Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ շուրջ կռիւներ


Մարմարա.- Տիյարպաքըրը եւ յարակից նահանգները ուղղակի քաղաքացիական պատերազմի պայմաններ կ՛ապրին։ Ամէնէն բուռն կռիւները կը շարունակուին Տիարպաքըրի Սուր շրջանին մէջ, ուր 54 օրէ ի վեր արգիլուած է քաղաքացիներու շրջագայութիւնը։ Թուրք զինեալ ուժերը ամէն օր զինեալ բախումներ ունին Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներուն հետ։ Սուրի շրջանին մէջ կը գտնուի նաեւ հայոց Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, որ ասկէ առաջ թեթեւ վնասներ կրած էր։ »Սէօզճիւ« թերթը այսօր կը հաղորդէ թէ այս վայրերու պատմական կարեւոր յուշարձանները լուրջ վտանգի ենթարկուած են։ Ս. Կիրակոս եկեղեցին ալ անոնցմէ մէկն է։ Եկեղեցին, որ վերջերս հրկիզուած Գուրշունլու Մզկիթին ետին կը գտնուի, արժանացած էր Եւրոմիութեան Մշակութային Ժառանգութեան մրցանակին որ Եւրոպայի ամէնէն պատուաբեր մրցանակներէն մէկը կը նկատուի։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.