Համաշխարհային նոր տագնապ մը սկսած է աննախատեսելի եւ անցանկալի հետեւանքներով


Յ. Պալեան

Խորհրդային համակարգի փլուզումը եւ միատեսակ մարդկային ընկերութիւն ստեղծելու գաղափարաբանութեան ձախողութիւնը աշխարհի պետութիւնները եւ ղեկավարութիւնները չառաջնորդեցին լուրջ հարցադրումներով ուղղութիւններ ճշդելու: Եօթանասուն տարի շարունակ հետապնդուած սովետամարդ (homo sovieticus) ստեղծելու փորձը ոչնչացուեցաւ համակարգի փլուզումէն ետք եւ յայտնուեցան բացորոշ կերպով ազգայնական պետութիւններ, մշակութային ինքնութիւններու պատուանդանի վրայ:

            Մշակութային, քաղաքակրթական, բարոյական արժէքներ ունեցած են եւ ունին պատմութեան ընթացքին կերտուած նկարագիր, հետեւանք աշխարհագրութեան, տնտեսութեան եւ հաւաքական  կեանքի ընթացքին ընդունուած եւ զարգացած կեցուածքներու: Այս տուեալները տեսութիւններով չեն առաջնորդուիր եւ տեսութիւններով լուծումներ չեն գտնուիր: Լուծումներ չեն գտնուիր նաեւ ուրիշներու օրինակի մեքենական կապկումով: Պարտադրանք, տեսութիւն, մեքենականութիւն, առանց նկատի առնելու մշկութային-քաղաքակրթական եւ պատմական հոլովոյթի ընթացքին յառաջացած ինքնուրոյնութիւններու անտեսումը, ծնունդ կու տան հակամարտութիւններու:

            Լրատու գործակալութիւնները հաղորդեցին, որ Շուէտ կը պատրաստուի երկրէն հեռացնելու 80.000 գաղթականներ: Շարքային քաղաքացին անգամ չի կրնար հաւատալ, որ այդ տարողութեամբ գաղթականութիւն արատքսել: Բայց նուազագոյն ողջմտութիւն ունեցող քաղաքացին, Շուէտի մէջ թէ աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնը, կրնայ հարց տալ, թէ պետութիւն մը, որքան որ ալ մարդկայնական գաղափարներով առաջնորդուի, երբ զանգուածային գաղթականութիւն կ’ընդունի, հաշուած պիտի ըլլայ իր տնտեսական, աշխատանքի, բնակարանային կարելիութիւնները: Առաւել եւս, նկատի պիտի ունենայ քաղաքակրթական-մշակութային համակեցութեան պայմանները առաջին հերթին, եւ ապա համարկումի կարելիութիւնները: Տիրացուական պարզամիտ եւ անհեռանկար մարդասիրական վերաբերումը, համաշխարհայնացման անհսկելի աճը, ազգութիւնը անտեսելով հանրապետական-ժողովրդավարական կարգախօսի քարոզչութեամբ առաջնորդուող քաղաքականութիւնը, կրօնական ազդակի նկատմամբ անտարբերութիւնը, անխուսափելիօրէն կ’առաջնորդեն բախումներու, անհասկացողութեան, հակամարտութեան:

            Համակեցութիւնը կը յաջողի երբ հիմնական արժէքներու հասարակ յայտարար գոյութիւն ունի: Ոչ նոյնացում:

            Բազմաթիւ պատերազմներու մէջ ինքզինք մաշեցուցած Եւրոպան, երկար ու տքնաջան աշխատանքէ ետք, փորձեց միութիւն ստեղծել՝ քաղաքակրթական-մշակութային արժէքներու ենթահողի վրայ: Այսօր Եւրոպան տագնապի մէջ է: Իր մարդասիրական աւանդական կեցուածքի հետեւանքով յառաջացող հակասութիւններու պատճառով: Շուէտի պարագան յատկանշական է: Կը նշանակէ, որ մեքենական գումարումով համակեցութիւն կարելի չէ ստեղծել: Ինչպէս կ’ըսէ դասական իմաստութիւնը, ծափ զարնելու համար երկու ձեռք պէտք է: Այսինքն, գաղթանական զանգուածային հոսքը, որքան որ ալ զօրաւոր ըլլայ մարդասիրական վերաբերումը, ծնունդ պիտի տար, եւ կու տայ, տարբեր տարողութիւններով եւ  բնոյթով ապակայունացումներու:

            Գաղթականական զանգուածային հոսքին առջեւ Եւրոմիութեան անդամ քանի մը երկիրներ թումբ կանգնեցին: Ուրիշներ, ինչպէս Գերմանիան, որոնք անսահմանափակ  հիւրընկալման քաղաքականութիւն որդեգրած էին, այժմ ետքայլ կ’ընեն, կը խօսին արտաքսելու մասին: Ֆրանսան, ինչպէս յաճախ դիտել կը տրուի, իր պատմութեան ընթացքին միշտ բաց եղած է գաղթականութիւններու առջեւ: Բայց այս բարիկամեցողութիւնը ներկայիս լաւ աչքով չի դիտուիր ժողովուրդի մէկ մասին կողմէ, քանի որ երկիրը ինք երեք միլիոն գործազուրկ ունի եւ աներդիքներ կան: Իսկ սնակութեան դուռը գտնուող Յունաստանը, ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունի ընդունելու թափով շարունակուող գաղթականական հոսքը, նոյնիսկ եթէ անոնց մեծ մասը ճամբայ ելած է Գերմանիա կամ Անգլիա հասնելու համար:

