Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմին (Օնթարիօ) Երկրորդ փուլի տեղեկագիր
Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմին (Օնթարիօ)
Երկրորդ փուլի տեղեկագիր, Յունիս 1 – Դեկտեմբեր 31, 2015
Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Օնթարիոյի Յանձնախումբը նախապէս զեկուցած էր իր ծրագրած առաջին փուլի գործունէութեան եւ իրադարձութիւններուն մասին, թորոնթոհայ եւ այլ գանատահայ հրատարակութիւններու Յունիս 2015-ի թիւերուն միջոցաւ: Այդ ձեռնարկները տեղի ունեցան Յունուարէն-Մայիս 2015-ի ընթացքին: Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր երկրորդ փուլի ծրագրուած եւ գործադրուած ձեռնարկները, որոնց հետ կ’աւարտին Հարիւրամեակի Յանձնախումբին իրագործումները` հարիւրամեակի ամբողջ տարուան ընթացքին: Կան մի քանի միջոցառումներ, որոնք շարունակուեցան եւ պիտի շարունակուին տակաւին 2016 տարուան առաջին եռամսեակին:
Մեր նախորդ թղթակցութիւններէն տեղեկացաք արդէն, որ Ցեղասպանութեան նուիրուած բոլոր ձեռնարկները, որոնք տարուան ընթացքին իրականացուեցան, դասաւորուած էին երկու մակարդակներով. մէկ կողմէ այն ձեռնարկները` որոնք ծրագրուած եւ գործադրուած էին Հարիւրամեակի Յանձնախումբին կողմէ իր ենթայանձնախումբերու ընդմէջէն, միւս կողմէ այն ձեռնարկները` որոնք նախաձեռնուած եւ իրականացուած էին տարբեր համայնքային կազմակերպութիւններու կողմէ եւ որոնք հովանաւորուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Յանձնախումբին կողմէ: Բոլոր ձեռնարկները կը ներկայացնեն լայն գործունէութեան մը պատկերը, բացայայտելով Օնթարիոյի հայ համայնքին եւ անոր միաւորուած կազմակերպութիններուն կարողականութիւնը։
Հարիւրամեակի Յանձնախումբի կազմակերպած ձեռնարկներ.-
1. ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄ` ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ – Թորոնթոյի հայ համայնքէն 50 անդամներ 12 Սեպտեմբեր 2015-ին, ժամը 10։00-էն մինչեւ կ․ե․ 2:00, մասնակցեցան այս ծառատնկումի ծրագրին, նախաձեռնուած` City of Toronto-ի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճիմ Քարիճիանիսի կողմէ: Այս նախաձեռնութեան մասնակցեցան նաեւ յոյն եւ այլ համայնքներ, ի յիշատակ 20-րդ դարուն տեղի ունեցած բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերուն: Միջոցառումը սկսաւ ներկայ հոգեւոր հովիւներու աղօթքով: Ապա մօտաւորապէս 150 ծառեր տնկուեցան հայ համայնքի անդամներու կողմէ, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
2. «ԱՐՈՒԵՍՏ ԵՒ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ – Այս ցուցահանդէսը կը ծրագրուէր աւելի քան տարիէ մը ի վեր: Մշակութային յանձնախումբը, Վաչէ Իսքէճեանի գլխաւորութեամբ, գաղափարը յղացաւ նշելու յիշատակը հազարաւոր հայ արուեստագէտներու, որոնք ստեղծագործեցին Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին եւ զոհուեցան Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին՝ 1915-1923: Զանոնք յիշելու լաւագոյն ձեւն էր գանատահայ նկարիչներէն, քանդակագործներէն եւ լուսանկարիչներէն խնդրել, որ ստեղծագործեն գեղարուեստի նոր գործեր` նուիրուած Ցեղասպանութեան եւ ի յիշատակ նահատակուած իրենց գործընկերներուն: Աւելի քան վաթսուն գանատահայ արուեստագէտներու գործեր ներկայացուեցան, որոնցմէ յիսունը ընտրուեցան յատուկ դատական կազմի (Jury) մը կողմէ եւ ցուցադրուեցան ARTA Gallery-ի (Distillery District) սրահներուն մէջ: Այս ցուցահանդէսին համար պատրաստուած էր նաեւ գրքոյկ մը, որուն մէջ նկարագրուած էր արուեստի իւրաքանչիւր աշխատանքը, ինչպէս նաեւ ներկայացուած էր իւրաքանչիւր արուեստագէտի կենսագրութիւնը:
Ցուցահանդէսը իր դռները բացաւ 24 Սեպտեմբեր 2015-ին, մօտաւորապէս 300 արուեստի սիրահարներու բազմութեամբ, եւ տեւեց ամբողջ շաբաթ մը, որու ընթացքին երկու կարեւոր միջոցառումներ տեղի ունեցան.–
Ա. ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ – Հայ ֆոթոլրագրող Սքաութ Թիւֆէնքճեանի նոր գիրքի` «Կայ Միայն Երկիր»ի ներկայացում։ Գիրքը լուսանկար-վաւերագրական ժողովածու մըն է հայ համայնքներու մասին ամբողջ աշխարհի տարածքին: Հեղինակը այցելած է հայկական բազմաթիւ համայնքներ, ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ: Միջոցառման ներկայ էր արուեստասէրներու մեծ խումբ մը։
Բ. ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՄԲ ՅԻՇԵԼ – 27 Սեպտեմբեր 2015-ի գիշերը եղաւ յատուկ շատերու համար: Գնահատանքի երեկոյ մը կայացաւ ի յիշատակ Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած մեր գրողներուն եւ բանաստեղծներուն: Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան ներկայացուց նահատակուած բանաստեղծներու ու գրողներու որոշ աշխատանքներէն անգլերէն թարգմանութեամբ բանաստեղծութիւններ ու հատուածներ։ Ընթերցումներ կատարեցին գրող Քիթ Ղարիպեան եւ գրող ու բանաստեղծ, քաղաքագիտութեան փրոֆէսոր, Military College-ի դասատու Դոկտ. Ալըն Ուայթհորն: ARTA Gallery-ի սրահը կը վկայէր, որ հայ համայնքը ընդհանրապէս, եւ Թորոնթոյի հայ համայնքը մասնաւորապէս, ուժեղ կապեր ունին իրենց մշակութային ժառանգութեան հետ:
3. ԳԱՆԱՏԱ «ՄԵՆՔ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՆՔ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ – Ցուցահանդէսի բացումը կատարուեցաւ 22 Հոկտեմբեր 2015-ին, Թորոնթոյի քաղաքապետարանի Rotunda սրահին մէջ: Ցուցահանդէսը նուիրուած էր Գանատայի կատարած մարդասիրական ծառայութիւններուն Հայկական Ցեղասպանութեան նախօրէին, ընթացքին եւ անկէ ետք (1895-1925): Հովանաւորութեամբ Հարիւրամեակի Օնթարիոյի Յանձնախումբին եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ռայմոնտ Չօ-ի, ամբողջ շաբաթ մը երկարող ցուցահանդէսը ներկայացուց պատմութիւնը Գանատայէն անհատներու, եկեղեցիներու եւ ընտանիքներու, որոնք դրամահաւաքի եւ հովանաւորութեան ճամբով օգտակար հանդիսացած են հայ ժողովուրդին, հասնելով մինչեւ Ճորճթաունի որբերուն պատսպարման տարիները: Պաստառներ եւ ցուցանմոյշներ պատրաստուած էին Sara Corning ցեղասպանական կրթութեան հիմնարկին կողմէ: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 22-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, որու ընթացքին Պր. Րաֆֆի Սարգիսեան, Դոկտ. Ալըն Ուայթհորն եւ Քիթ Ղարիպեան զեկուցեցին ներկաներուն:
4. ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ RYERSON ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ – 23 Հոկտեմբեր 2015-ին կայացած գիտաժողովը անդրադարձաւ մշակութային կորուստի եւ Ցեղասպանութեան հոգեբանական ազդեցութեան` վերապրողներուն, ինչպէս նաեւ ապագայ հայ սերունդներուն վրայ: Գիտաժողովին ղեկավարն էր Դոկտ. Ալըն Ուայթհորն, իսկ դասախօսներն էին Դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեան՝ ամերիկահայ պատմաբան, Professor Emeritus UCLA համալսարանի, Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան՝ Rutgers համալսարանի Ցեղասպանութեան եւ Մարդկային Իրաւունքներու Կեդրոնի համակարգող Հայոց Ցեղասպանութեան Ծրագրի, եւ Դոկտ. Ալըն Սթաուպ՝ հոգեբանութեան Professor Emeritus Մէսէչուսէցի Amherst համալսարանի: Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Ryerson համալսարանի քաղաքագիտութեան ու հանրային կառավարման բաժանմունքին եւ նոյն համալսարանի հայ ուսանողական միութեան կողմէ եւ կը վայելէր պատմութեան բաժանմունքին հովանաւորութիւնը:
Գիտաժողովը քննարկեց Ցեղասպանութեան հոգեբանական հետեւանքները վերապրողներուն մօտ, ինչպէս նաեւ անոր ազդեցութիւնը ապագայ սերունդներուն վրայ, անոր տեւական եւ յարատեւ ազդեցութիւնը հայ ազգին վրայ եւ կարեւորութիւնը հարցին արդար կարգաւորման: Հայոց Ցեղասպանութեան վերջին փուլը անոր ժխտումը չէ, այլ` արդար փոխ-հատուցումը եւ կարգաւորումը ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդին: Ryerson համալսարանի հայ ուսանողական միութիւնը եւ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւնը հիանալի աշխատանք տարած էին հարիւրամեակի գիրքի յանձնախումբին հետ միասին, ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրելով Հայկական Ցեղասպանութեան հետ առնչուող զանազան լեզուներով հրատարակուած գիրքերէ օրինակներ։
5. FORGET ME NOT ՀԱՄԵՐԳ – Յիշատակներու եւ յուզմունքի երեկոյ մը հանդիսացաւ 7 Նոյեմբերի 2015-ը` Թորոնթոյի Centre for Performing Arts – George Weston սրահի ներկաներուն համար: Երաժշտական գնահատանքի երեկոյ մը` նուիրուած մեր բիւրաւոր արուեստագէտներուն, երաժիշտներուն եւ երգահաններուն, որոնք նահատակուած են Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն (1915-1923): Երաժշտական գնահատանքի այս երեկոն ներկայացուց յետ Ցեղասպանութեան հայ երաժիշտներու, այսպէս կոչուած՝ «վերապրող սերունդ»ին տաղանդը։ Միջազգային համբաւ վայելող սոփրանօ Յասմիկ Պապեանն ու ջութակահար Նունէ Մելիքեանը ելոյթ ունեցան Sinfonia Toronto երաժշտական խումբին ընկերակցութեամբ, ղեկավարութեամբ Մաէսթրօ Նուրհան Արմանի:
Հրաշալիօրէն ներկայացուեցան Արամ Խաչատուրեանի, Ալեքսանդր Յարութիւնեանի, Էտուարտ Միրզոյանի, Տիգրան Մանսուրեանի եւ Վաչէ Շարաֆեանի յօրինումները: Համերգի ենթայանձնախումբը, գլխաւորութեամբ Լենա Ուզունեանի, եւ հարիւրամեակի մշակութային յանձնախումբը Մաէսթրոյին հետ գերազանց աշխատանք տարած էին յայտագրի ծրագրումին, եւ անխոնջ աշխատեցան համերգի տոմսերու վաճառման համար:
6. ՄԱՐՔԱՄ ՔԱՂԱՔԻ «ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՊՈՒՐԱԿ»Ի ՀԻՄՆԱՐԿԷՔ – Շաբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2015-ի սաստիկ ցուրտ առաւօտեան, ներկայութեամբ Հարաւային Օնթարիոյի եւ Մեծն Թորոնթոյի շրջանի հայկական կազմակերպութիւններու մօտ 70 ներկայացուցիչներու, ականատես եղանք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած «Յիշատակի Պուրակ»ի հիմնարկէքի արարողութեան, Մարքամ քաղաքի Ashton Meadows հանրային պարտէզին մէջ: Արարողութիւնը սկսաւ ժամը 11:00-ին: Բացման խօսքը