Հալէպի Կամաւորները…


 

Կամաւոր Ծառայութիւնը Կ՛Ամրապնդէ Մեր Դիմադրողական Ոգին

 

Հա­լէ­պի պա­տե­րազ­մա­կան թէժ պայ­ման­նե­րուն մէջ իգական սեռը իր դրա­կան ներդ­րու­մը կ՛ու­նե­նայ տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ:

Հա­լէ­պա­հայ Թա­լին Մի­նաս­եա­ն կը շեշ­տէ կնոջ դե­րա­կա­տա­րութ­եան կա­րե­ւո­րու­թիւնը, յատ­կա­պէս բա­րե­սի­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, յոյս ու կո­րով ներշն­չե­լու Հա­լէ­պի տագ­նա­պա­հար ժո­ղո­վուր­դին: Թա­լի­ն եւ իր ըն­տա­նի­քը կը բնա­կին, Հա­լէ­պի աղէտ­եալ գօ­տի յայ­տա­րար­ուած, Նոր Գիւղ շըր­ջա­նի «Կի­լիկ­իա» շէն­քը: Անոնք եր­բեք չեն լքած իրենց բնա­կա­րա­նը եւ կը շա­րու­նա­կեն հոն բնա­կիլ` հա­կա­ռակ բա­զում դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն եւ իրենց գլխուն վերեւ Դա­մոկլ­եան սու­րի մը պէս կախ­ուած վտան­գին:

Անոնք բազ­միցս յայտն­ուած են վտան­գի մէջ. «Երբ կա­զի պայ­թու­ցիկ տա­կառ­ներ մեր բնա­կա­րա­նին ուղ­ղու­թեամբ ար­ձակ­ուե­ցան, մենք ըն­տան­եօք տունն էինք, թոռ­նիկս քնա­ցած էր իր նն­ջա­սեն­եա­կին մէջ: Պայ­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ դրացի­ին տան մէջ, սար­սա­փով կը տես­նէի դրա­ցի­նե­րուս տան իրե­րուն օդին մէջ տարտղ­նու­մը: Այդ պա­հուն միայն թոռ­նի­կիս անու­նը կու տա­յի: Երբ ձայ­նե­րը դադ­րե­ցան, քա­րե­րուն տա­կէն հրաշ­քով ազա­տե­ցաւ փոք­րիկ ձա­գուկս, թէ­եւ աչ­քը փո­շի­նե­րէն բոր­բո­քե­ցաւ, սա­կայն, փառք Աս­տու­ծոյ, ան­ցո­ղա­կի էր», կը պատ­մէ Թա­լի­ն: Ան կառ­չած կը մնայ կեան­քին, տան, հա­յա­բոյր մի­ջա­վայ­րին, եւ կը հա­ւա­տայ, որ պա­տե­րազ­մի աւար­տէն ետք, Հա­լէ­պը պի­տի վե­րա­կանգ­նի:

Թա­լի­ն կը յայտ­նէ, թէ այս­պի­սի պայ­ման­նե­րու մէջ կա­րե­լի չէ ձեռ­նա­ծալ մնալ: Ան մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ բա­րե­սի­րա­կան զա­նա­զան աշ­խա­տանք­նե­րու, ինչ­պէս օրի­նակ Նոր Գիւ­ղի մէջ Գաղ­թա­կան­նե­րու Օժան­դա­կու­թեան Յի­սուս­եան Խոր­հուր­դին կող­մէ, եր­կու­քու­կէս տարիէ ի վեր, ամէ­նօր­եայ դրու­թեամբ կի­րար­կուող ճա­շի բաշխ­ման աշ­խա­տան­քին, որուն ըն­թաց­քին օրա­կան 1600 ան­ձե­րու (անոնց­մէ 1300-ը տե­ղա­ցի, իսկ 300-ը հայ) ճաշ կը մա­տա­կա­րար­ուի: Թա­լի­ն, իր կող­քին ու­նե­նա­լով բազ­մա­թիւ նուիր­եալ ըն­կե­րու­հի­ներ, ամէն կէ­սօր ժա­մը 12.00-էն 3:30 առանց բա­ցա­կա­յու­թեան, կը հս­կէ այս աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քին: Ան կը մաս­նակ­ցի նա­եւ հան­դեր­ձա­հա­ւա­քի եւ հան­դեր­ձա­բաշխ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Թա­լին իր ապ­րած առա­ջին վտան­գէն եւ բնա­կա­րա­նի վե­րա­շին­ման աշ­խա­տան­քէն եր­կու ամիս վերջ երկ­րորդ ցն­ցում մը կ՛ապ­րի, երբ Նոր Գիւղ կր­կին թի­րախ կը դառ­նայ ահա­բեկ­չու­թեան: Անոր բնա­կա­րա­նը կր­կին կը վնաս­ուի. «Այդ ժա­մա­նակ եր­կու օր բնա­կա­րանս պար­տադ­րա­բար լքե­ցի, սա­կայն հա­մոզ­ուած էի, որ պի­տի վե­րա­դառ­նամ ու շա­րու­նա­կեմ ապ­րիլ իմ մի­ջա­վայ­րիս, իմ հո­գե­հա­րա­զատ շր­ջա­նա­կիս մէջ: Ես եւ ին­ծի նման շա­տեր վե­րա­դար­ձանք մեր բնա­կա­րան­նե­րը` շա­րու­նա­կե­լու մեր կեանքն ու ծա­ռա­յո­ղա­կան աշ­խա­տան­քը», կը հաս­տա­տէ Թա­լին:

