Հայաստանը Գերմանացիներուն Հայրենի՞քն է
cogniarchae.wordpress.com հնագիտութեան մասին կայքէջը կը գրէ, որ ըստ համացանցի վրայ ստուգաբանական բառարանին «Գերմանիա» կը նշանակէ «նոյն ծնողներէն», որ յառաջացած է ֆրանսերէն germain բառէն «նոյն մօրմէն ու հօրմէն», լատիներէն germanus բառէն, որ կը նշանակէ հարազատ եղբայրը։
German բառը շատ աւելի հին է միջնադարեան ֆրանսերէնէն։ Գիտենք, որ անիկա օգտագործուած է Յուլիոս Կեսարի օրերէն ի վեր։ ՔԱ 98 թուականին հռոմէացի պատմաբան Թաքիթուս (Tacitus) կը նշէ Germani ցեղախումբ մը։ Germania-ի մասին Wikipedia-ի յօդուած մը կ՚աւելցնէ, որ այդ եզրը կրնայ ծագումով իրլանտական (celtic) ըլլալ։ Այդ մէկը կը նշանակէ, թէ առաջին G գիրին արտասանութիւնը վիճելի է։ Անիկա կրնայ J ըլլալ արդի ֆրանսերէնի նման կամ նոյնիսկ Y կամ H։ Այդ պարագային կ՚ունենանք անուն մը, որ շատ մօտ է «Yermenia»-ի, որ «Armenia»-ի սլաւական անունն է։
Armenia բառին շուրջ Wikipedia-ի յօդուածը կը նշէ, որ այդ անունը հին պարսկերէնին մէջ նշուած է իբրեւ Արմինա։ Ուստի կը թուի, որ Armenia բառը առնուազն 500 տարի աւելի հին է քան եւրոպականը։ Սակայն ի՞նչ կը նշանակէ։ Պատասխանը հաւանաբար դարձեալ Armenia բառին մէջ է։ Ռումաներէնի, պասքերէնի, սպաներէնի եւ փորթուկալերէնի մէջ Rhotacism կոչուած լեզուական փոփոխութեան մէջ L գիրը կը վերածուի R-ի։ Օրինակ «alberto» կը վերածուի «arvero»-ի, «alto»-ն՝ «arto» եւ «Alban»-ը՝ «Arban»։ Ուստի «Almen» բառը կը վերածուի «Armen»-ի։ Ասիկա շատ հետաքրքրական է, որովհետեւ Գերմանիոյ մէկ այլ անունն է, օրինակ ֆրանսերէնի, քրտերէնի եւ կարգ մը սլաւական լեզուներու մէջ։ Ատիկա առնչուած է նաեւ գերմանական ցեղախումբերու «Alemanni» անունով ծանօթ համադաշնակցութեան։
Պատմաբան Հերոդոտոս ծանօթ էր Germani անունով ցեղախումբի մը, թէեւ զայն միայն պարսկական ցեղախումբեր թուարկող նախադասութեան մը մէջ կը նշէ։
Իբրեւ եզրակացութիւն կը թուի, թէ հազարամեակներէ ի վեր հարաւէն եւ արեւելքէն դէպի Եւրոպա գաղթ եղած է։ Կրնայ ըլլալ, որ ՔԱ 5-րդ դարուն արդի գերմանացի ժողովուրդի նախահայերերը Փոքր Ասիայէն եկած են Եւրոպա։
Թերեւս ճշմարտութիւն մը կայ 11-րդ դարու գերմանական Das Annolied բանաստեղծութեան մէջ, որ կը նկարագրէ պաւարիացիներու ծագումը հետեւեալ բառերով.
«Անոնք քաջեր էին,
Իրենց ցեղը ժամանած էր
դարեր առաջ գեղեցիկ Հայաստանէն,
ուր Նոյը դուրս եկաւ տապանէն
եւ ոստը ստացաւ աղաւնիէն։
Տապանին մնացորդները
տակաւին Արարատի վրայ կը գտնուին։
Կ՚ըսուի թէ այդ հողերուն վրայ
տակաւին կը խօսուի գերմաներէն»…
Dere geslehte dare quam wilin ere
Von Armenie der herin,
Da Noe uz der arkin ging,
Dur diz olizui von der tuvin intfieng:
Iri ceichin noch du archa havit
Vf den bergin Ararat.
Man sagit daz dar in halvin noch sin
Die dir Diutischin sprecchin,