Յովհաննէս Թ. Հինդլեան (1866-1950). Մարդակերտման Ու Հայակերտումի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հանգանակին Յառաջապահը
«Ազատութիւնն ամէնէն մեծ բարիքն է մարդուն համար, եթէ գիտէ զայն գործածել։ Իսկ երբ ազատութիւնն ընդունող ժողովուրդը տղայ է եւ խաղալիկ մը կը կարծէ զայն, այն ատեն ազատութիւնն ամէնէն ձախող արդիւնքները կրնայ ունենալ։ Վկայ է պատմութիւնը։
«Ազատութիւնն անկարգապահութիւն եւ անիշխանութիւն չէ։ Ազատութիւնն ինքնակամ հպատակութիւնն է օրէնքին, որ զմեզ կը պահպանէմեզմէ իւրաքանչիւրին ներսիդին մրափող բարբարոսութեան դէմ։ Լրջութեամբ, անկեղծութեամբ, հանդարտութեամբ աշխատակցիլ քաղաքակրթութեան յառաջդիմութեան, ահա՛ Ազատութիւնը։ Հեստել (չհնազանդիլ) օրէնքներուն, պոռալով պոռչտելով, կիրքերու անձնատուր ըլլալով, ահա՛ բարբարոսութիւնը, ահա՛ անիշխանութիւնը։ Ազատութիւնը պատասխանատուութեան արտաքսում չէ. ընդհակառակը, որքան աւելի ազատ ըլլայ մարդ՝այնքա՛ն աւելի պատասխանատուութիւններ ունի։ Քիչ մը մտածել կը բաւէ՝համոզուելու համար այս ճշմարտութեան»։
Ազատ Մարդու եւ Ազատ Հայու այսպիսի՛ խոր եւ իրա՛ւ ընկալումով ու պատկերացումով ապրեցաւ եւ գործեց հայ ժողովուրդի մեծ զաւակներէն Յովհաննէս Թ. Հինդլեան, որուն մահուան 66-րդ տարելիցը կ’ոգեկոչենք 16 Փետրուարին։ Ի դէպ, այս տարի կը լրանայ ծննդեան 150-ամեակը արժանաւոր այս Հայուն։
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գաղափարական ու բարոյական աւանդներու հունաւորման մէջ գլխաւոր ներդրում ունեցած հիմնադիրներու շարքին իր առանձնայատուկ տեղը կը գրաւէ Յովհաննէս Թ.Հինդլեան, որ 16 Փետրուարի այս օրը, 1950-ին, Պոլսոյ մէջ հրաժեշտ տուաւ մեր աշխարհին։
Յ. Հինդլեան արդէն հաստատուած հեղինակութիւն էր 1918-ին, երբ միացաւ մեր ժողովուրդի նոյնքան արժանաւոր մեծերէն Շաւարշ Քրիսեանի եւ Գրիգոր Յակոբեանի հետ՝ հոյլ մը նուիրեալներու անձնդիր ջանքերով հիմնադրելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, իբրեւ միաժամանակ մարզական եւ սկաուտական կազմակերպութիւն։ Անոնց նպատակն էր ի մի բերել եւ, ազգային-քաղաքական ու ընկերային-բարոյական վսեմ գաղափարներու դրօշին տակ, ընդհանուր եւ մէկ մեծ կազմակերպութեան մէջ համախմբել մինչ այդ Պոլսոյ թէ հայաշխարհի տարածքին առաջացած հայ մարզական եւ սկաուտական միութիւնները։
Հինդլեան ծնած էր 1866-ին՝ Պոլիս։ Նորահաստատ «Պէրպէրեան» վարժարանի անդրանիկ եւ շնորհալի սաներէն էր, որ կանուխէն նետուեցաւ մանկավարժական ասպարէզ՝ իր ժամանակի ազգային ամէնէն յառաջադէմ գաղափարներով սերունդ հասցնելով։
Նորահաս սերունդը ազգային ոգիով եւ գաղափարական ու բարոյական վսեմագոյն արժէքներով դաստիարակելու առաքելութեան ամբողջապէս նուիրուած մեծ մանկավարժը, 5 Հոկտեմբեր 1909-ին, 1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեամբ հաստատուած համեմատաբար ազատ գործունէութեան պայմաններէն օգտուելով, Գալուստ Մալաթեանի հետ գործակցաբար հիմըդրաւ Պոլսոյ հայոց «Նոր Դպրոց» վարժարանին, որուն կոչումն ու առաքելութիւնը Հինդլեան առիթով մը տարազած է հետեւեալ պարզ, այլեւ խորիմաստ խորհրդածութեամբ.-
«Գիտական միտք, որքա՜ն հազուագիւտ բան մըն է ան տակաւին մարդոց մէջ։ Որքա՜ն յաճախ շպարն իբր իրականութիւն, ձեւն իբր հիմ, խօսքն իբր գործ կ’ընդունինք։ Որքա՜ն յաճախ կը բռնուինք շողշողուն, կախարդիչ տրամասացութիւններու ոստղէն…։ Առանց շատ հեռուներն երթալու, հաշուենք անգամ մը, թէ Սահմանադրութեան վերահաստատութենէն ի վեր որքա՜ն անգամներ սխալեցանք, խաբուեցանք եւ տուժեցինք, միմիայն գիտական մտքի պակասութեամբ, այսինքն՝ միմիայն անոր համար, որ մեր կիրքերուն անձնատուր եղանք տղու մը պէս, փոխանակ մեր զգացումները բանականութեան հակակշռին ենթարկելու. միմիայն անոր համար, որ դրական պարագաները միայն ուզեցինք տեսնել, փոխանակ հաշուի առնելու ժխտական պարագաներն ալ. միմիայն անոր համար, որ կեղծն անկեղծէն զանազանելու չափ յստակատեսչկրցանք ըլլալ…»
Յովհաննէս Հինդլեան արդարօրէն Ուսուցչապետ հռչակուեցաւ իր ժամանակակիցներուն կողմէ։ Եւ պատահական չէր, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան իրյառաջատար մասնակցութիւնը բերելով՝ Հինդլեանի ներդրումը մեծ եղաւ նորաստեղծ կազմակերպութիւնը «Բարձրացիր՝ Բարձրացուր» նշանաբանովզինելու գործին մէջ։
Եթէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը Սփիւռքի տարածքին իրաւամբ դարձաւ նորահաս մեր սերունդներուն մարդակերտումի եւ հայակերտումի գլխաւոր հնոցներէն մէկը, բացատրութիւնը պէտք է փնտռել Հինդլեանի պայծառատեսութեամբ գաղափարակիրներու հաստատած հիմնարար արժէքներուն եւ սկզբունքներուն մէջ։ Ազգային-հասարակական գործիչի Հ.Մ.Ը.Մ.-ական կերպարը սնանեցաւ եւմիս ու ոսկոր կապեց Հինդլեաններու պատգամներով, որոնց շարքին, օրինակ՝
«Խօսած ըլլալու համար խօսիլ… Այս հիւանդութիւնը ուրիշ ձեւ մ’ալ ունի։ Որովհետեւ պէտք է, որ անպատճառ խօսինք, չենք անդրադառնար նախապէս՝մեր ըսելիքին վրայ, հսկողութիւն ի գործ չենք դներ մեր ուղեղին վրայ, որ աշխարհիս ամէնէն չարաճճի բանն է. տղու մը պէս ազատ մուտք կու տանք մեր գանկին մէջ՝ ամէն տեսակ գաղափարներու։ Մինչեւ հոս վնաս չկայ ժողովին համար, բայց գէշն հոն է, որ մեր գանկին մէջ անոնց մուտք տալէ վերջ՝ ժողովասրահին մէջ ալ ազատ մուտք կու տանք անոնց, ինչ որ անիրաւութիւն մըն է, բռնաբարութիւն մըն է հանդէպ Ժողովին։ Ժողովն իրաւունք ունի պահանջելու, որ մեր ըսածները տրամաբանական ըլլան նախ, եւ յետոյ՝ տրամաբանօրէն առնչութիւն ունենան քննելի խնդրոյն հետ։ Որչա՜փ իրաւունք ունի Ռընան, երբ կ’ըսէ. «Ամէն ինչ առատ է, բացի ողջմտութենէն»։ Եւ որչափ սիրելի են մեզ մեր այն (ազգային) երեսփոխանները, որոնց մէջ որոշ կերպով կը տեսնուի այդ չքնաղ բարեմասնութիւնը։ Բայց որքա՜ն աւելի սիրելի պիտի ըլլային անոնք մեզ, եթէ Գրիգոր Զօհրապ էֆէնտիին պէս՝ իրենց ողջմտութեան միացնէին խօսքերու սեղմութիւնը։ Ունկնդիր երեսփոխանները դպրոցականներ չեն վերջապէս, եւ ատենաբան երեսփոխանները տեսակ մը թշնամանք ըրած կ’ըլլան անոնց՝ անհարկի եւ անվերջանալի մանրամասնութիւններով եւ կրկնութիւններով երկարելով իրենց պատճառաբանութիւնը»։
Շեշտը դնելով «առողջ մարմնի մէջ առողջ միտք» մշակելու հրամայականին վրայ՝ Հինդլեան եւ իր ընկերները Հայաստանի ու հայութեան պաշտամունքը դարձուցին կիզակէտը իրենց հիմնադրած համահայկական շարժումին։
Հազիւ կազմուած՝ անոնք յատուկ պատուիրակութիւն մը առաքեցին Երեւան, որպէսզի նորահաստատ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ անհարժեշտ համակարգումը առաջացնեն։
Այդպէս ալ եղաւ։
Այդ ճամբով նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ. մարմնաւորեց Դաշնակցութեան գաղափարականօրէն ուղեկից այն շարժումը, որ դէպի հայ լեզուն եւ հայ մշակոյթը, դէպի հայկական ասպետութիւնն ու Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը լարեց սիրտն ու միտքը, բազուկն ու քայլերը հայութեան նորահաս սերունդներուն՝ ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի։
Քեմալականութեան «յաղթարշաւ»էն եւ Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայութեաներկրորդ տարագրութենէն ետք, Յ. Հինդլեան դուրս չեկաւ Պոլիսէն եւ մինչեւ մահ, իր հիմնադրած Պոլսոյ «Նոր Դպրոց»ով, հաւատարիմ մնաց իր պաշտած արժէքներով սերունդ հասցնելու առաքելութեան։
Մարդակերտումի եւ Հայակերտումի իր գաղափարախօսութիւնն ու պատգամը առաւելագոյնս խտացնող՝ «Արդարակշիռ Ազգասիրութիւնը» խորագրով Յ. Հինդլեանի աշխատասիրութենէն քաղուած հետագայ խորհրդածութեամբ կ’արժէ եզրափակել մեծարժէք Հայուն ոգեկոչման նուիրուած յուշատետրի այսօրուան էջը.-
«Ազգին ներկայ ճգնաժամին մէջ, իրաւունք չունինք իմաստասիրական¬ընկերային առաւել կամ նուազ յանդուգն տեսութիւններով զբաղելու, եւ ժողովուրդին արդէն գրգռուած երեւակայութիւնն ա՛լ աւելի գրգռելու։ Ազգասիրութիւնն իրողութիւն մ’է, եւ կարեւոր եղող բանն է ոչնչացնել այն նախապաշարումներն որոնք, մակաբոյծներու պէս փակած ազգասիրութեան, անորարիւնը կը քամեն։ Նպատակս է մէկ երկու խօսքով ցոյց տալ այդ նախապաշարումներէն մէկ քանին եւ ցայտեցնել արդարակշիռ ազգասիրութիւնը։
«Շատերու համար ազգասիրութիւնն ուրիշ բան չէ, բայց եթէ խօլ կիրք մը, եւ շատ մը խոհական, այսինքն ճշմարիտ ազգասէրներ, որոնք ջղագրգիռի յատուկ շարժուձեւերով ու խօսքերով չեն արտայայտեր իրենց ազգասիրութիւնը, Ազգին շահերուն հանդէպ անտարբերներ կը նկատուին, իսկ եթէ Ազգին թերութիւնները քննադատեն անոնք, ազգատեացներ կը համարուին։ Ընդհակառակն՝ դրուտեաց կայթերու եւ հիացման կ’արժանան անոնք, որոնց ազգասիրութիւնն ի յայտ կու գայ մասնաւոր ջղագրգռութեամբ եւ թերակշիռ լաւատեսութեամբ կամ յոռետեսութեամբ։
«Արդ, ազգասիրութիւնը, ճշմարիտ, արդիւնաւոր ազգասիրութիւնն աւելի բանականութիւն է քան զգացում, այսինքն զգացում մ’է, որ այն ատեն միայն կ’ըլլայ օգտակար՝ երբ բանականութենէն կը կառավարուի»։
Նազարէթ Պէրպէրեան