Նոր հրատարակութիւն Մուսա Լերան պատմութեան մասին


THE MOUSA DAGH ARMENIANS A Socioeconomic and Cultural History 1919-1939

Հեղինակ՝ Վահրամ Շեմմասեան

2015ի վերջերուն, այսինքն՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարին պատմութեան անցնելէ առաջ, Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ Փրոֆ. Վահրամ Լ. Շեմմասեանի «The Mousa Dagh Armenian; A Socioeconomic and Cultural History – 1919-1939» հատորը (անգլերէնով), զոր կարելի է իրաւամբ կոչել հանրագիտարանային բնոյթով ուսումնասիրութիւն մը։ (Շեմմասեան վարիչն է Քալիֆորնիա նահանգի Նորթրիճի համալսարանի հայագիտական բաժանմունքին)։

Հատորը կը տարածուի 378 էջերու վրայ, լոյս ընծայուած է Հայկազեան Համալսարանին կողմէ (Շիրակ հրատարկչատունէն), ձօնուած է հեղինակին ծնողներուն։ Խորքին մէջ, հատորը կարելի է ձօն մը նկատել նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրած մուսա-լեռցիներուն, ինչո՞ւ չէ՝ երախտագիտութեան արտայայտութիւն մը՝ Հայկազեանին, որուն արժանաւոր շրջանաւարտներէն է եղած Շեմմասեան՝ աւելի քան չորս տասնամեակ առաջ։

Բացատրական յառաջաբանի մը կը յաջորդեն օգտագործուած լուսանկարներուն ցանկը, քարտէս մը, ապա հատորին ենթաբաժինները։ Կը բաղկանայ ութ գլուխներէ, որոնք ծալք առ ծալք կը բանան Մուսա Լերան ու անոր ժողովուրդին յիշեալ 20 տարիներու կեանքի տարբեր էջերը՝ հետաքրքրական բոլոր մանրամասնութիւններով։ Բոլոր գլուխները անտիպ չեն. մաս մը լոյս տեսած է Հայկազեանի Հայագիտական Հանդէսին մէջ, 2008էն ասդին։ 

Անմիջապէս ըսենք, որ խորագիրին  A Socioeconomic and Cultural History բառերը խաբուսիկ են, որովհետեւ կրնան թողուլ այն տպաւորութիւնը, թէ հատորը կ՚ընդգրկէ ժողովուրդի կեանքին միայն ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային երեսները, մինչդեռ շատ աւելին է։ Իններորդ գլուխը կարճ վերջաբան մըն է, որ կը «սղագրէ» Մուսա Լերան հայ բնակչութեան երկրորդ բռնի գաղթը՝ դէպի Այնճար, ու հոն վերաբնակեցումը։ 

Յիշեալ 9 բաժիններուն կը յաջորդեն հինգ տախտակներ, որոնք կը տարածուին շուրջ 50 էջերու վրայ, իսկ վերջին էջերուն, կայ աղբիւրներու ցանկ մը եւ յատուկ անուններու (անձնանուն, տեղանուն) ցուցակ մը։ Փայլուն թուղթի վրայ տրուած լուսանկարներուն 20 թերթերը չեն հաշուըուած հատորի էջերուն մէջ, այլ կը կազմեն ներդիր մը։ Հոն տեղ գտած են անձնական ալպոմներէ հաւաքագրուած ուշագրաւ լուսապատկերներ, որոնց մեծ մասը ընտանեկան վկայութիւններէ անդին կ՚անցնի եւ պատմական արժէք ունի։

