Դաշնակցական Նախարարներուն Անունները Արդէն Յայտնի Են


Տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տարանջատումը Դաշնակացութեան եւ Հանրապետականի համագործակցութեան առաջին արտայայտութիւնն է: Այս մասին «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին նշած է ԱԺ Դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ այդ ոլորտներու տարանջատումէն ետք Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար պիտի նշանակուի դաշնակցական Դաւիթ Լոքեանը:

Արմէն Ռուստամեանի փոխանցմամբ, Հանրապետականի հետ համագործակցութեան ծիրէն ներս, Տարածքային կառավարման նախարարութենէն բացի եւս 2 ոլորտ պիտի տրուի Դաշնակցութեան`  խօսքը կրթութեան եւ գիտութեան ու տնտեսութեան նախարարութիւններուն մասին է:

Դաշնակցական պատգամաւորը հաստատած է, որ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար պիտի նշանակուի Լեւոն Մկրտչեանը, Տնտեսութեան նախարար` Արծուիկ Մինասեանը: ՀՅԴ-ին պիտի տրուին նաեւ Արագածոտնի եւ Շիրակի մարզերպետներու պաշտօնները:

Յառաջիկային Հանրապետականի եւ Դաշնակցութեան միջեւ ստորագրուելիք փաստաթուղթը կը կոչուի «Քաղաքական համագործակացութեան մասին համաձայնագիր»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.