Արցախի Ճարտար գիւղին մէջ կը կառուցուի նոր եկեղեցի


«Հայկական գիւղերի զարգացման հիմնադրամ»ը եւ նոյն կազմակերպութեան հիմնադիր-ղեկավար, ռուսաստանաբնակ բարերար Վլատիմիր Աւագեան վերջին տարիներու ընթացքին Արցախի զարգացման ուղղուած ներդրումային մեծ ծրագիրներ կ՚իրականացնեն: Հիմնադրամին նպատակը արցախցիներու աւելի բարեկեցիկ կեանք ապահովելն է, յատկապէս հոգևոր, կթական, առողջապահական եւ մշակութային հիմնարկներու կառուցումն ու վերանորոգումը:

Հիմնադրամի միջոցներով Արցախի Մարտունիի շրջանի Ճարտար գիւղի փոքրիկներուն համար 100 աշակերտ ընդունող մանկապարտէզ կառուցուած է, վերանորոգուած է տեղամասային բժշկական կեդրոնը, քաղաքապետարանի շէնքը, ընթացքի մէջ է եռայարկ երկու բնակելի շէնքի շինարարութիւնը:

2015-ին Ճարտարի մէջ հիմը դրուեցաւ նոր կառուցուող եկեղեցիին: Սուրբ Վարդանանց եկեղեցին կը կառուցուի Ճարտարի կեդրոնական հատուածին մէջ։ Շինարարութեան պատուիրատուն «Հայկական գիւղերի զարգացման հիմնադրամ»ն է, իսկ վերահսկողութեան պատասխանատուն` ԼՂՀ քաղաքաշինութեան նախարարութեան Քաղաքաշինական պետական տեսչութիւնը: Եկեղեցւոյ շինարարութեան ընթացքին պետութիւնը պիտի տրամադէ տեղական շինանիւթ: Եկեղեցւոյ շինարարութիւնը կը նախատեսուի աւարտել 2017 թուականին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.