            Դէպքեր պատահեցան, որոնք ժողովուրդի որոշ շերտերուն մէջ բացասական կեցուածքներու ծնունդ տուին: Գաղթակայաններ ստեղծուած են, որոնք կարծէք կիսամնայուն վիճակ ունին:

            Պատերազմէ, հալածանքէ եւ թշուառութենէ փախչողներու նկատմամբ անտարբեր կարելի չէ մնալ, բայց միաժամանակ կացութիւններու ընկերաքաղաքական եւ ռազմական իսկական գնահատումը պէտք է ընել եւ ըստ այնմ դիրքորոշուիլ: Այս է թերեւս իսկական մարդասիրական դրական վերաբերումը: Ապակայունացող Եւրոպայի մէջ, աշխատուժի կարիքին գոհացում տալու համար գաղթականութիւնը պատեհապաշտօրէն օգտագործելու Գերմանիոյ քաղաքականութիւնը կարճատես է ե՛ւ իրեն ե՛ւ գաղթողներուն համար: Այս վերջինները արմատախիլ կ’ըլլան, աշխատանքի եւ կեցութեան դժուարութիւններու ընդառաջ պիտի երթան, բացասական վերաբերումներու ալ պիտի արժանան համարկումի դժուարութեան պատճառով:

            Միջազգային համայնքը, մեծ եւ շրջանային պետութիւնները, աւելի իմաստուն եւ մարդկային պիտի ըլլային պատերազմները կասեցնելով, չեզոքացնելով պատերազմի պատճառները:

Դեռ հրապարակաւ ոչ ոք ըսաւ, թէ ո՞վ եւ ինչպէս կը զինէ ծայրայեղական-ահաբեկչական ուժերը, ո՞վ կը գնէ եւ կը վաճառէ ծայրայեղական եւ ահաբեկչական ուժերու գրաւած շրջաններու արտադրած նաւթը, որուն եկամուտը կը ծառայէ զէնք գնելու:

            Արեւմտեան երկիրները չհասկցա՞ն, որ մարդկային, բարոյական եւ ժողովրդական արժէքները հաւասարապէս եւ նոյն ձեւով չեն ընդունուիր տարբեր մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու աշխարհագրական գօտիներուն մէջ: Փոխանակ նիւթական շահեր ապահովելու մրցակցական-նիւթապաշտական կոյր քաղաքականութեան հետեւելու, աւելի օգտակար կ’ըլլային պատերազմի արհաւիրքի մէջ ապրող երկիրներուն եւ իրենք իրենց, եթէ օժանդակէին այդ երկիրներուն մէջ կենսամակարդակի բարելաւման (ուսում, սնունդ եւ ճարտարարուեստ):

            Եւ ինչո՞ւ քաջութեամբ չդիմաւորել խնդիրները, չճշդել մեղսակցութիւնները՝ որոնք ծայրայեղականներուն եւ ահաբեկչական շարժումներուն ուղղակի եւ անուղղակի նպաստ կը բերեն: Ամէն ոք կը խօսի Թուրքիոյ «Ճումհուրիյէթ» թերթի դէմ կազմակերպուած պետական հալածանքի մասին, որուն պատճառը այդ երկրի ծայրայեղականութեան-ահաբեկչութեան մեղսակցութեան հրապարակումն էր: Բայց աւելի վատ հիւանդներ են կամաւոր կոյրերը, քան իսկական կոյրերը: Թուրքիան, փաստօրէն, ծայրայեղական-ահաբեկչական ուժերու դէմ պայքարելու համար լիաբուռն նպաստներ կը ստանայ, եւ այդ ծայրայեղականներու դէմ պայքարող քրտական ուժին դէմ կը պատերազմի: Ինչպէ՞ս բացատրել եւ ինչպէ՞ս հասկնալ:

            Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ապահովութեան Խորհուրդը գիտէ այս բոլորը, որ գաղտնիք չէ: Ինչո՞ւ չի կասեցներ հակաքաղակրթական պատերազմը: Ապահովութեան Խորհո՞ւրդն է միջազգային հեղինակութիւնը, թէ «դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւնը»: Կամ երկրո՞րդն է, որ իր ձեռքին մէջ կը պահէ առաջինի լծակները: Ո՞ր պետութիւնը չի գիտեր այս պարզաբանուած ճշմարտութիւնը:

            Իրականութիւնները հրապարակած ըլլալու մեղքով կը դատեն Թուրքիոյ «Ճումհուրիյէթ» թերթի տնօրէնը եւ լրագրողները: Նախընթացին՝ Հրանդ Տինքի՝ համար ստեղծուած յուզումը եւ աղմուկը այդպէս ալ մնացին: Այդպէս ալ պիտի ըլլայ «Ճումհուրիյէթ»ի համար, միջազգային մեղսակից ամուլ լռութեամբ:

            Արիւնը պիտի շարունակէ հոսիլ, երկիրներ պիտի ապակայունանան, գանձանակներ պիտի լեցուին:

Հետեւանքնե՞րը…

            Աշխարհի ներկայ բարդ կացութեան մէջ ընդունելի՞ է, որ ղեկավարութիւնները անմիջական տեսողութեամբ նաւավար ըլլան, pilotage à vue ընեն:

Հեռանկարային ղեկավարումի բացակայութեան պատճառը «արհեստավարժ» քաղաքական գործիչներն են, որոնք հեռանկար եւ արժէքներ կը ծալեն եւ վրան կը նստին, գործ բան թողած կը մտածեն յաջորդ ընտրութեան եւ նոր դիրքի տիրացման մասին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.