Հայ Դատի յանձնախումբը Գանատայի Պաշտպանութեան նախարարին իրազեկ պահեց Արցախի զարգացումներուն մասին
1238
0
Մարտ 12-ին, Վանգուվըրի մէջ կայացած S.U.C.C.E.S.S. Foundation բարեսիրական կազմակերպութեան ընդունելութեան ընթացքին, Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Վահէ Յակոբեան եւ Վահէ Անտոնեան առիթ ունեցան առանձնազրոյց մը ունենալու Գանատայի պաշտպանութեան նախարար Հարժիթ Սաճճանի եւ Արդարութեան նախարար Ճոյս Ուիլսընի հետ, որոնց իրազեկեցին Արցախի վերջին քաղաքական զարգացումներուն մասին յատկապէս շեշտելով հրադադարը միտումնաւոր խախտելու ատրպէյճանական յարձակապաշտ ընթացքը։ Նախարարներուն նաեւ փոխանցուեցան Գանատա ներգաղթող սուրիացի գաղթականներու գծով Պրիթիշ Գոլոմպիայի հայ համայնքի տարած աշխատանքներուն մասին մանրամասնութիւններ։