Սուրիա եւ Իրաք՝ Գերիշխան Պետութիւններ Մասնատելու համար ԱՄՆ-ի Նոր Սահմանագծումները


Ալեքսանտր Քուզնեցով strategic-culture.org կայքին վրայ կը գրէ‚ որ «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթին մէջ վերջերս լոյս տեսած «Սուրիոյ մասնատման մասին մտածելու ժամանակը հասած է» խորագիրը կրող յօդուածը լուրջ մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ։ Վերոնշեալ յօդուածին հեղինակն է հանգստեան կոչուած ամերիկացի ծովակալ Ճէյմս Սթավրիտիս, որ 2009-2013 եղած է ՆԱԹՕ-ի (NATO) ռազմական ուժերու հրամանատար։ Ան ներկայիս կը դասաւանդէ Թաֆթց համալսարանի «Ֆլեչըրի անուան դիւանագիտութեան եւ օրէնսգիտութեան» բաժանմպունքին մէջ։ Ինչպէս խորագիրը կը նշէ, ամերիկացի զօրավարը, կամ այս պարագային ՆԱԹՕ-ի նախկին ղեկավարը սեղանի վրայ կը բերէ Սուրիան աշխարհագրականօրէն մասնատելու եւ տարբաղադրելու հարցը։

Քուզնեցով կը գրէ, թէ Սուրիան‚ Իրաքը եւ Միջին Արեւելքի այլ երկիրներ մասնատելու գաղափարը 1980-ական թուականներէն ի վեր կը քննարկուի Միացեալ Նահանգներու ռազմավարութեան հարցերով մտածողներուն կողմէ։ Ամերիկեան արեւելեան ուսումնասիրութեանց աւագ ներկայացուցիչ Պեռնարտ Լուիս առաջինն էր‚ որ այդ գաղափարը առաջարկեց։ Ան տարիներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու արտաքին յարաբերութեանց խորհուրդի անդամ եւ խորհրդատու է։ Պաշտօնապէս անկախ եղող վերլուծական այդ կեդրոնի փորձագէտները ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան ծրագրման մէջ մեծ ազդեցութիւն ունին։

Լուիս Միջին Արեւելքը վերադասաւորման ենթարկելու իր ծրագիրը առաջին անգամ ներկայացուց 1979-ին Աւստրիոյ Պատըն քաղաքին մէջ կայացած Bilderberg Meeting-ի ընթացքին։ Նպատակը իսլամական յեղափոխութենէն ետք Իրանն ու նոյնն տարին Աֆղանիստան ներխուժած Խորհրդային միութիւնը դիմակայելն էր։ Ըստ անոր‚ հակաիրանեան քաղաքականութեան մէջ պիտի ներառուէր սիւննի-շիի զինեալ դիմակայումի հրահրումը եւ Իսլամական եղբայրներ շարժումին աջակցութիւն ցուցաբերելը։ Խորհրդային միութեան դէմ պիտի դրուէր անոր սահմաններուն մօտ ստեղծելով «Ճգնաժամի կամար մը»։ Միջին Արեւելքի ազգային պետութիւնները կրօնական‚ ազգային եւ յարանուանական հիմերով պիտի «պալքանացման» ենթարկուէին, այսինքն Եուկուսլաւիոյ նկան մասնատուէին։

Լուիսի ծրագիրը յաւելեալ յառաջ մղումի ենթարկուեցաւ Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք։ 1992-ին‚ Rethinking the Middle East խորագիրով յօդուածը լոյս տեսաւ ԱՄՆ Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդին կողմէ հրատարակուող «Ֆորէյն Փոլիսի»-ի մէջ։

Յօդուածին մէջ Լուիս ներկայացուց Միջին Արեւելքի նոր քարտէս մը։ Ծրագիրը կը նախատեսէր Սուրիան մասնատել փոքր բաժիններու‚ ստեղծելով փոքր անկախ պետութիւններ բնակուած տիւրզիներով եւ ալեւիներով։ Լուիսի նպատական էր նոր պետական էութիւններ ստեղծել՝ Լիբանանի հողատարածքին վրայ մարոնիներով բնակուած փոքր պետութիւն մը‚ անկախ Քիւրտիստան մը‚ որ պիտի ներառէր Թուրքիոյ‚ Իրաքի‚ Սուրիոյ եւ Իրանի քիւրտերով բնակուած շրջանները‚ Իրաքի մէջ շիի անկախ պետութիւն մը‚ Իրանի Խուզեսթան նահանգին մէջ (քարիւղ արտադրող մեծ շրջան մը) արաբական պետութիւն մը։ Ծրագիրը նաեւ կը նախատեսէր ստեղծել անկախ Պալոչիստան մը՝ միացնելու համար Փաքիստանի եւ Աֆղանիստանի փաշթուններով բնակուած շրջանները։