արտասանեց Պր. Նշան Աթիքեան, որ երկու տարի առաջ սկսած եւ գլխաւորած էր նախագիծի իրականացման աշխատանքները քաղաքապետարանի հանրային հարցերու յանձնախումբին հետ միասին: Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբի ատենապետ Շահէն Միրաքեան խօսք առնելով, հակիրճ կերպով ներկայացուց հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկները ամբողջ Գանատայի տարածքին: Հայաստանի Հանրապետութեան Թորոնթոյի նորանշանակ հիւպատոս Պր. Ռ. Սվազլեան կարդաց Հայաստանի Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիար Արմէն Եգանեանի շնորհակալական նամակը` ուղղուած Մարքամի քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթիին, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն եւ քաղաքի աշխատակազմին, այս գաղափարը իրականացնելու իրենց աշխատանքին համար:
Քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթի իր ուղերձին մէջ փոխանցեց պատգամը ստեղծուած այս իւրայատուկ «Յոյսի Անտառ»ին, որ նախաձեռնուած էր Մարքամ քաղաքի հայ բնակիչներու կողմէ, նուիրելով 100 ծառեր` որպէս խորհրդանիշ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Ապա քաղաքապետ Սքարփիթի զուգահեռաբար ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որու ընթացքին 1,5 միլիոն հայեր արմատախիլ եղան իրենց հայրենի տուներէն, եւ բնութեան պատճառած աղէտը, որ հարուածած էր Ashton Meadows զբօսայգին եւ չորցուցած առողջ ծառերը: «Հիմա այս նուէրով կու տանք նոր կեանք այս պարտէզին, որպէսզի ան դառնայ կրկին հաճելի տարածք մը Մարքամ քաղաքի բնակիչներուն համար», ըսաւ ան: Քաղաքապետին կողքին, Մարքամ քաղաքի եւ Եորք շրջանի քաղաքապետական խորհուրդի եօթը անդամներ ներկայ էին արարողութեան, որ աւարտեցաւ հողօրհնէքով: Շինարարութիւնը եւ ծառատնկումը պիտի կատարուին յառաջիկայ գարնան:
7. ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ` THE CALL FROM ARMENIA: Canadian Response to the Armenian Genocide – Այս նոր գիրքը, հրատարակութիւն` Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմնին, ուսումնասիրութիւն մըն է Արամ Աճէմեանի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան առնչուած արխիւային փաստաթուղթերու, որոնք կը գտնուին գանատական պատմագրութիւններու, պետական արխիւներու եւ զանազան հրատարակութիւններու մէջ: Գիրքը կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ, Ցեղասպանութեան տարիներուն (1915-1923) եւ յետագային Գանատայի կողմէ կատարուած մարդասիրական աշխատանքներն ու դերը` օգտակար դառնալու Ցեղասպանութենէն ճողոպրած բեկորներուն, նաեւ «Ճորճթաունի Տղաքը» եւ անոնց ներգաղթն ու տեղաւորումը Գանատայի մէջ: Շնորհահանդէսը կազմակերպուած էր Sara Corning ցեղասպանական կրթութեան հիմնարկին հետ գործակցաբար։ Գիրքը ներկայացուեցաւ Պր․ Արամ Աճէմեանի կողմէ 21 Փետրուար 2016-ի յետմիջօրէին, իսկ Պր․ Ռաֆֆի Սարգիսեան ներկայացուց գիրքին կարեւորութիւնը` գանատական վարժարաններէ ներս օգտագործելու զայն իբրեւ աղբիւր Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթի դասաւանդման։
