Արա Պապեան. «Ռուս-թրքական Մոսկուայի Համաձայնագիրի Ջնջումով Հայաստանը Պիտի Շահի»


”Սփութնիք” կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Տումայի երեսփոխանները վերջերս Ռուսիոյ նախագահին առաջարկած են ջնջել Մոսկուայի 16 մարտի 1921-ի ռուս-թրքական համաձայնագիրը։ Իրաւաբան Գանատայի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան Արա Պապեանը կը կարծէ, որ այդ պայմանագիրի ջնջումէն Հայաստանը միայն պիտի շահի։

”Մոտուս Վիվենտի” կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեան այն կարծիքը յայտնեց, որ Մոսկուայի համաձայնագիրը, ըստ էութեան‚ արդէն ուժի մէջ չգտնուող փաստաթուղթ է‚ որովհետեւ զայն ստորագրած են ոչ թէ պետութիւններ‚ այլ երկու չճանչցուած ուժեր՝ քեմալականները եւ պոլշեւիկները։

Վերջերս Ռուսիոյ Տումայի Համայնավար կուսակցութենէ երեսփոխաններ Վալերի Ռաշքինն ու Սերկէյ Օպուխովը Ռուսիոյ նախագահին ու արտաքին գործոց նախարարին յղած են նամակ, որով կ’առաջարկեն ջնջել 16 Մարտ 1921-ի ռուս-թրքական բարեկամութեան ու եղբայրութեան մասին համաձայնագիրը։

Պապեանը կ’ողջունէ Մոսկուայի համաձայնագիրը ջնջելու՝ ռուս երեսփոխաններու նախաձեռնութիւնը եւ կը նշէ‚ որ այդ համաձայնագիրը անհեթեթ է իրաւական տեսանկիւնէն‚ որովհետեւ այդ ժամանակ Ռուսիան սահմանակից չէր Թուրքիոյ եւ չէր կրնար որոշել սահմանը մը‚ որ իրեն չէր պատկաներ‚ իսկ Խորհրդային միութիւնը ձեւաւորուած էր աւելի ուշ՝ Դեկտեմբեր 1922-ին։

”Այսինքն՝ երկու իշխանութեան ձգտող ուժեր համաձայնագիր ստորագրած են երրորդ եւ չորրորդ երկիրներու սահմաններու վերաբերեալ”‚ կը բացատրէ իրաւաբանը։

Պապեան յայտնեց‚ որ միշտ կը խօսի այդ համաձայնագիրի երրորդ յօդուածի մասին‚ որով Նախիջեւանի տարածքը իբրեւ խնամատիրութիւն յանձնուած է Ազրպէյճանին։ Ու եթէ Մոսկուայի համաձայնագիրը չեղեալ յայտարարուի‚ ապա Նախիջեւանի Ազրպէյճանին պատկանելիութիւնը կը դրուի հարցականի տակ։

Մոսկուայի համաձայնագիրի 15-րդ յօդուածէն կ’ածանցուի Կարսի պայմանագիրը‚ սակայն Մոսկուայի համաձայնագիրի ջնջումը‚ ըստ Պապեանի‚ չի կրնար համարուիլ Կարսի համաձայնագիրի ջնջում։

”Կարսի համաձայնագիրի ջնջումը աւելի բարդ է‚ որովհետեւ ստորագրուած է քեմալականներու‚ ինչպէս նաեւ Հայաստանի‚ Վրաստանի‚ Ազրպէյճանի կողմէ‚ այսինքն՝ իրաւական տեսանկիւնէն ջնջելու համար այդ երեք երկիրները պէտք է միասնաբար հանդէս գան‚ ինչ որ պիտի չընեն”‚ նշեց ան։

Պապեանի կարծիքով՝ ներկայ պայմաններուն մէջ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է հանէս գան յստակ դիրքորոշումով եւ նշեն‚ որ Կարսի համաձայնագիրը ի սկզբանէ եղած է անվաւեր‚ որովհետեւ Մոսկուայի համաձայնագիրը կնքուած է երկու ոչ պետական ուժերու միջեւ։ Վիեննայի ուխտի՝ համաձայնագիրներու մասին 52-րդ յօդուածը կ’ըսէ‚ որ եթէ համաձայնագիրը կնքման պահուն հակասած է միջազգային հիմնադրոյթին‚ ատիկա ի սկզբանէ անվաւեր է։

”Հայաստանը պէտք է զբաղի իր տարածքային ամբողջականութեան հարցով‚ ատիկա երկիրի սահմանադրական պարտաւորութիւնն է‚ պէտք է խօսի իր սահմաններուն մասին”‚ կ’ընդգծէ դիւանագէտը։

Պապեանը կը նշէ‚ որ այս հոլովոյթին մէջ կարեւոր է‚ որ պիտի փոխուի Նախիջեւանի պատկանելիութեան հարցը‚ որ ներկայ պայմաններուն մէջ պիտի օգնէ Իրանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու զարգացման‚ Հայաստան կրնայ արդէն բարձրացնել Կարսի հարցը‚ կրնայ դիրքորոշում յայտնել Ուիլսընի իրաւարար վճիռի վերաբերեալ։

Նշենք‚ որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի հաշտարար որոշումով Հայաստանի կազմի մէջ կը մտնէր գրեթէ ամբողջ Էրզրումի վիլայէթը‚ Վանի եւ Պիթլիսի վիլայէթներու երկու երրորդը‚ Տրապիզոնի Վիլայէթի մեծ մասը։ Տրապիզոնի նաւահանգիստը կը տրուէր Հայաստանին‚ որուն շնորհիւ Հայաստանը ելք կը ստանար դէպի Սեւ Ծով։ Հայաստանին վերադարձուող տարածքները կը կազմէին 100 հազար քառ. քլմ. տարածք՝ ներկայ 29 հազարի փոխարէն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.