Պեռնարտ Լուիս կը ջատագովէր քաղաքականութիւն մը‚ որ կը կոչուէր «լիբանանայնացում»։ Ըստ անոր‚ «Միջին Արեւելքի պետութիւններուն մեծամասնութիւնը‚ բացառութեամբ Եգիպտոսի‚ արհեստականօրէն ստեղծուած են եւ խոցելի են այդպիսի հոլովոյթէ մը։ Եթէ կեդրոնական իշխանութիւնը բաւարարաչափ տկարանայ‚ գոյութիւն չունի իսկական քաղաքացիական հասարակութիւն մը‚ որ պետութիւնը միացեալ պահէ‚ գոյութիւն չունի հասարակաց ինքնութեան հասկացողութիւն… Ապա պետութիւնը կը քայքայուի‚ ճիշդ ինչպէս եղաւ Լիբանանի մէջ‚ իրար հետ վիճող‚ կռուող յարանուանութիւններու‚ ցեղախումբերու‚ շրջաններու եւ կուսակցութիւններու»։

Այսպիսի ծրագիրներու գլխաւոր նպատակը Միացեալ Նահանգներու տիրակալութեան մարտահրաւէր ուղելու կարողութիւնը ունեցող շրջանային ուժի մը գոյացումը կանխարգիլելն է։ Այդ էր որ Միացեալ Նահանգները մղեց Իրան-Իրաք պատերազմին (1980-1988) ընթացքին կրակին վրայ քարիւղ թափելու։

Աւելի ուշ, Արեւմուտքը Անապատի փոթորիկ գործողութիւնը շղթայազերծեց Իրաքը տկար պահելու համար։ 2003-ին հնարեց պատրուակ մը (զանգուածային քանդումի զէնքերու պատրուակը) գրաւելու համար Իրաքը եւ զայն գերիշխանութենէ զրկելու համար։ Ընդհանուր առմամբ նոյն ճակատագիրը կը սպասէր Սուրիոյ։

1990-ին սուրիական բանակները Լիբանան մնացին իբրեւ խաղաղապահներ՝ Թայեֆի համաձայնութեան հիմամբ։ Ամերիկեան կառավարութիւնը Դամասկոսի արտօնութիւն տուաւ զինուորական իր ներկայութիւնը պահելու Լիբանանին մէջ, որովհետեւ վերջինս մասնակցեցաւ Իրաքի դէմ գործողութեան։ Աւելին‚ Հաֆեզ Ասատի սուրիական կառավարութիւնը գործնականապէս յանձնառու դարձաւ Իսրայէլի դէմ թշնամական արարքներ չգործելու, առնուազն ե 10 տարուան համար։

Տասը տարի ետք կացութիւնը փոխուեցաւ։ Դամասկոս Իրանի հետ ռազմավարական դաշնակցութեան քաղաքականութեան ձեռնարկեց։ Աջակցեցաւ լիբանանեան Հըզպալլա շարժումին։ Ուաշինկթըն Լիբանանի մէջ սուրիական բանակին ներկայութեան նկատմամբ իր կեցուածքը փոխելով զայն նկատեց բռնագրաւող ուժ մը։ Պատժամիջոցներու հաստատումը իբրեւ զէնք օգտագործելով՝ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ ստիպեց հեռանալու Լիբանանէն։ 2011-ին Միացեալ Նահանգներ սկսաւ ոտնահարել Սուրիոյ ազգային գերիշխանութիւնը։

Միացեալ Նահանգներու ամէնէն հաւատարիմ դաշնակիցները‚ օրինակի համար Սէուտական Արաբիան‚ որեւէ երաշխիք չունին‚ թէ իրենք եւս զոհ պիտի չերթան այդպիսի ծրագիրներու։ Միացեալ Նահանգներ այժմ կախեալ չէ Միջին Արեւելքէն մատակարարուող քարիւղին։ Վերջ տուած է Թեհրանի հետ դիմակայումի քաղաքականութեան։ Ռազմավարական գործընկեր մը եղող Ռիատը առաջուան նման կարեւոր չէ։ Զուգադիպութիւն մը չէ‚ որ ամերիկեան լրատուամիջոցներ սկսած են հրապարակել քարտեսներ‚ որոնց մէջ Հիճազը (ներկայ Սէուտական Արաբիոյ արեւմուտքը գտնուող շրջան մը) նկարուած է իբրեւ Յորդանանի մէկ բաժինը‚ իսկ սէուտական թագաւորութեան արեւելեան շրջանն ու հարաւային Իրաքը՝ իբրեւ շիի արաբական պետութիւն։ Իրականութեան մէջ արաբական աշխարհի դիմագրաւած հարցերու լուծումը Միացեալ Նահանգներու առաջարկածէն կատարելապէս հակառակին պէտք ունի։

Միջին Արեւելքի փոքր ու իշխանութենէ զուրկ պետութիւններու մասնատումը պիտի յառաջացնէ ազգային եւ կրօնական մաքրագործումներ ներառող նոր ճգնաժամեր։ Պիտի յառաջացնէ Թոմաս Հոպզի ստեղծած եզրին՝ «Բոլորին պատերազմը ընդդէմ բոլորին»։ Այդպիսի պատերազմի մը պարագային‚ փոքր իշխանութիւնները իրաւարարի մը պէտք պիտի ունենան։ Ուաշինկթըն ինքզինք պիտի առաջարկէ այդ դերը ստանձնելու։

Ապագային արաբական մեծ տարածքի (Arab space – Grossraum)  ստեղծումը կրնայ տարածաշրջանը մղել իր դիմագրաւած խոր ճգնաժամէն դուրս‚ սակայն այդ մէկը տաբրեր եւ լուրջ հարց մըն է‚ որ պէտք է քննարկել մէկ այլ առիթով‚ կ՚եզրակացնէ յօդուածագիրը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.