ՀՕՄ-ի «Սօսէ» Մանկապարտէզի Նոր Շէնքի Շինարարութիւնը Պիտի Աւարտի 2017-ին


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Ստեփանակերտի մէջ «Սօսէ» մանկապարտէզի նոր շէնքի շինարարական աշխատանքները բաւական յաջող կերպով ու թափով կը շարունակուին: Ճարտարապետը ընթացքը գոհացուցիչ կը նկատէ: Ասիկա այն եզակի կառոյցներէն է, որ նախագծային փոփոխութիւններու չենթարկուեցաւ: Ճարտարապետին համաձայն՝ նախադպրոցական հաստատութիւնը ժամանակակից պայմաններուն համապատասխանող պիտի ըլլայ:

Ստեփանակերտի նախկին «Սօսէ» մանկապարտէզը կարելիութիւն ունէր իր յարկին տակ առաւելագոյնը 100 մանուկ ընդունելու, իսկ նոր կառուցուող նախակրթարանը աւելի մեծ թիւով երեխաներ ընդունելու կարելիութիւն պիտի տայ։ 

 Հայ Օգնութեան Միութեան կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող եւ յաջողած ծրագիրներէն մէկը «Սօսէ» մանկապարտէզներու ծրագիրն է: Ներկայիս Արցախի մէջ կը գործեն 8 մանկապարտէզներ՝ Ստեփանակերտի, Շուշիի, Մեծ Թաղերի, Տողի, Ակնաբերդի, Աշանի, Խնձրիստանի եւ Քարեգահի մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.