Մխիթարեանի Փոխանցման Արժէքը Բարձրացաւ


Հենրիխ Մխիթարեան (ձախէն` երկրորդը)

Հենրիխ Մխիթարեան (ձախէն` երկրորդը)

Transfermarket.de կայքին համաձայն, Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցման արժէքը 6 միլիոն եւրօ բարձրանալով այժմ հասած է 28 միլիոն եւրոյի:

Այս առնչութեամբ ArmSport.am կ՛աւելցնէ, որ ասիկա 27 տարեկան ֆութպոլիստին արհեստավարժ ասպարէզին ամէնէն բարձր ցուցանիշն է:

Նշենք, որ ընթացիկ տարեշրջանին Պորուսիայի հետ իր կատարած 33 մրցումին ընթացքին Մխիթարեան ցարդ նշանակած է 18 կոլ եւ կատարած կոլի 17 արդիւնաւէտ փոխանցում:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.