ՍՕ­Խա­չի մեծ ըն­տա­նի­քին ան­դամ ըլ­լա­լով, Թա­լին կը մաս­նակ­ցի նա­եւ միու­թեան բա­րե­սի­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն: Նոր Գիւ­ղի մէջ, ՍՕԽ-ի Խնա­մա­տա­րա­կան Յանձ­նա­խում­բը 300 նպաս­տըն­կալ­նե­րու հեր­թա­կան դրու­թեամբ օժան­դա­կու­թիւն կը յատ­կաց­նէ, իսկ «Պնակ մը տաք ճաշ» ծրա­գի­րով մօ­տա­ւո­րա­պէս 230 ան­ձի սնունդ կը հայ­թայթ­ուի: Ազ­գա­յին Պատս­պա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րը եւս կ՛ար­ժա­նա­նան ՍՕԽ-ի մշ­տա­կան խնամ­քին:

«Հա­լէ­պը իմ կեանքս է, մայր գա­ղութ է, չեմ կր­նար կեանքս պատ­կե­րաց­նել Հա­լէ­պէն դուրս: Երբ գի­շե­րը գլուխս բար­ձիս դնեմ միշտ հարց կու տամ ինք­զին­քիս, թէ ար­դե՛օք յա­ջո­ղե­ցայ ան­հա­տի մը դէմ­քին գէթ ժպիտ ուր­ուագ­ծել: Ծա­ռա­յա­սէր բազ­մա­թիւ հայ կա­նանց կող­քին, հո­գե­կան մեծ բա­ւա­րա­րու­թիւն կ՛ապ­րիմ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լով բա­րե­սի­րա­կան կա­մա­ւոր աշ­խա­տանք­նե­րուն: Մենք իրար­մով կը զօ­րա­նանք ու ծա­ռա­յու­թեամբ մեր մի­ջա­վայ­րը աւե­լի ջերմ կը դարձ­նենք, մա­նա­ւանդ այս ծանր օրե­րուն» կ՛եզ­րա­փա­կէ Թա­լին:

Տե­ղին է յի­շել, որ Թա­լի­նին եղ­բայ­րը մօտ եր­կու­քու­կէս տա­րի է առե­ւանգ­ուած է եւ ըն­տա­նի­քը ան­տեղ­եակ է անոր վի­ճա­կէն:

Հա­լէ­պա­հայ Սիլ­վա Մա­նուկ­եան եւս կը բնա­կի Նոր Գիւ­ղի «Կի­լիկ­իա» շէնք: Ան բազ­մա­թիւ ըն­տա­նիք­նե­րու նման դի­պու­կա­հա­րի փամ­փուշտ­նե­րու տա­րա­փին տակ պար­տադ­րա­բար լքած է իր բնա­կա­վայ­րը: Նոր Գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րը, ինչ­պէս Հա­լէ­պի հա­յա­հոծ այլ շր­ջան­նե­րու, շատ ան­գամ տագ­նա­պա­հար կա­ցու­թիւն­նե­րու մատն­ուած են: Կա­մա­ւոր ծա­ռա­յող­ներ փու­թա­ցած են օգ­նու­թեան: Սիլ­վա Մա­նուկ­եան ՍՕ­Խա­չի Դա­րա­մա­նա­տան մէջ կը գոր­ծէ որ­պէս բուժ­քոյր: ՍՕ­Խա­չի դար­մա­նա­տու­նը յա­ճախ առա­ւօտ­եան իր դռ­նե­րը կը բա­նար, հարկ եղած պա­րա­գա­յին կէ­սօ­րէ ետք ալ կը գոր­ծէր: Մա­նուկ­եան ակա­նա­տես եղած է Դար­մա­նա­տան շէն­քին հետզ­հե­տէ վատ­թա­րա­ցող վի­ճա­կին: «Պա­տե­րազ­մի սկզբ­նա­կան շըր­ջա­նին, եղան պա­րա­գա­ներ, որոնց տու­նե­րը կը գտն­ուէ­ին աղէտ­եալ գօտիի վրայ, մենք` Շտապ Օգ­նութ­եան Յանձ­նա­խումբս, դժ­ուա­րին վի­ճա­կի մէջ, նոյ­նիսկ շէն­քե­րու եր­դիք­նե­րէն սո­ղա­լով հա­սած ենք մե­զի դի­մող պա­րա­գա­նե­րուն» կ՛ըսէ ան: Այդ օրե­րուն կազմ­ուած Շտապ Օգ­նութ­եան Յանձ­նա­խում­բին կող­մէ կը կա­տար­ուէր վի­րա­ւոր­նե­րու նախ­նա­կան դար­մա­նու­մը:

Բժշ­կա­կան ծա­ռա­յու­թեան կող­քին, Սիլ­վա Մա­նուկ­եան ջու­րի սուր տագ­նա­պի օրե­րուն   մաս կազ­մած է Նոր Գիւ­ղի ակում­բի Ջու­րի Մա­տա­կա­րար­ման Յանձ­նա­խում­բին: Ան ամէն օր, առանց բա­ցա­կա­յու­թեան, կը ներ­կա­յա­նար կեդ­րոն եւ կը պա­տաս­խա­նէր հա­րիւ­րա­ւոր հե­ռա­ձայն­նե­րու` ար­ձա­նագ­րե­լու ջու­րի կա­րիք ու­նե­ցող բնա­կիչ­նե­րու ան­ուա­նա­ցան­կը. «Նոր Գիւ­ղի մէջ Ջու­րի Մա­տա­կա­րար­ման Յանձ­նա­խում­բը հեր­թա­կան դրու­թեամբ, որո­շա­կի ժա­մե­րուն կ՛ըն­դու­նի բազ­մա­թիւ դի­մում­ներ, ապա կա­րե­լիու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ կը հա­մադ­րէ բաշ­խում­ը: Սկիզ­բը մէկ, ապա վեր­-   ջերս երեք ջրա­տար մե­քե­նա­նե­րով լծ­ուե­ցանք այս գոր­ծին: Իւ­րա­քան­չիւր ջրա­տար մե­քե­նայ 12-15 տան ջուր կը հասցնէ, այ­սինքն մօ­տա­ւո­րա­պէս 50-60 տուն, այս մէ­կը օրա­կան 50000 լիթր ջուր կը նշա­նա­կէ»:

Տագ­նա­պա­հար Հա­լէ­պի մէջ, Սիլ­վա Մա­նուկ­եան ահա­ւոր դէպ­քե­րու ակա­նա­տե­սը ըլ­լա­լով հան­դերձ կը պա­հէ իր լա­ւա­տե­սու­թիւնը գա­լիք օրե­րու նկատ­մամբ: Ան իր ծնող­քի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան եւ մարդ արա­րա­ծի բնա­ծին խիղ­ճին մղու­մով կ՛ու­զէ մշ­տա­պէս ծա­ռա­յել հայ­կա­կան մեր կեան­քին, ինչ­պէս Մայր գա­ղու­թի վե­րա­կանգ­նու­մին հա­ւատք ըն­ծա­յող բազ­մա­թիւ ծա­ռա­յա­սէր հա­լէ­պա­հա­յեր:

Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբոշեան

Գանձասար


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.