Սեւան Նշանեանի բանտարկութեան պայմանները ծանրացած
Սեւան Նշանեան նախքան բանտարկութիւն «Ակօս»ի խմբագրատան մէջ ունեցած զրոյցի միջոցին կը յայտնէր թէ չէ վհատած բանտարկութենէն, քանի որ այդ պայմաններու տակ առիթը պիտի ունենայ իր ակադեմական աշխատութիւններուն շարունակելու։ «Երկու տարի բանտարկութեան դատապարտուեցայ, եթէ այդքանով մնայ դժգոհ չեմ ըլլար, քանի որ առիթ կը գտնեմ արդէն վրան աշխատած նոր բառարանը աւարտելու։ Սակայն կը վախնամ թէ ես բանտ մտնելէ վերջ շարունակուող դատավարութիւններն ալ ազատազրկումով կ՚աւարտին եւ կրնամ մինչեւ կեանքիս վերջ բանտէն դուրս չգալ»։ Իրաւացի եղաւ Նշանեանի այս կանխագուշակումը եւ ան հիմա կը փորձէ լրացնել 11 տարուայ բանտարկութիւն մը։ Իսկ նախքան բանտարկութիւն իրեն խոստածուած համեմատաբար ազատ պայմանները զանազան պատճառաբանութիւններով արգիլուեցան եւ ան այժմ կը մնայ աւելի ծանր պայմաններ պարտադրող փակ բանտի մէջ։
Սեւան Նշանեանի պաշտապանութիւնը ստանձնած փաստաբան Մուրատ Աքչը «Ակօս»ին կը յայտնէ թէ բաց բանտէն դէպի փակ բանտ առաջնորդուելու պատճառը անկարգապահութեան յանցանք մըն է, որուն դէմ օրինական առարկութիւն ներկայացուց։ «Սակայն այդ առարկութեան քննարկումը քանի մը ամիս պիտի տեւէ եւ պարոն Սեւան այդ ժամանակի տեւողութեան փակ բանտը պիտի մնայ։ Շարունակուող դատավարութիւններուն մասին առ այժմ զարգացում մը չկայ։ Իսկ փակ բանտի պայմանները պիտի դժուարացնեն Նշանեանի բառարանի աշխատութիւնները» կ՚ըսէ իրաւապաշտպան Մուրատ Աքչը։
11 յունուար 2014-էն ի վեր 11 տարուան ժամկէտով բանտարկուած Սեւան Նշանեան ձերբակալուած է օրէնքով իրեն պատկանող տարածքին մէջ «ապօրինի» շինարարութիւն կատարելուն համար: Թրքական մամուլը նախապէս յայտնած է, որ Նշանեանի ձերբակալութիւնը իշխանութիւններուն սարքած գործն է, որովհետեւ մտաւորականը բազմիցս հրապարակաւ քննադատած է կառավարութեան բացերը:
Ըստ «ՏեմոքրաթՀապեր» կայքին, Նշանեանը պատժելու իսկական պատճառը այն է, որ ան համարձակած է քննադատել Թուրքիոյ պաշտօնական պատմութիւնը` հրատարակելով «Սխալ հանրապետութիւն» գիրքը: