Գերմանիոյ մէջ 70 հազար Հայեր կ՚ապրին


Փարիզի մեր պաշտօնակից «Նոր Յառաջ»ի հետ կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Գարեգին Արք. Պեքճեան յայտնած է, թէ Գերմանիոյ մէջ 70 հազար Հայեր կը բնակին։

Գերմանիոյ մէջ պաշտօնապէս 15 հայկական եկեղեցական համայնքներ գոյութիւն ունին։ Այդ համայնքներէն ոչ բոլորն են որ հոգեւոր հովիւներ ունին եւ այդ պատճառով ալ Գերմանիոյ Թեմի հոգեւորականները ամէն շաբաթ կը շրջինք եւ այցելութիւն կու տանք համայնքներուն։ Օրինակի համար Հոգեշնորհ Տ. Սերովբէ Վրդ. Իսախանեանի հսկողութեան տակ կը գտնուին չորս համայնքներ եւ Հայր Սուրբը իւրաքանչիւր Կիրակի համայնքի մը համար պատարագ կը մատուցանէ։

Առաջնորդ Սրբազանը կը յայտնէ, որ վերջերս Միւնիխի մէջ հիմնուած է ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղ մը եւ արարողութեան րնթացքին ինք օրհնած է հայ սկաուտները։

Հանովրի, Պէրլինի, Միւնիխի, Հալլըի եւ Նիւրէնպերկի մէջ կը գործեն հայ կեդրոններ։ Կը ծրագրուի Քէօլնի մէջ հիմնել հայ մշակոյթի կեդրոն մը։ Նոր սերունդը գերմանախօս է։ Եկեղեցւոյ մէջ պատարագը հայերէնով կը մատուցանուի իսկ երբեմն քարոզները կ՚ըլլան նաեւ թրքերէնով որպէսզի թրքախօս հայերը հաղորդակից դառնան եւ հասկնան ըսուածները։

Առաքելական եկեղեցւոյ կազմակերպած ուրբաթօրեայ դասընթացքներուն կը մասնակցին 25-30 երախաներ, որոնք հոգեւոր հովիւին ղեկավարութեամբ կը սորվին երգեցողութիւն եւ ծիսակատարութեան տարրական օրէնքներ։ Պէրլինի մէջ ալ Հայաստանէն եկած երիտասարդի մը (իր ուսումը ստացած է Երուսաղէմի դպրեվանքին մէջ) գլխաւորութեամբ աշակերտները կը սերտեն եկեղեցական գիտելիքներ ու երգեցողութիւն։ Յայտնեմ, թէ Պէրլինի մէջ տարբեր համայնքներ կան՝ եկեղեցական համայնք մը, Հայաստանցիներէ բաղկացած համայնք մը, եւայլն։

Հայերը սկիզբը կայք հաստատած են արեւելեան Գերմանիոյ Հալլը քաղաքին մէջ. 19րդ դարուն երիտասարդներ հոն հայագիտութիւն ուսանած են։ Այսօր տեղւոյն ամպիոնի վարիչը հայաստանցի բանասէր Տիկ. Արմենուհի Աբգարեանն է։ Պէրլինի մօտ գտնուող Փոցտամ քաղաքն ալ կապ-
ուած է Հայերու անցեալին հետ. այնտեղ կեդրոն մը կայ որ հայագիտական կաճառ կը կոչուի եւ հոն կը պահուին հայութեան վերաբերեալ փաստաթուղթեր։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.