Սիրելի՛ հայ զինուոր. Գանատահայ աշակերտներու նամակները հայրենիքի սահմանապահներուն
Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան նախակրթարանի Գ. կարգի աշակերտները կը շարունակեն նամակներ գրել հայրենիքի պաշտպան սահմանապահ հայ զինուորներուն։
Նամակ հայ զինուորին
Սիրելի՛ հայ զինուոր
Ես Ամանտա Պարսումեանն եմ, 9 տարեկան աղջիկ մըն եմ, կ’ապրիմ Լաւալ, Քեպէգ, Գանատա: Բաւական բան չեմ գիտեր ձեր մասին, բայց գիտեմ, որ ձեր կեանքի գնով հայրենիքը կը պաշտպանէք: Ես ալ կ’ուզէի գալ Հայաստան եւ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կը պաշտպանէք Հայաստանը: Ես կ’ուզեմ ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել:
Ես հայկական դպրոց կ’երթամ, որ հայերէն սորվիմ: Գիտեմ, թէ Հայաստանի դրօշակը եռագոյնն է՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյնը: Ես կը սիրեմ եւ կը պահեմ զայն:
Հայ զինուորին օրուան առիթով ձեզի կը մաղթեմ քաջութիւն, ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն
Ամանտա Պարսումեան
Սիրելի՛ հայ զինուոր
Ես Իզապէլա անունով հայ աղջիկ մըն եմ, 9 տարեկան եմ, կ’ապրիմ Մոնթրէալ, Գանատա: Վստահ եղէք, որ մենք ամէն օր ձեր մասին կը մտածենք եւ գիտենք, որ դուք շատ քաջ էք: Շնորհակալութիւն հայ զինուորներ
Իզապէլա Համամճեան
Սիրելի՛ հայ զինուոր
Ես տղայ եմ, անունս Ֆիլիփ Գալանեան է, 8 տարեկան եմ, կ’ապրիմ Մոնթրէալ եւ կ’երթամ հայկական վարժարան՝ Ս. Յակոբ: Շնորհակալ եմ, որ հայերը կը պաշտպանէք: Ես ալ կը սիրեմ ձեզի պէս հայ զինուոր ըլլալ:
Ֆիլիփ Գալանեան
Սիրելի՛ հայ զինուոր
Ես սուրիահայ աղջիկ մըն եմ, 8 տարեկան, կ’ապրիմ Մոնթրէալ: Ես կ’ուզեմ Հայաստան երթալ, որպէսզի ձեզ տեսնեմ: Դուք հմուտ եւ քաջ էք եւ կը պաշտպանէք Հայաստանը, դուք կը կռուիք թշնամիներուն դէմ, դուք հայ կը մնաք: Դուք կը պաշտպանէք մեր հայրենիքի սահմանները: Ես հպարտ եմ ձեզմով:
Սիրով՝
Արիա Բարաղամեան
Սիրելի՛ հայ զինուոր
Ես Կարօ Համամէճեան անունով հայ մանչուկ մըն եմ: Մեր ուսուցչուհին պատմեց մեզի ձեր մասին, ես շատ սիրեցի ձեր կատարած գործը, դուք մեր երկիրը թշնամիներէն կը պաշտպանէք: Ես ապահով կը զգամ ձեզմով: Կը խոստանամ ձեզի պէս ըլլալ եւ ձեզի կը մաղթեմ յաջողութեան, ուժ եւ խաղաղութիւն:
Կարօ Համամէճեան
Սիրելի՛ հայ զինուոր
Ես Ճէյմզ Գրոքըրն եմ, կ’ապրիմ Լաւալ, Գանատա: Ես ամէն օր քեզ կը յիշեմ, որովհետեւ Հայաստանը կը պաշտպանես: Ես Youtube-ի վրայ տեսայ, թէ ինչպէ՛ս լաւ կը մարզուիս եւ հմուտ ձեւեր ունիս:
Ճէյմզ Գրոքըր
Սիրելի՛ հայ զինուոր
Իմ անունս Տարօն է, 9 տարեկան եմ եւ կ’ապրիմ Մոնթրէալ, Գանատա: Դուն քաջ ես եւ անվախ կը կռուիս թշնամիին դէմ: Ես ալ հայ զինուոր մը պիտի ըլլամ:
Տարօն Թորոսեան
Սիրելի՛ հայ զինուոր
Ես Լիանա Թօփճեանն եմ: Ես հայ աղջիկ մըն եմ, 8 տարեկան, կ’ապրիմ Մոնթրէալ, Գանատա: Դուք զօրաւոր եւ հմուտ էք, Հայաստանը կը պաշտպանէք եւ անվախ կը կռուիք թշնամիին դէմ: Ես ապահով կը զգամ, որովհետեւ կը կռուիք թշնամիներուն դէմ:
Սիրով՝
Լիանա թօփճեան
Սիրելի՛ հայ զինուոր
Իմ անունս Աշոտ է, հայ տղայ մըն եմ, Գանատա, Մոնթրէալ կ’ապրիմ:
Ձեր գաղափարները շատ աղուոր են, ձեր զէնքերը շատ արագ կը զարնեն, ձեր փորձի ձեւերը շատ հմուտ են, դուք կը մագլցիք եւ կը սողաք: Շնորհակալ եմ, որ Հայաստանը եւ սահմանները կը պաշտպանէք:
Աշոտ Գաթարոյեան