Սինճարի (իրաք) հայերը


Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին համաձայն «Հիւսիսային Իրաքի Սինճար քաղաքի միակ հայկական եկեղեցին՝ Ս. Մարիամ Աստուածածին կաթողիկէ եկեղեցին, հիմնայատակ քանդուած է։ Վերջերս եկեղեցւոյ մէջ ի յայտ եկած են տասնեակ մարդոց կմախքներ, եւ կը կարծուի, որ այդ աճիւնները կը պատկանին այդ շրջանը ապրած եզիտիներու»։ Թերթը կը յիշեցնէ, որ շրջանը ազատագրուեցաւ «Իսլամական պետութեան» տիրապետութենէն անցեալ տարուայ Նոյեմբերին իսկ նախքան «Իսլամական պետութեան» զինեալներու մուտքը այդ շրջան, հայ բնակչութիւնը հեռացած էր այդտեղէն։

Որպէս Իրաքի հայոց Ազգային Իշխանութեան նախկին փոխ ատենապէտ եւ վերոյիշեալ շրջանին մէջ տարիէ մը աւելի պաշտօնավարած,  հետեւեալ ճշգրիտ տեղեկութիւնները կուզէի յիշատակել շրջանի մեր գաղթօճախի մասին:

Սինճարը  կը գտնուի Մուսուլի հիւսիս արեւմտեան կողմը, 100 քիլոմեթր հեռու եւ բնակչութեան մեծամասնութիւնը եզիտիներ են: Եղեռնի տարին Տէր Զօրի արհաւիրքներէն մազապուրծ ազատած եւ հոս հասած բազմաթիւ հայ գաղթականներ՝ արեւմտեան Հայաստանի զանազան քաղաքներէն, մեծամասնութիւնը Մերտինէն, ազատուած ու պատսպարուած են տեղացիներու կողմէ: Ան՝ Իրաքահայ կաթողիկէ համայնքի երկրորդ մեծ բնակատեղին էր Իրաքի մէջ ուր հաստատուած են եւ եկեղեցի կառուցած 1930ին  Ս. Գէորգ Նահատակ (եւ ոչ թէ Ս. Մարիամ Աստուածածին) անունով որ կը գործեր մինչեւ 2000 թուական: Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւներու համաձայն անոնց թիւը մօտ հարիւրի կը հասնէր:

Առ այդ շատ հաւանական է որ քանդուած եկեղեցիի մէջ յայտնաբերուած կմախքները կը պատկանին ցեղասպանութենէն փրկուած այս գաղթօճախի մեր տարագիրներուն եւ ոչ թէ տեղացի եզիտիներու:

1972ին որպէս պետական բժիշկ պաշտօնավարած եմ Սինճարին պատկան Սունունի կոչուած գիւղ-կեդրոնի բուժարանին մէջ: Երբ ազգութիւնս ճանչցուեցաւ շրջանին մէջ, կարգ մը «այցելուներ» ունեցայ նախ մօտակայ ապա հեռու գիւղերէն, զիս «իրենց հայրենակից»ը տեսնելու ու լսելու համար … բոլորը կորսուած հայեր, որոնք Սինճար լեռը ապաստան գտած էին արհաւիրքի օրերուն, եզիտիներուն պաշտպանութեան ապաւինելով  կեանքերնին փրկած եւ … անոնց հոգատարութեան ընդմիշտ երախտապարտ: Ասոնցմէ մանաւանդ Խաչօն կանօնաւորապէս կ’այցելէր զիս ուրբաթ օրերուն ու երկար կը պատմեր եզիտի «թարգմանիչիս» օգնութեամբ իր ու իր «ազիզներ»ուն ինչպէս կանուանէր գլխուն եկած աղէտէն: Ան փոքր տարիքին հոս ապաստան գտած էր: Իր պատմելով նոյնիսկ անունը չգիտեր, հետեւապէս ըստ իր յիշողութեան գաղթի ճամբուն կորցրած իրմէ մեծ եղբօր անունը որ լսած էր Խաչօ կը կանչէին, իրեն վրայ առած էր իր ինքնութիւնը յաւերժացնելու համար:

Քարտինալ Աղաջանեան այցելած է Սինճարի հօտը 1940ի աշնան, Իրաք կատարած հովուական այցելութեան միջոցին: Ինքս ալ անձամբ այցելած եմ եկեղեցին պաշտօնավարութեանս ընթացքին ու հանդիպած  հաւատացեալ հայրենակիցներու որոնք կը խօսէին տեղացիներու քրտերէն Զազա լեզուն: 

Տոքթ. Վեհունի Մինասեան

 



Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.