*** 

Հատորի մը մասին նման արձագանգում՝ սովորաբար սկիզբ կ՚առնէ գիրքին սկիզբէն ու հակիրճ կերպով կը բանայ իրերայաջորդ բաժինները։ Մենք պիտի նախընտենք սկսիլ վերջին մէկ բաժինէն՝ աղբիւներու ցանկէն, ընգծելու համար այս հատորին արժանիքներէն մէկը, բայց ոչ միակը։ 
Աղբիւրներուն ցանկը կը խլէ 17 էջ։ Շեմմասեան օգտագործած է ԿԱՐԵԼԻ ԱՄԷՆ ՆԻՒԹ. գիրքեր, յուշագրութիւններ, մամուլ, կայքէջներու վրայ երեւցող նիւթեր, հարցազրոյցներ, թղթակցութիւններ, անտիպ գործեր եւայլն, մէկ խօսքով՝ պեղած է այն բոլոր կալուածները, ուր կրնար վկայութիւն գտնել իր պապերուն մասին։ Ահա թէ ինչո՛ւ նշեցինք, որ հատորը զգեցած է հանրագիտարանային տարողութիւն։ Ինչպէս յառաջաբանը, նոյնպէս ալ աղբիւներու բաժինը ու էջատակի բացատրականները կը վկայեն, որ հեղինակը աւելի քան 30 տարիներ տրամադրած է հատորին կազմութեան համար եւ կը խոստովանի, որ սա միայն մէկ բաժինն է ծաւալուն աշխատանքի մը, որ պիտի ընդգրկէ  աւելի տարածուն ժամանակշրջան (1840էն 1939) եւ նիւթ։ Ուսումնասիրութեան արդիւնքը եղող էջերուն տակ կան յաւելեալ բացատրութիւններ, որոնք կ՚անցնին աղբիւներու նշումի կամ կարճ բացատրականներու սահմաններէն անդին եւ կ՚ընդգրկեն նոյնքան չափ շահեկան կարճ բացատրականներ, որոնք կը հարստացնեն հատորը (ընթերցողը յաճախ կը զգայ, որ հեղինակը փորձած է կարգ մը հարցեր ու նիւթեր «սեղմել», հաւատարիմ մնալու համար իր իսկ կողմէ այս ուսումնասիրութեան համար կանխորոշուած տրամաբանութեան ու բնոյթին)։

***
Հիմա վերադառնանք հատորի սկզբնաւորութեան եւ խօսիք գլուխներու բովանդակութեան մասին, առանց խոստանալու, որ պիտի կարենանք ըլլալ սպառիչ, հետեւաբար նաեւ այս սիւնակները արդարութիւն պիտի չընեն արժանիքներուն։ Հատորը իբրեւ կիզակէտ ունի Մուսա Լերան հայկական վեց գիւղերը՝ Պիթիասը, Հաճի Հապիպլին, Եօղունօլուքը, Խոտըրպէկը, Վաքըֆը եւ Քապուսիէն, նկատի ունի Ցեղասպանութեան յաջորդ փուլի այն 20 տարիները, որոնք կ՚ընդգրկեն Ցեղասպանութեան հետեւանքով բռնագաղթուած մուսա-լեռցիներու տունդարձը, վերականգնումն ու Ալեքսանտրէթ նահանգին Թուրքիոյ կցումով՝ վերստին բռնագաղթը՝ դէպի Այնճար (եւ այլուր)։ Հպանցիկ ներածական մը արձանագրուած է 1915ի հերոսամարտին ու աւելի քան 4,000 փրկուածներուն Փոր Սայիտ տեղափոխութեան, ինչպէս նաեւ աքսորի չորս տարիներուն։ Հատորը ապա ծաւալ կը ստանայ բռնագաղթուածներուն տուն դարձի պատմութիւններով. հայրենի բնակավայր կը վերադառնան Եգիպտոս, Սուրիա, Լիբանան եւ միջին արեւելեան այլ երկիրներ ապաստանած փրկուածները, եւ սկիզբ կ՚առնեն մոխրացածն ու քանդուածը վերաշինելու, բնականոն կեանք վերակերտելու տարիները։ 