Տակաւին կան հարիւրամեակին առնչուած փոքր ծրագիրներ եւ միջոցառումներ, որոնք չիրականացան 2015 տարուան ընթացքին եւ պիտի աւարտին 2016-ին. սակայն յանձնախումբը պիտի եզրափակէ իր գործունէութիւնը բարոյական եւ նիւթական հաշուետուութեամբ Հարաւային Օնթարիոյի մեր համայնքներուն, որոնք մասնակցեցան եւ քաջալերեցին մեր բոլոր նախաձեռնութիւնները: Հարիւրամեակի Յանձնախումբը եւ անոր բոլոր ենթայանձնախումբերու անդամները աշխատեցան ներդաշնակութեամբ եւ նուիրումով, տրամադրեցին իրենց ժամանակը, որպէսզի պատշաճ ձեւով յիշուի Ցեղասպանութեան նահատակներուն, ներկայիս` սուրբերուն, յիշատակը: Շնորհակալութիւն ձեր քաջալերանքին, մասնակցութեան եւ նիւթական օժանդակութեան համար:
ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ.-
Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Օնթարիոյի Յանձնախումբին կողմէ ծրագրուած ձեռնարկներու կողքին, տեղի ունեցան բազմաթիւ ձեռնարկներ` կազմակերպուած Հարաւային Օնթարիոյի եւ Թորոնթոյի հայ համայնքի տարբեր կազմակերպութիւններու կողմէ: Բոլոր կազմակերպութիւններուն մօտ համագործակցութեան ոգին ներկայ էր ամբողջ տարուան ընթացքին: Ստորեւ այն հիմնական ձեռնարկները, որոնք հովանաւորուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Օնթարիոյի Յանձնախումբին կողմէ.–
1. «ԱԶԳԻ ՈԳԻՆ» պարային փառատօն – Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբը եւ պարի ակադեմիայի հինգերորդ տարուան ելոյթը, գեղարուեստական ղեկավար ու պարուսոյց Լոռի Նաճարեանի գլխաւորութեամբ, ներկայացուցին Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր մարզերու եւ շրջաններու ժողովրդական պարերը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հայ Կեդրոնին մէջ, 27 եւ 28 Յունիս 2015-ին։
2. ՄԹՆՇԱՂԷՆ ԱՐՇԱԼՈՅՍ – Երաժշտական երեկոյ` կազմակերպուած Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կողմէ, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Ձեռնակը տեղի ունեցաւ 28 Յունիս 2015-ին եւ ներկայացուց հայկական սիրուած ու դասական երգեր:
3. ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼՈՒՌ ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ – 12 Սեպտեմբեր 2015-ին տեղի ունեցաւ յատուկ դասախօսութիւն-ներկայացում մը Պր. Զաւէն Խանճեանի կողմէ, գործադիր տնօրէն AMAA-ի, նիւթ ունենալով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած մտաւորականութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնը հայ ժողովուրդին վրայ: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կողմէ:
4. ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔԸ ՌՈՒՍԻՈՅ, ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԲԽԱԶԻՈՅ ՄԷՋ – Դասախօսական երեկոյ` Վերապատուելի Դոկտ. Ռընէ Լեւոնեանի, որ ներկայացուց հայ համայնքներու կեանքը Ռուսիոյ, Վրաստանի եւ Աբխազիոյ մէջ: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կողմէ, որ տեղի ունեցաւ 25 Սեպտեմբեր 2015-ին:
5. ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ – Այս եզակի ձեռնարկը, կազմակերպուած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) եւ Ճատրակի Ակումբին կողմէ, տեղի ունեցաւ Հայ Կեդրոնին մէջ 27 Սեպտեմբեր 2015-ին, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն: Մրցաշարքին մասնակցեցան աւելի քան 100 հայ եւ ոչ-հայ ճատրակ խաղցողներ, ներառեալ՝ մէկ կրանտմասթըր եւ գանատացի առաջնակարգ խաղցողներ: Մրցաշարքը ուղղակիօրէն սփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ (Webcast).
6. ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՄԱՐԱԹՈՆ – Ամէն տարի Հ.Մ.Ը.Մ-ը կը մասնակցի Scotia Bank Toronto Waterfront մարաթոնին: Այս տարի հայ մասնակցողները վազեցին եւ քալեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: 18 Հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 6:30-ին հանրակառքերը ուղղուեցան դէպի մարաթոնի վայրը: Աւելի քան 300 հայորդիներ մասնակցեցան այս տարուայ վազք-քայլարշաւին, ներկայացնելով մրցոյթի մասնակիցներու ամենաբազմանդամ խումբը:
7. ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ – Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին կազմակերպած էր մշակութային երեկոյ մը 25 Հոկտեմբեր 2015-ին, նուիրուած տիեզերական վարդապետ եւ աստուածաբան Ս. Գրիգոր Նարեկացիին, ինչպէս յայտարարած էր Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը։ Օրուան բանախօսն էր Գերապատիւ Անտոն Ծ. Վրդ. Ադամեանը` Պոսթոնէն, Միացեալ Նահանգներ։
8. ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ – 30 Հոկտեմբեր 2015-ին, Ուսուցչաց Միջազգային Օրը նշուեցաւ Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկը կազմակերպած էր Օնթարիոյի Հայ Ուսուցիչներու Միութիւնը (ACTAO): Մեծարանքի արժանացան Դոկտ. Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլը, Դոկտ. Ալըն Ուայթհորնը, Դոկտ. Լորն Շիրինեանը եւ Պր. Ճորճ Շիրինեանը` Հայոց Ցեղասպանութեան իրենց նուիրաբերած գիտական աշխատանքներուն համար: Օնթարիոյի Հայ Ուսուցիչներու Միութեան երիտասարդ անդամները պատրաստած էին յատուկ տեսերիզ մը, ուր կը ներկայացուէին Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ մտաւորականներ եւ ուսուցիչներ: Օրուան բանախօսն էր Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմնի ատենապետ Պր. Մհեր Գարագաշեանը:
9. ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ «ՆՈՒՌ» ՖԻԼՄԻ ՓԱՌԱՏՕՆ – Այս տարուան «Նուռ» ֆիլմի փառատօնը նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Ձեռնարկը տարածուեցաւ մէկ շաբթուան վրայ` 16-էն 22 Նոյեմբեր 2015: «Նուռ» ֆիլմի փառատօնը հիմնուած է 2006-ին «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան երիտասարդներու կողմէ, որոնք իրենց հետաքրքրութեամբ առնչուած են ֆիլմի եւ մշակոյթի: Յաջորդաբար 9-րդ տարին ըլլալով, այս փառատօնը եզակի ձեռնարկ մըն է, ուր կը ցուցադրուին հայկական թեմայով ֆիլմեր: Այս տարուան ընտրուած ֆիլմերն ու վաւերագրական ժապաւէնները ներշնչուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան թեմաներէ:
10. «ՏՈՀՄԻԿ ՕՐ» – Կազմակերպուած` ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կողմէ։ Ձեռնարկը նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին եւ ձօնուած արուեստին եւ մշակոյթին Արեւմտահայաստանի 10 նահանգներուն եւ հայաբնակ շրջաններուն: Տեղի ունեցաւ 5 Դեկտեմբեր 2015-ին, Հայ Կեդրոնէն ներս:
Եւ վերջապէս, վստահ եմ կային յիշատակի այլ ձեռնարկներ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, որոնք կազմակերպուած էին Հարաւային Օնթարիոյի հայկական զանազան կազմակերպութիւններու կողմէ։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՕՆԹԱՐԻՈՅԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