Թուրք գործարար Մուսթաֆա Քոչի մահով նիւթ դարձած են Հայոց գրաւեալ ինչքերը


Նկարներուն մէջ Koc Holdingի հիմնադիր Րահմի Մուսթաֆա Քոչ եւ Մուսթաֆա Քոչ

Թուրքիոյ ամենէն մեծ ընկերութիւններէն «Koç Holding»ի տէրը՝ Մուսթաֆա Քոչ մահացած է Յունուար 21ին:

Թուրքիոյ ճարտարարուեստի բնագաւառի այս կարեւորագոյն դէմքին մահուան առընթեր օրակարգի նիւթ դարձած է Հայոց գրաւեալ ինչքերու հարցը:

Արդարեւ, իր գլխաւորած ընկերութիւնը հիմնուած էր 1920ին, իր մեծ-հօր՝ Վեհպի Քոչի կողմէ, որ բանուորի զաւակ էր: Մուսթաֆա Քոչ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ քաղաքացիներու ինչքերու իւրացումով յաջողած է հիմնել իր հսկայ առեւտրական ընկերութիւնը: Նոյնն է պարագան Սապանճը ընտանիքին, որ նոյնպէս երկրին ճարտարարուեստի «կայսրութիւն»ներէն մէկն է:

Այս մասին բազմաթիւ գրութիւններ լոյս տեսած են երկրին մամուլին մէջ: Այդ թերթերու առցանց տարբերակներու էջերուն մէջ, նոյնքան եւ աւելի հետաքրքրական է կարդալ նշեալ գրութիւններուն տակ տեղ գտած ընթերցողներու մեկնաբանութիւնները, որոնք կը ցոլացնեն թուրք սովորական քաղաքացիին մօտեցումները, անոր պատկերը: Այդ տողերուն ամենէն մեղմերուն մէջ կը թելադրուի «շատ չխառնել» եւ չպեղծել ննջեցեալին յիշատակը, իսկ մեծամասնութիւնը կը գտնէ, որ Հայոց ինչքերու իւրացման մասին պնդումները սուտ են, զրպարտութիւններ են, նման բաներ ըսելը ազգին նկատմամբ դաւաճանութիւն է, եւլն.: Կայ աւելի հետաքրքրականը: Ընթերցող մը կը քննադատէ յօդուածագիր մը, ենթադրելով՝ «անպայման քու մեծ հայրդ չէ կրցած նոյնը ընել, ա՛յդ է պատճառը որ կը նախանձիս»:

«Koç Holding» ընկերութիւնը կը զբաղի շինարարութեամբ, սննդամաթերքի արտադրութեամբ, ինչպէս նաեւ համակարգիչներու, ինքնաշարժերու եւ ելեկտրական կազմածներու առուծախով ։
Նշենք, որ մահացածը 56-ամեայ Մուսթաֆա Քոչն է, որուն հայրը եւ Ընկերութեան հիմնադիրը Րահմի Քոչ տակաւին ողջ է։




Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.