«Հորիզոն» մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հրաւիրած կլոր սեղանին


Մարտ 9-ին, Միացեալ Նահանգներու Մոնթրէալի աւագ հիւպատոս Նինա Ֆայթի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն հրաւիրուած էին գանատական համայնքային եւ ազգային փոքրամասնութիւններ ներկայացնող 8 խմբագիրներ։ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած վերոնշեալ ծանօթացման ընդունելութեան ներկայ էին հրէական, եգիպտական, ռուսական, գերմանական, ափրիկեան համայնքներու կարգ մը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին նաեւ «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան։

 Միացեալ Նահանգներու Մոնթրէալի նորանշանակ աւագ հիւպատոս տիկ. Նինա Ֆայթ հրաւիրեալներուն բացատրեց, թէ հանդիպումը կը նպատակադրէ մօտէն ծանօթանալ Մոնթրէալի մէջ գործող լրատուամիջոցներուն հետ եւ սերտ համագործակցութեան դաշտ մը ստեղծել Գանատայի մէջ գործող համայնքային մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.