Հպարտ՝ մեր նոր Սօսէներով


Դիմատետրս այցելողը այնտեղ պիտի տեսնէ երեք ծաղիկներ, որոնք մօտալուտ գարունը կ՚աւետեն։

Առաջին ծաղիկը կը կոչուի Թինա Կարապետեան։ Երկրորդ ծաղիկին անունը Լիլիթ Մկրտչեան է։ Երրորդը՝ նոյնպէս՝ ուրիշ Լիլիթ Մկրտչեան մը։ Թինան Գանատայէն է, Լիլիթները՝ Հայաստանէն։ Իրենց արձակած բոյրը աշխարհով մէկ կրնայ տարածուիլ, պէ՛տք է տարածուի։

Ինչո՞ւ Դիմատետրիս վրայ են։ Արդարեւ, ես չէ՛, որ զիրենք կը պատուեմ այդտեղ զետեղելով զիրենք, իրե՛նք են, որ զիս ու մեզ պատուած կ՚ըլլան, քանի որ հպարտութիւն կը ներշնչեն ինծի, ու վստահ եմ՝ «ֆէյսպուքեան» բոլոր «բարեկամ»-ներուս։

Ի՞նչպէս։ Դառնալով ախոյեան, կամ ձգտելով դառնալ ախոյեան։

Ո՞վ են մեր նորօրեայ այս հերոսուհիները։

Թինան, 18-ամեայ, Մոնթրէալէն է, աւելի ճիշտ՝ Լաւալէն, յաճախած է Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարան։ Կը չմշկէ երեք տարեկանէն ի վեր։ Գեղասահքի իր նոր սահընկերոջ՝ Simon Proulx-Sénécal-ին հետ կը ձգտին հպարտօրէն Հայաստանը ներկայացնել 2018-ի Ողիմպիականներուն՝ Փիէոնչանկի մէջ, Հարաւային Քորէա։ Եռագոյնի՛ն ներքեւ։ Այդ պատճառաւ ալ անոնք մասնակցեցան նախ Ոսկի պտոյտք միջազգային մրցոյթին՝ Զաղրեպ, Խրուաթիա, 2–3 դեկտեմբեր 2015-ին, արժանանալով պրոնզէ մետալին, ապա Գեղասահքի եւրոպական ախոյեանութեան, Պրաթիսլաւայի մէջ, Սլովաքիա, 23–30 յունուար 2016-ին, գրաւելով 18-րդ տեղը։ Անոնք շարունակեցին իրենց յաղթական երթը Պաւարիական ազատ խաղերուն՝ Օպերսթտորֆի մէջ, Գերմանիա, 17–21 փետրուարին՝ խլելով արծաթ մետալը։ Յաջորդ ժամադրութիւնը 28 մարտէն 3 ապրիլին է՝ Պոսթըն, ԱՄՆ, Համաշխարհային ախոյեանութեան խաղերուն, մի՛շտ Հայաստանի անունով։

Լիլիթներէն մէկը անցեալ տարուան մարտին ոսկի մետալը ապահոված էր Հոլանտայի մէջ կայացած Եւրոպայի հրաձգութեան երիտասարդական ախոյեանութեան աղջկանց մրցոյթներուն՝ վազող-թիրախ դասակարգին մէջ։ Այս տարի ան Եւրոպայի փոխախոյեան հանդիսացաւ փետրուար 27-ին՝ Հունգարիոյ Կիոր քաղաքին մէջ կայացած Եւրոպայի Հրաձգութեան ախոյեանութեան խաղերուն՝ դարձեալ վազող-թիրախ «խառն վազք» դասակարգին մէջ։

Երկրորդ Լիլիթ Մկրտչեանը ճատրակի մարզին մէջ է։ Մարտի սկիզբը Համաշխարհային մտաւոր խաղերու ծիրէն ներս կայացող պասքեան ճատրակի մէջ 33-ամեայ հայուհին, որ Միջազգային մեծվարպետուհիի տիտղոսը կը կրէ, գրաւեց 5-րդ տեղը։ Ան բացմիցս հանդիսացած է Հայաստանի ճատրակի կանանց ախոյեանուհի, միջազգային զանազան մրցոյթներու ախոյեանուհի, իսկ 2015-ին Կանանց խմբական համաշխարհային ճատրակի մրցոյթին, Չենկտուի մէջ, Չինաստան, արժանացած է անհատական ոսկի մետալին՝ երկրորդ խաղատախտակին վրայ։

Ինչո՞ւ այս մասին կը գրեմ։

Կը գրեմ առաջին հերթին, շաբաթ մը յապաղումով նշելու համար Կանանց միջազգային օրը, որ ահա արդէն երկար ատենէ ի վեր ամեն տարի կ՚ոգեկոչուի Հայ օգնութեան միութեան եւ այլ կազմակերպութիւններու կողմէ։

Կը գրեմ, որպէսզի ցոյց տամ հայուհիին հետզհետէ աւելի ընդարձակուող տեղը ոչ միայն ներազգային ճակատի վրայ, այլեւ միջազգային ճակատներու վրայ։

Կը գրեմ, որպէսզի այս երիտասարդ հայուհիներու օրինակը վարակիչ ըլլայ մեր նոր սերունդին համար, մանաւանդ՝ սփիւռքահայ Թինային պէս՝ միշտ Եռագոյնին ներքեւ ասպարէզ գալով։

Կը գրեմ, որպէսզի հպա՛րտ ըլլանք մեր ունեցած արժէքներով։

Կը գրեմ որպէսզի մեր բոլոր դժուարութիւններուն եւ թշուառութիւններուն մէջ գիտակցինք նաեւ, որ մեր ճակատը բարձր պահելու պատճառներ ունինք։ Եւ՝ պարտաւորութի՛ւնը։

Կը գրեմ, որպէսզի մեր թերթերը ամենուրեք արձագանգեն ու առաջին էջերուն վրայ զետեղեն այս լուրերը։

Կը գրեմ, որ մեր դպրոցներու պատերը զարդարուին այս հերոսուհիներու եւ անշուշտ այր հերոսներու նկարներով։

Կը գրեմ, որպէսզի մեր կազմակերպութիւնները տէ՛ր ըլլան մեր նոր Սօսէներուն, եւ ի հարկէ Սերոբներուն։

Բայց մանաւանդ կը գրեմ, յիշեցնելու համար բոլորին, որ տակաւին երկար ճամբայ ունինք կտրելիք՝ մեր գաղութներուն, մեր հայրենիքին ու մեր ազգին ղեկավարման մէջ, հասնելու համար այն մակարդակին, որ հայ կինը իր իրա՛ւ արժանի տեղը գրաւէ…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.