Սփիւռքի Նախարարութեան կազմակերպութեամբ «Սփիւռքի Ներգրաւման Ռազմավարութիւնները» Թեմայով Դասախօսութիւն


Փետրուար 2-ին Եւրոպական միութեան ֆինանսաւորմամբ եւ ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Առաքելութիւն Արեւելք» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմին համար իրականացուեցաւ «Սփիւռքի ներգրաւման ռազմավարութիւնները» թեմայով դասախօսութիւն: Բանախօսն էր իրլանտական “Diaspora Matters” կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Քինկսլի Այքինսը:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց հիւրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակին` դասախօսութիւնը կազմակերպելու եւ իրականացնելու համար: Նախարարը նշեց, որ Իրլանտայէն հրաւիրուած դասախօսը միջազգային կարգի փորձագէտ է: Անոր ղեկավարած կազմակերպութիւնը խորհրդատուական ընկերութիւն է եւ կ’ուղղորդէ կառավարութիւնները, կառոյցներն ու անհատները սփիւռքներու վերաբերեալ հարցերու մէջ: «Կարծում եմ, որ նրա փորձը, դիտարկումներն ու հետազօտութիւները կարող են օգտակար լինել նաեւ մեզ համար», նշեց նախարարը:

Քինկսլի Այքինսը ներկայացուց Իրլանտայի տնտեսութեան մէջ եւ գործարարութեան ոլորտին մէջ սփիւռքի ներգրաւուածութեան բացառիկ ձեւաչափը: Ան նշեց յաջողութեան հասնելու կարեւոր գործօնները, սփիւռքի նախաձեռնութիւններու ձախողման պատճառները, մարտահրաւէրներու ու թերութիւններու հնարաւոր դրսեւորումները: Կարեւոր համարուեցաւ այլ երկիրներու կողմէ Սփիւռքի խնդիրներու ուսումնասիրութիւնը, յատկապէս` տնտեսութեան եւ գործարարութեան զարգացումը, աշխատատեղերու ստեղծումը:

Այքինսը կարեւոր նկատեց ցանցային կապերու ստեղծումը, վստահութեան ամրապնդումը, սփիւռքին լսելը, ճկունութիւնը, յստակ ուղղորդուած ռազմավարութիւնը: Ան նշեց, որ յաջողութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է յաջորդ սերունդին`  երիտասարդութեան հետ աշխատանքը, անոր ներգրաւուածութիւնը ծրագիրներուն եւ տարեցներու հետ աշխատանքի յատուկ ռազմավարութիւնը: Անոր համոզմամբ` Սփիւռքի խնդիրները կը դառնան շատ աւելի կարեւոր պետութիւններուն, կառավարութիւններուն համար: «Իւրաքանչիւր երկիր ունի սփիւռքի գործօն տարբեր մակարդակներու վրայ, որ կազմուած է մարդոցմէ, ցանցերէ, կապերէ, ֆինանսներէ ու գաղափարներէ», – նշեց Քինկսլի Այքինսը

Բոլոր հարցերը ամփոփուեցան աշխոյժ քննարկումներով ու հետաքրքիր առաջարկներով, նախանշուեցան յաջորդական քայլերը:

Նշենք, որ իրլանտական “Diaspora Matters” կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Քինկսլի Այքինսը 2011թ. հրատարակած է ձեռնարկ համաշխարհային սփիւռքի  ռազմավարութեան վերաբերեալ: 2012թ. Ուաշիկթընի մէջ հանդէս եկած է որպէս բանախօս Հիլարի Քլինթօնի կազմակերպած սփիւռքի համաշխարհային համագումարին եւ 2013թ. գլխաւորած է Տուպլինի մէջ տեղի ունեցած Համաշխարհային սփիւռքի գիտաժողովը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.