«Քրիստոսի յարութիւնը հրաւէր մըն է քալելու իր յարութեամբ կնքուած կեանքի ճամբէն». Արամ Ա. կաթողիկոս


Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի զանգերու ղօղանջները աւետեցին Ս. Յարութեան տօնին Հայրապետական Ս. եւ Անմահ Պատարագի թափօրին սկիզբը, Կիրակի, 27 Մարտ 2016-ի առաւօտուն ժամը 10-ին։ Դպրեվանքի ուսանողներէն եւ միաբան հայրերէն կազմուած թափօրը Մայր Տաճար առաջնորդեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որ օրհնելով ներկայ ժողովուրդը մուտք գործեց Սուրբ Տաճար։

Պատարագի արարողութեան ներկայ էին դեսպաններ, պետական նախարարներ, երեսփոխաններ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ազգայիններ։ Ս. Պատարագի քառաձայն երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեանի։

Քարոզի պահուն Վեհափառ Հայրապետը տուաւ Ս. Յարութեան տօնին իր պատգամը, որուն առանցքը կազմեց Քրիստոսի հաստատումը, թէ՝ Քրիստոս ի՛նքն է կեանքը աշխարհին։ Մեկնելով Քրիստոսի այս վկայութենէն, Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր գծերով անդրադարձաւ, թէ «Կեանքը իր մարդկային թէ ֆիզիքական արտայայտութիւններով ինքնագոյ իրականութիւն մը չէ, այլ ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ եւ Աստուած յստակ նպատակի մը համար ստեղծեց կեանքը տիեզերքին մէջ։ Այդ նպատակը Իր թագաւորութեան հաստատումն էր եւ մարդը կոչուած էր որպէս գործակից Աստուծոյ շարունակելու Աստուծոյ թագաւորութեան հաստատման աշխատանքը։ Ա՛յս էր մարդուն աստուածատուր պարտաւորութիւնը։ Ահա թէ ինչու մարդու ստեղծումը թէ՛ իր արտաքին ձեւին եւ թէ իր նպատակին մէջ բոլորովին տարբեր էր այլ արարածներէ։ Մարդը բանականութեամբ ու ինքնիշխանութեամբ օժտուած էր»։

Շարունակելով իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Սակայն, առաջին մարդը՝ Ադամ իրեն տրուած երկնային պարգեւը, բանականութիւնը ու ազատութիւնը գործածեց իր անձնական փառքին ու հաճոյքին համար եւ այս ձեւով ան երկնային շնորհքներով օժտուած իր կեանքը կորսնցուց, հեռացաւ Աստուծմէ ու դարձաւ այլ արարածներու կարգին սովորական գոյութիւն։ Այս տեսանկիւնէն պէտք է դիտել Քրիստոսի վկայութիւնը, թէ ես եկայ որպէսզի ճշմարիտ կեանքը ունենաք, թէ ես եմ ճշմարիտ կեանքը։ Քրիստոս ճշմարիտ կեանքը վերահաստատելու համար Իր արիւնը թափեց. ինչպէս հայ եկեղեցւոյ շարականը կ’ըսէ՝ Իր մահով մարդկային կեանքին վրայ տիրապետութիւն հաստատած մահուան յաղթեց եւ երկնային յաւիտենական կեանքը պարգեւեց մարդուն»։

Ապա Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Կեանքը Աստուծոյ պարգեւն է տրուած մարդուն. որեւէ անձ իրաւունք չունի ուրիշին կեանքը խլելու, նոյնիսկ քրիստոնէական հասկացողութեամբ՝ որեւէ անձ իրաւունք չունի իր կեանքը իր անձէն խլելու. որովհետեւ կեանքը կը պատկանի Աստուծոյ։ Հետեւաբար, կեանքին, մարդկային թէ տիեզերական, նկատմամբ մարդը կոչուած է յատուկ հոգածութիւն, վերաբերում ու յարգանք ցոյց տալու։ Ուր կեանք կայ, հոն Աստուծոյ ներկայութիւնը կայ։ Կեանքին նկատմամբ որեւէ հարուած մեղանչում է Աստուծոյ դէմ։ Ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ ականատես ու ականջալուր կ’ըլլանք այնպիսի արարքներու, որոնք փաստօրէն մեղանչում են Աստուծոյ դէմ։ Ահաբեկչութիւն է մարդուն կեանքը խլելը. եւ այլապէս ահաբեկչութիւն է բնութեան մէջ գոյութիւն ունեցող կեանքին նկատմամբ որեւէ հարուած։ Չարով, չարիքով ու մեղքով լեցուն այս երեւոյթները համամարդկային լուրջ մտահոգութիւններ են, որոնց նկատմամբ բոլոր կրօնները պէտք չէ անտարբեր մնան։ Քրիստոս աշխարհի կեանքը վերանորոգեց եւ ինքը դարձաւ ճշմարիտ կեանքի տանող ճամբան։ Քրիստոսի յարութիւնը հրաւէր մըն է քալելու Իր յարութեամբ կնքուած վերանորոգ կեանքի ճամբէն»։

Անդրադառնալով Լիբանանի ու ընահանրապէս Միջին Արեւելքի կացութեան, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց թէ՝ «Քրիստոնեայ համանքները առաւել կազմակերպուածութեամբ պէտք է կառչած մնան իրենց իրաւունքներուն եւ հետեւաբար շրջանէն արտագաղթը կրնայ մեծապէս վնասել քրիստոնէութեան վկայութեան»։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց Լիբանանէն ներս շուտափոյթ նախագահական ընտրութիւն կատարելու հրամայականը. «Ժողովուրդին կողմէ ընտրուած երեսփոխանները ժողովուրդին ու պատմութեան դիմաց պարտաւորութիւնը ունին նախագահական ընտրութիւն կատարելու։ Անոնք հաշուետու են ժողովուրդին։ Մեր սպասումն է որ այս գիտակցութեամբ երեսփոխաններ կատարեն նախագահի ընտրութիւնը»։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը Կաթողիկոսարանի շրջափակը լեցնող հոծ բազմութիւնը օրհնեց եւ տուաւ մեր Տիրոջ ու Փրկչին յարութեան աւետիսը՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի» եւ Հայրապետական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորութիւններ ընդունեց։ Նշենք թէ այս առթիւ Նորին Սուրբ Օծութիւնը շնորհաւորագրեր եւ հեռաձայնային շնորհաւորութիւններ ստացաւ Լիբանանի պետական պատասխանատուներէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն ներս թէ դուրս գտնուող հոգեւոր պետերէ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.