Հայկական Բանակին Մէջ Կիներուն Թիւը Երեք Անգամով Աւելցած Է


7 Մարտին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնարկի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր տնօրէն Գարիկ Հայրապետեան, ներկայացնելով ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնարկի 2015-2016 թուականներուն Հայաստանի մէջ կատարած «Կանանց նկատմամբ խտրական դրսեւորումներու ախտորոշիչ ուսումնասիրութիւն» նոր հետազօտութեան տուեալները՝ յայտարարած է, որ Հայաստանի բանակին մէջ աշխատող կիներուն թիւը 10 տարուան ընթացքին աւելցած է երեք անգամով, կը հաղորդէ News.am-ը:

2001-ին անոնց թուային համեմատութիւնը կը կազմէր 3.3 տոկոս, 2011-ին՝ արդէն 8.8 տոկոս: «Խորը չենք հետազօտել այս փաստը, սակայն, ըստ իս, սա պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ կուրսանտների թիւը տարեց տարի մեծանում է», – հաստատած է Գարիկ Հայրապետեան:

Անոր համաձայն՝ բանակին մէջ աշխատավարձը համեմատաբար բարձր է, այդ պատճառով ալ կիները կը նախընտրեն այս բնագաւառը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.