101 տա­րի ա­ռաջ, այսօ­ր, Իթթիհատի Գաղտնի Ժողովը Որոշեց Գործադրել Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Նազարէթ Պէրպէրեան 

Հա­րիւր­մէկ տա­րի ա­ռաջ, ­Փետ­րո­ւար 1915-ի այս օ­րը, Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան Իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան պա­րագ­լուխ­նե­րը գաղտ­նի ժո­ղո­վի հրա­ւի­րե­ցին ի­րենց կու­սակ­ցու­թեան կեդ­րո­նա­կան մար­մի­նը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման ցե­ղաս­պա­նա­կանի­րենց ծրա­գի­րը գոր­ծադ­րու­թեան յանձ­նե­լու «պատ­մա­կան» ո­րո­շու­մը կա­յաց­նե­լու հա­մար։

Իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ե­ռագ­լուխ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կազ­մող ­Մեհ­մետ ­Թա­լէաթ (վար­չա­պետ ու ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար), Իս­մա­յիլ Էն­վեր (պա­տե­րազ­մի նա­խա­րար) եւ Ահ­մէտ ­Ճե­մալ (ծո­վու­ժի նա­խա­րար եւ ­Սու­րիոյ զի­նո­ւո­րա­կան կա­ռա­վա­րիչ) փա­շա­նե­րը խու­ճա­պա­հար վի­ճակ ու­նէին։ ­Կով­կա­սեան ճա­կա­տի վրայ Էն­վեր փա­շա­յի զօր­քե­րը ծանր պար­տու­թիւնկրած էին։ Թր­քա­կան պե­տու­թիւ­նը ի՛նք պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րած էր ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի դէմ, 1914-ի աշ­նան թրքա­կան զօր­քը ձեռ­նար­կած էր իր ար­շա­ւան­քին, բայց ­Յու­նո­ւար 1915-ին ար­դէն սկսած էր նա­հան­ջե­լու եւ ռու­սա­կանզօր­քե­րուն ու հայ կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րուն զի­ջե­լու Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի նա­հանգ­նե­րը։

Հա­մի­տեան շրջա­նի թրքա­կան պե­տու­թեան անգ­լիա­մէտ ու ֆրան­սա­մէտ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կռնակ դար­ձու­ցած եւ, 1912-1913-ի ­Պալ­քա­նեան ­Պա­տե­րազ­միիր պար­տու­թե­նէն վե­րա­կանգ­նե­լու ո­րո­շու­մով, Կայ­սե­րա­կան ­Գեր­մա­նիոյհետ զի­նակ­ցած Իթ­թի­հա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կանգ­նած էին ան­փա­ռու­նակ նոր պար­տու­թեան մը սե­մին։

 

 

Իթ­թի­հատ վէ ­Թե­րաք­քը (­Միու­թիւն եւ ­Յա­ռաջ­դի­մու­թիւն) կու­սակ­ցու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի 8 ­Փետ­րո­ւար 1915-ի այդ գաղտ­նի ժո­ղո­վին (ո­րունման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը բա­ցա­յայ­տո­ւե­ցան Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին Իթ­թի­հա­տա­կան իշ­խա­նու­թեանց յան­ցանք­նե­րը մեր­կաց­նող դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին), Էն­վեր փա­շա ա­հա­զանգ հնչե­ցուց թրքա­կան պե­տու­թեան սպառ­նա­ցող օր­հա­սա­կան վտան­գին դէմ։ Ա­րեւ­մուտ­քէն եւ հա­րա­ւէն Անգ­լիան ու Ֆ­րան­սան, իսկ հիւ­սի­սէն ու ա­րե­ւել­քէն ­Ռու­սաս­տա­նը պա­շար­մանօ­ղա­կը սկսած էին ծայր աս­տի­ճան սեղ­մել թրքա­կան պե­տու­թեան շուրջ, ո­րունու­ժաս­պառ ան­կու­մը ան­խու­սա­փե­լի դար­ձած էր՝ ա­րա­գաց­նե­լով Օս­մա­նեանԿայս­րու­թեան ամ­բող­ջա­կան ան­դա­մա­հա­տու­մը։

Իթ­թի­հա­տի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ո­րո­շու­մով՝ տա­րի մը ա­ռաջ ար­դէն, 1914ի ­Փետ­րո­ւա­րին, ստեղ­ծո­ւած էր այս­պէս կո­չո­ւած «Ե­րե­քի ­Գոր­ծա­դիր ­Կո­մի­տէ» մը՝ տոքթ. ­Նա­զը­մի, ­Շա­քիր ­Պե­հաէտ­տի­նի եւ Միտ­հաթ ­Շիւք­րիիմաս­նակ­ցու­թեամբ: ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թիւ­նըման­րա­մաս­նօ­րէն նա­խա­պատ­րաս­տե­լու կո­չո­ւած էր այդ մար­մի­նը, որ կա­ռա­վա­րող ե­ռա­պե­տու­թեան՝ ­Թա­լէա­թի, Էն­վե­րի եւ ­Ճե­մա­լի ան­մի­ջա­կան հսկո­ղու­թեան տակ, լծո­ւած էր Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ամ­բողջ հա­յու­թեանտե­ղա­հա­նու­թիւնն ու ջար­դը պե­տա­կա­նօ­րէն ծրա­գրե­լու եւ կազ­մա­կեր­պե­լուաշ­խա­տան­քին։ ­Կո­մի­տէն օժ­տո­ւած էր ա­մե­նա­լայն լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րով։ ­Ման­րա­մասն մշա­կած էր հա­յե­րու տե­ղա­հա­նու­թեան եւ ոչն­չաց­ման բո­լորգործ­նա­կան քայ­լե­րը՝ յստա­կաց­նե­լով տե­ղա­հան­ման ժամ­կէտ­նե­րը ըստ շրջան­նե­րու, տե­ղա­հան­ման ու­ղի­նե­րը եւ վայ­րե­րը, ոչն­չաց­ման նպա­տա­կով ա­նոնցկեդ­րո­նաց­ման վայ­րե­րը ե­ւայլն։

Տոքթ. ­Նա­զըմ ե­ղաւ 8 ­Փետ­րո­ւար 1915-ի Իթ­թի­հա­տի ղե­կա­վա­րու­թեան այդգաղտ­նի ժո­ղո­վին գլխա­ւոր զե­կու­ցա­բե­րը, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի դէմ մշա­կո­ւածցե­ղաս­պա­նու­թեան պե­տա­կան ծրա­գի­րը գոր­ծադ­րու­թեան յանձ­նե­լու «հրա­մա­յա­կան»ը շեշ­տեց հե­տե­ւեալ խօս­քով.- «­Հայ ժո­ղո­վուր­դը պէտք է ոչն­չաց­նելհիմ­նո­վին, որ­պէս­զի ոե­ւէ հայ չմնայ մեր երկ­րին մէջ եւ մոռ­ցո­ւի այդ ա­նուննիսկ: ­Հի­մա պա­տե­րազմ է եւ այս­պի­սի յար­մար ա­ռիթ այ­լեւս չի գար: ­Մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րու մի­ջամ­տու­թիւ­նը եւ հա­մաշ­խար­հա­յին մա­մու­լի աղմկոտ բո­ղոք­նե­րը անն­կատ կ­’անց­նին, իսկ ե­թէ նոյ­նիսկ ա­նոնք ի­մա­նան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, ար­դէն դրուած կ­’ըլ­լան կա­տա­րո­ւած փաս­տի առ­ջեւ եւ, այդ­պի­սով, հարցչի մնար: Այս ան­գամ մեր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը պէտք է կրեն հա­յե­րու ամ­բող­ջա­կան ոչնչաց­ման բնոյթ. անհ­րա­ժեշտ է ոչն­չաց­նել բո­լո­րը, մին­չեւ վեր­ջին մար­դը… Ես կ­’ու­զեմ, որ այս հո­ղին վրայ թուր­քը եւ միայն թուր­քը ապ­րի ու ան­բա­ժա­նե­լիօ­րէն տի­րա­պե­տէ: ­Թող կոր­չին բո­լոր ոչ-թուրք տար­րե­րը, ինչ ազ­գու­թեան եւ կրօ­նի ալ պատ­կա­նին ա­նոնք»:

Ցե­ղաս­պան այս տրա­մա­բա­նու­թեամբ էր, որ Իթ­թի­հա­տի ղե­կա­վա­րու­թեանգաղտ­նի ժո­ղո­վը ո­րո­շեց տխրահռ­չակ «Ե­րե­քի ­Կո­մի­տէ»-ի տրա­մադ­րու­թեանտակ դնել այս­պէս կո­չո­ւած «­Յա­տուկ ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւնը», որ պի­տիստանձ­նէր հա­յե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ի­րա­գոր­ծե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը:Ա­նոր ան­մի­ջա­կան ղե­կա­վար նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քի­րը: «­Յա­տուկ ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը» կազ­մո­ւե­ցաւ բան­տե­րէն յա­տուկ այդ նպա­տա­կով ա­զատ ար­ձա­կո­ւած քրէա­կան յան­ցա­գործ ոճ­րա­գործ­նե­րէ, չե­թէ­նե­րէեւ ա­ւա­զա­կա­խում­բե­րէ, ո­րոնք ըն­դու­նակ էին ա­մե­նա­դա­ժան ո­ճիր­նե­րու ի­րա­գործ­ման:

Եւ ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քի­րի գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ թրքա­կան պե­տու­թեան «­Յա­տուկԿազ­մա­կեր­պու­թիւն»ը 8 Փետ­րո­ւար 1915-ին կա­նաչ լոյս ստա­ցաւ անց­նե­լու…գոր­ծի։ Ա­ռա­ջին հեր­թին սկսան հայ պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րու պաշ­տօ­նազր­կում­նե­րը, օս­մա­նեան բա­նա­կի հայ սպա­նե­րուն ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րը, զի­նա­թա­փո­ւած հայ զի­նո­ւոր­նե­րով «բա­նո­ւո­րա­կան վաշ­տեր»ու կազ­մու­թիւ­նը։

Պա­տա­հա­կան չէր, որ Իթ­թի­հա­տի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հա­յե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծրագ­րին գործ­նա­կան կի­րար­կու­մը սկսաւ ա­ռա­ջին հա­րո­ւա­ծը հասց­նե­լով Օս­մա­նեան ­Բա­նակ զօ­րա­կո­չո­ւած հայ զի­նո­ւոր­նե­րուն: Այդ քայ­լովթրքա­կան պե­տու­թիւ­նը կը ձգտէր հա­յե­րը զրկել ի­րենց զի­նո­ւո­րա­կան նե­րու­ժէն: ­Թուր­քիոյ ռազ­մա­կան նա­խա­րար Էն­վե­րի կող­մէ նոյն օ­րը ար­ձա­կո­ւածհրա­մա­նով՝ բո­լոր հայ զի­նո­ւոր­նե­րը զի­նա­թա­փո­ւե­ցան եւ, բաժ­նո­ւե­լով 50-էն100 հո­գի­նոց խում­բե­րու, իբր բա­նո­ւոր տա­րո­ւե­ցան ու սպան­նո­ւե­ցան:

Ն­պա­տա­կը հա­յու­թիւ­նը սկիզ­բէն իսկ զրկելն էր իր զի­նո­ւո­րա­կան ու­ժէն, որ­պէս­զի ոչ ոք կա­րե­նար պաշտ­պա­նել հա­յե­րը, ա­նոնց տու­նը, ու­նե­ցո­ւած­քը եւբնա­կա­վայ­րե­րը։

Հա­յոց բնա­կա­վայ­րե­րուն մէջ պէտք է մնա­յին միայն ծե­րու­նի­նե­րը, հի­ւանդ­նե­րը, կա­նայք, ե­րե­խա­նե­րը եւ դե­ռա­հաս­նե­րը:

Այ­սօր ար­դէն ­Թա­նէր Աք­չա­մի օ­րի­նա­կով թուրք այ­լա­խոհ մտա­ւո­րա­կան­ներն ու ընդ­դի­մա­խօս քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը կա­րե­ւո­րու­թեամբ կ­՚ընդգ­ծենու կը շեշ­տեն, որ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ստոյգ կոր­ծան­ման եւ ան­դա­մա­հատ­ման վտան­գին դէմ յան­դի­ման՝ թուրք ազ­գայ­նա­մոլ պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը ընտ­րեց «ներ­քին բիւ­րե­ղա­ցում» ա­ռա­ջաց­նե­լու ու­ղին.- Այ­սինքն՝ թրքա­ցեղ իր հա­սա­րա­կա­կան շա­ղա­խը խան­գա­րող հա­յե­րէն եւ ընդ­հան­րա­պէսքրիս­տո­նեա­նե­րէն ֆի­զի­քա­պէս «ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու» թրքա­կան պե­տու­թեանցե­ղաս­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը…

Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը, այդ­պէ՛ս, հռչա­կուե­ցան թրքա­կան մարմ­նին մէջկազ­մա­ւո­րո­ւած «օտար եւ կոր­ծա­նա­րար քաղց­կեղ» մը, որ «ար­մա­տա­կան վի­րա­հատ­ման» պէտք է են­թար­կո­ւէր։

Պալ­քա­նեան ­Պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն, երբ Իթ­թի­հա­տի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նըկ­’ո­րո­ճար հայ ժո­ղո­վուր­դը ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կե­լու ա­հա­ւոր այդծրա­գի­րը, նման քայ­լի դի­մե­լու «նպաս­տա­ւոր» պայ­ման­ներ չկա­յին։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ ­Հայ­կա­կան ­Բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու ի­րա­գործ­ման հե­տա­մուտ եւ­րո­պա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը մօ­տէն կը հե­տե­ւէր թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց քայ­լե­րուն եւ, հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ա­ռա­ջադ­րան­քով, ար­դէն ձեռ­նա­մուխ ե­ղած էր հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րուն ինք­նա­վա­րու­թիւն տա­լու եւ­րո­պա­կան ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թեան։

Հե­տե­ւա­բար, 8 ­Փետ­րո­ւար 1915-ի Իթ­թի­հա­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան գաղտ­նի ժո­ղո­վին, թրքա­կան պե­տու­թեան վրայ ի­րենց մե­նիշ­խա­նու­թիւ­նը հաս­տա­տած ­Թա­լէաթ­նե­րուն հա­մար «հա­սուն­ցած» կը թո­ւէր «յար­մար պահ»ը, որ­պէս­զի գոր­ծադ­րու­թեան յանձ­նէին ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծրա­գի­րը։

Ա՛յդ մեկ­նա­կէ­տով ալ Իթ­թի­հատ տո­ւաւ հրէ­շա­յին իր ո­րո­շու­մը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին բնաջն­ջու­մը ի­րա­գոր­ծե­լու ա­ռա­ւե­լա­գոյն ա­րա­գու­թեամբ եւ ամ­բող­ջա­կան բրտու­թեամբ։

Թր­քա­կան պե­տու­թիւ­նը կը հիմ­նո­ւէր պա­տե­հա­պաշտ այն հա­շո­ւար­կին վրայ,ո­րուն հա­մա­ձայն՝ Եւ­րո­պա օ­րին պի­տի չկա­րե­նար մի­ջամ­տել, ո­րով­հե­տեւար­դէն պա­տե­րազ­մի մէջ էր թուր­քե­րուն դէմ։ Իսկ պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տին, ­Թուր­քիա յաղ­թած ըլ­լար թէ պար­տո­ւած, թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը փաս­տօ­րէնյա­ջո­ղած պի­տի ըլ­լար հայ ժո­ղո­վուր­դը բնաջն­ջե­լու իր ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թեան մէջ, նոյ­նիսկ «մար­սած» պի­տի ըլ­լար զտա­րիւն թուրք մե­ծա­մաս­նու­թեամբպե­տա­կա­նու­թիւն ա­ռա­ջա­ցու­ցած ըլ­լա­լու… «փա­ռա­հեղ պա­տառ»ը։

Ա­հա այս­պէ՛ս սկսաւ, 8 ­Փետ­րո­ւար 1915-ին, թրքա­կան պե­տու­թեան մշա­կածհայ ժո­ղո­վուր­դի ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.