Հայաստանի Մէջ Ռուսական Ռազմակայանի Վերազինումը Պիտի Ապահովէ Շրջանային Կայունութիւնը


Ռուս ռազմական փորձագէտ Իկոր Քորոթչենքօ՝ Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով այն իրողութեան, որ Ռուսիան կ’ամրապնդէ Կիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանը ռազմական նշանակութիւն ունեցող ուղղաթիռներով, անօդաչու սարքերով եւ այլ սպառազինութեամբ յայտնած է, որ Ռուսիան կ’ամրացնէ իր դաշնակիցի՝ Հայաստանի անվտանգութիւնը, վտանգներուն դիմակայելու համար։

Ռազմակայանի զինումը մեզի պիտի տայ վստահութիւն, որ անվտանգութեան սպառնալիք չի կրնար ըլլալ, որ անվտանգութիւնը պիտի ապահովուի, եւ որեւէ նախայարձակ գործողութիւն, որու կողմէ ալ կազմակերպուած ըլլայ, պիտի ստանայ համարժէք պատասխան։ Ատոր շնորհիւ Կովկասի մէջ պիտի ապահովուի կայունութիւն”, նշած է Իկոր Քորոթչենքոն։

Ռազմական փորձագէտի խօսքով՝ ներկայ փուլին Հայաստանի անվտանգութեան կրնայ սպառնալ օրինակ Թուրքիան, որու Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները լարուած են։ Քորոթչենքոյի համոզումով՝ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի ուժեղացումը փոխշահաւետ է երկու պետութիւններու համար, կը բխի թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Հայաստանի շահերէն։

Միաժամանակ, Իկոր Քորոթչենքօ հաւաստած է, որ ռազմակայանի ուժեղացումը բնաւ չի նշանակեր, որ Թուրքիոյ կողմէ կան սադրանքներ։ Ասիկա պարզապէս ունի ”ապահովագրական” բնոյթ։

Այն հարցումին, թէ հնչարաւո՞ր է, որ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանը օգտագործուի Սուրիոյ մէջ տարուող գործողութիւններու համար։ Իկոր Քորոթչենքոն բացառեց այդպիսի զարգացումը՝ ըսելով, որ Ռուսիան Սուրիոյ մէջ ունի բաւական ուժ, որպէսզի լուծէ յառաջացած հարցերը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.