունենալով միեւնոյն նպատակը: Այսպէս, Եւրոպայի ամենէն աւելի հայահոծ քաղաքին՝ Փարիզի մէջ, Պաքու այլ ոճի դիմեց, նշելու համար Խոճալուի երեւակայական ջարդը: Արդարեւ, Փետրուար 26-ին, տեղւոյն Ատրպէյճանի դեսպանատան նախաձեռնութեամբ Խոճալուի նուիրուած բոցավառութեան արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ լոյսերու քաղաքի Յաղթանակի Կամարին տակ:
Այս արարքը բաւարար եղաւ, որ տեղւոյն հայութիւնը միաձայն խստիւ դատապարտէ պատահած սադրիչ խաբեբայութիւնը:
Անգամ մը եւս ատրպէյճանական դիւանագիտական գործիքը խեղաթիւրած էր Արցախեան հիմնահարցը, եւ ըստ սովորութեան դիմած՝ կեղծիքի քարոզչութեան, որուն նպատակն է պարզ ու մեկին ներկայացնել հայկական կողմը, իբրեւ նախայարձակ, ոճրագործ եւ մարդասպան:
Հարցը հասած էր Ազգային Ժողով, ուր մանրամասնութեամբ քննուած էր հարցը եւ ի յայտ եկած էր թէ, ազերի կողմը շահագործած է ազգային յուշարձանները, որոնց շուրջ կատարուելիք հաւաքներն ու ձեռնարկները պէտք է որ կատարուին հասարարական կարգին եւ մարդկային արժանապատւութեան յարգանքով:
Օրէնքի փոփոխութեան այս առաջարկին միտք բանին է պահպանել ազգային ստեղծագործութեան, ճարտարապետութեան եւ մշակութային ժառանգութեան կալուածային անաչառութիւնը եւ ստեղծել միջոցներ որոնք արգելք կը հանդիսանան հզօր խորհրդանիշ հանդիսացող մշակութային ժառանգութեան՝ ժխտական նպատակներով շահագործման, ինչպէս նաեւ բացարձակապէս արգիլել քարոզչական այնպիսի արարողութիւններ որոնք յայտնապէս կը հակասեն Ֆրանսայի Հանրապետութեան խորհրդանիշներուն եւ արժէքներուն:
Փոփոխութեան այս բանաձեւը միաձայնութեամբ քուէարկուած էր, ցոյց տալով թէ
Փարիզի Յաղթանակի Կամարին տակ…պարտուած էր Ատրպէյճանի դիւանագիտութիւնը:
Այլ պարտութիւն մըն ալ արձանագրուեցաւ, այդ կամարէն ոչ շատ հեռու՝ Մարտ 20-ին, Շան զ՚Էլիզէի թատերասրահի երդիքին տակ, երբ այս անգամ արուեստի եւ մշակոյթի բնագաւառէն ներս, ջնջուեցաւ «Խոճալու 613» երաժշտական գործին ներկայացումը:
Արդեօք յօրինող Փիէռ Թիլուայի դրամատան հաշիւները, որքան գումարներով ողողուած էին: Հաւանաբար, միեւնոյն ոճն ալ կիրարկուած էր համոզելու համար հանրահռչակ «Լամուրէօ» նուագախումբին անդամները:
Հոս ալ, ատրպէյճանական քարոզչութիւնը, միեւնոյն զեղծարարութիւնն ու կեղծիքը փոխադրած էր երաժշտական բեմահարթակ:
Արդեօք, ու՞ր, եր՞բ եւ ինչպէ՞ս պիտի կրկնուի նմանօրինակ աղաւաղումներ…:
«Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագրական