«Գերմանիոյ քիւրտերը սկսած են հետաքրքրուիլ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով», կ՚ըսէ փրոֆ. Տապպաղ
Ուրբաթ, 18 մարտին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Պոխումի համալսարանի «Սփիւռք-ցեղասպանութիւն» գիտահետազօտական կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Միհրան Տապպաղի հետ:
Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Ներկայացնելով իր ղեկավարած կեդրոնը` փրոֆ. Տապպաղ ըսաւ, որ Պոխումի համալսարանի Սփիւռք-ցեղասպանութիւն» գիտահետազօտական կեդրոնը մաս կը կազմէ համալսարանի պատմագիտութեան կաճառին, որուն ուսանողները իրաւունք ունին հետեւելու հիմնարկի ծրագիրին:
Ան նշեց, որ իւրաքանչիւր կիսամեակ 150-էն 200 ուսանողներ, ներառեալ` նկատառելի թիւով քիւրտ եւ թուրք ուսանողներ կը լսեն Գերմանիոյ միակ ցեղասպանագիտական հիմնարկին մէջ դասաւանդուող նիւթերը:
Խօսելով 1948-ին որդեգրուած «ցեղասպանութիւն» եզրի սահմանումին մասին` փրոֆ. Տապպաղ յայտնեց, որ նկատի ունենալով, որ ատիկա քաղաքական փոխզիջումի մը արդիւնքն էր, այդ սահմանումը ունի որոշ թերութիւններ, որոնք չեն համապատասխաներ իր ղեկավարած հիմնարկի մօտեցումին` նշելով, որ ինք կը նախընտրէ յստակ կերպով զատորոշել ցեղային զտումը եւ ցեղասպանութիւնը:
Անդրադառնալով անցեալ տարի Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման շուրջ կատարուած քննարկումներուն` փրոֆ. Տապպաղ ըսաւ, որ նախապէս գոյութիւն ունեցող վերապահութիւնը Գերմանիոյ մէջ ապրող թուրքերուն թիւը չէր, այլ` Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները:
Ան ըսաւ, որ Գերմանիոյ քիւրտերը վերջին շրջանին սկսած են մեծապէս հետաքրքրուիլ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով եւ կ՛ուզեն իրենց կազմակերպած ձեռնարկներուն ու դասախօսութիւններուն ընթացքին այդ հարցին արծարծումը ապահովել:
Պատասխանելով Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կարեւորագոյն հարցին մասին հարցումի մը` փրոֆ. Տապպաղ նշեց, որ կարեւորագոյն հարցը հայ գիտնականին որբ վիճակն է. ան իբրեւ հայ խանգարիչ կը նկատուի քաղաքական հարցերուն մէջ, իսկ հայկական հաստատութիւնները կը նախընտրեն, որ օտարը դառնայ Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսողը: