Ճատրակ. Արոնեան Արձանագրեց Հաւասարութիւն Մը Եւ Յաղթանակ Մը
921
0
Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցող ճատրակի գերմրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան 3-րդ հանգրուանին, որուն ընթացքին կը մրցէր ճերմակ քարերով, հաւասարութիւն մը արձանագրեց Անիշ Կիրիի (Հոլանտա) հետ:
4-րդ հանգրուանին սակայն, Արոնեան սեւ քարերով յաղթեց Ալեքսէյ Շիրովի (Լաթվիա):
4-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ Արոնեան 4 կէտով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին յաղթանակի համար կը տրուի 2 կէտ, մինչ հաւասարութեան պարագային` 1 կէտ: