ԱՄՆ-ի Թրքական Կազմակերպութիւնները Միաւորուած Են` Ընդդէմ Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման
Միացեալ Նահանգներուն մէջ գործող թրքական աւելի քան 150 կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ ձեւաւորուած է «Թուրք-ամերիկեան ազգային ղեկավար կոմիտէ» (Turkish American National Steering Committee – TASC), որ իր առջեւ նպատակ դրած է պայքարիլ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման դէմ:
Ըստ ermenihaber.am-ի՝ վկայակորելով թրքական«sabah»-ը, TASC-ի տարածած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ իրենց նպատակն է ԱՄՆ-ի հասարակութիւնը իրազեկել եւ ցոյց տալ «պատմական ճշմարտութիւնը» Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ:
Կը նշուի նաեւ, որ կոմիտէին նպատակներէն է նպաստել ԱՄՆ-ի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մէջ թուրք հանրութեան ներգրաւուածութեան բարձրացման, ԱՄՆ-ի իշխանական շրջանակներու մէջ Թուրքիոյ ռազմավարական կարեւորութեան գիտակցման եւ ամերիկեան հասարակութեան մէջ Թուրքիոյ մասին դրական ընկալումներու ձեւաւորման:
Կոմիտէի հիմնադիրներն են Իպրահիմ Ույարը, Կիւնայ Օւունչը, Տերիա Թաշքինը, Մուրաթ Կիւզելը եւ այլք:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ այս տարի Կալիպոլիի տօնակատարութիւնները իրականացուած են Մարտ 18-ին` ի տարբերութիւն նախորդ տարուան, երբ միտումնաւոր կերպով այդ ձեռնարկները տեղափոխուած էին Ապրիլ 24: