Այսօր Կարօտը կը դառնար 52 տարեկան
19 փետրուար 1964-ին Սուրիա ծնած Կարօտ Մկրտչեան դաստիարակուած էր հայրենասիրական ոգիով եւ չէր կրնար հայրենիքէն հեռու ապրիլ: Իր ընտանիքը 60-ականներուն հայրենադարձ կը դառնայ եւ կը հաստատուի Պռոշեան աւան։ Արցախեան շարժման առաջին օրերուն Կարօտ կը դառնայ երդուեալ դաշնակցական: Հայրենիքին հանդէպ իր ունեցած անսահման սէրը կը ստիպէ իրեն մասնակցելու արցախեան ազատամարտին եւ պաշտպանելու հայրենիքը եւ հայու պատիւը: 1990-ի աշնան Պռոշեանի իր ընկերներուն հետ արդէն Արցախ կը գտնուէր:
Ան Պռոշեանի դաշնակցական ջոկատներու ընդհանուր հրամանատարն էր, իսկ 1991-ին կը նշանակուի Աշոտ Ղուլեանի 1-ին վաշտի գրոհային դասակի հրամանատար:
1990-ի աշնան Կարօտ եւ իր խումբի ազատամարտիկ տղաքը կը մեկնին Հիւսիսային Արցախ, ուր Շահէն Մեղրեանի հրամանատարութեամբ կը համալրեն Շահումեանի պաշտպանական ուժերը: 1991-ի Ապրիլի 18-ին Պռոշեանի, Բաղրամեանի, Հրազդանի ջոկատները կը միանան Գետաշէնի՝ Թաթուլ Կրպէեանի հրամանատարութեան տակ գտնուող խումբերուն:
Վերջին մարտը կը մղէ Շահումեանի մէջ, 1992-ի Յունիս 13-ին։ Անյայտ կը կորսուի կռուի ընթացքին։
Պարգեւատրուած է ԼՂՀ «Մարտական խաչ»ի առաջին կարգի շքանշանով եւՀՀ «Մարտական խաչ»ի երկրորդ կարգի շքանշանով։
Հրամանատար էր` ռազմական բնատուր տաղանդով։ Մարտիկ էր անյաղթ եւ առաջնորդ։