Առաջին հինգ գլուխներուն մէջ, մանրամասնօրէն տրուած են գիւղերու վերաբնակեցման, կազմակերպման, զինումի-ինքնապաշտպանական, առողջական հարցերու դիմագրաւման, որբերու հարցին լուծման, նպաստներու ապահովման, ընտանեկան աւանդութեանց պահպանման, կենցաղային հարցերու, երկրագործութեան-ջրաբաշխումի, արհեստներու, գործատուներու եւ տնային աշխատանքներու, մինչեւ իսկ որոշ անձերու շնորհուած «ծածկանուններու» մասին պատումներ ու մանրամասնութիւններ։ Այս ու հետագայ գլուխներուն մէջ, բնականաբար տեղ գրաւած է ազգային կուսակցութեանց եւ յարանուանութեանց գործունէութիւնը, փոխ-յարաբերութիւնները, պայքարներն ու հակամարտութիւնները։ Տրուած բացատրութիւններուն յաճախ կ՚ընկերանան վիճակագրական հարուստ տեղեկութիւններ ու ցուցակներ։  Հինգերորդ եւ վեցերորդ գլուխները կը պարզեն լեռնային այս հայաշխարհին «սփիւռքացումի» ծալքերը. ընթերցողը կը ծանօթանայ, թէ սահմանափակ կարելիութիւններ ու կարողականութիւն ընձեռող լեռնավայրը, ինչպէս նաեւ արտաքին-թրքական գորօններ պատճառ կ՚ըլլան, որ բնակիչները ապրուստի եւ բարօրութեան համար կամաց-կամաց տարածուին դէպի մօտակայ ու հեռաւոր ափեր, միջին արեւելեան երկիրներ, Ափրիկէ, ապա նաեւ ծովերէն ու ովկիանոսներէն անդին, հասնելով Միացեալ Նահագներւո արեւելեան քաղաքաները, իսկ աւելի ուշ՝ Ֆրեզնօ, Լոս Անճելըս եւ այլուր։ Լայն բացատրութիւններ կը տրուին պանդուխտներուն աշխատանքի ասպարէզներուն մասին, յաճախ՝ ընտանիք առ ընտանիք նկատի առնելով։
Եօթներորդ գլուխը կ՚անդրադառնայ Մուսա Լերան աշխարհագրական-կլիմայական այն տուալներուն, որոնք այս շրջանը, մասնաւորաբար քանի մը գիւղեր, 20ականներուն եւ 30ականներուն վերածած են օդափոխութեան գրաւիչ շրջանի։ Մանրամասնօրէն կը ներկայացուին զբօսաշրջութեան բերած նպաստները, թէ՛ նիւթական եւ թէ շրջանի զարգացման իմաստով (ճամբաներու բացում, փոխադրամիջոցներու արդիականացում եւայլն)։ Լռելեայն կարօտաբաղձութիւն մը կ՚արտայայտուի կարգ մը էջերէն, որոնցմէ կը ծորին հեղինակին ծնողներուն ու անոնց սերնդակիցներու յիշատակները՝ հին Մուսա Լերան մթնոլորտին ու մջջավայրին մասին, հաճելի զբօսավայր, որ ներգրաւած էր այդ օրերու աշակերտութիւնը, մտաւորականներ ու ազգային գործիչներ։ Նոյն այդ մթնոլորտին բաժնեկից «դրացի» Քեսապը 1939էն ետք առանձնացաւ այս առաքելութեան մէջ, մինչեւ Սուրիան հարուածող ուռականը։ Այդ մթնոլորտը 40ականներէ ետք մասամբ տեղափոխուեցաւ Այնճար (քիչ մըն ալ դրացի Շթօրա, որուն յամենայնդէպս ակնարկութիւն չ՚ըներ հեղինակը, հաւատարիմ մնալով իր նիւթին ընդգրկած պատմական-աշխարհագրական սահմաններուն)։
Ութերորդ գլուխը ձեւով մը ուղղակի շարունակութիւնն ու «զարգացումն» է նախորդին. լուսարձակի տակ կը բերուի Մուսա Լերան գիւղերու մշակութային կեանքը. անձնական ու հանրային գրադարաններ, ընթերցումի եւ հեքիաթասացութեան ձեռնարկներ, թատրոն, երգահանսէսներ, երաժշտական ձեռնարկներ եւ յուշահանդէսներ, մամուլ (տեղական թէ Հալէպէն, Պէյրութէն, Գահիրէէն եւ այլ տեղերէ հասնող), լսարաններ ու դասախօսական ձեռնարկներ եւայլն։

***

Եթէ Շեմմասեան բաւականացած ըլլար չոր ու ցամաք պատմագրութեամբ, լիովին գոհացուցած պիտի ըլլար գիտական ուսունմասիրութիւն կատարողի իր առաքելութիւնը։ Ան ըրած է աւելին. հատորը առատօրէն համեմուած է – հետեւաբար նաեւ յաւելեալ համ ու խորք ստացած – մանրապատումներով, որոնք երբեմն կը ներկայացուին հեքիաթանման կամ վիպական հաճելի դրուագներով, սակայն ընթրցողը երբեք մտահան չ՚ըներ, որ ներկայացուածը ժողովուրդի մը իրական կեանքն է, իր բոլոր ծալքերով, մանրամասնութիւններով ու այդ կեանքին բոլոր գլխաւոր ու երկրորդական ճամբաներով։ 20 տարիներու տուեալ ժամանակաշրջանը կը վերականդանանայ այս ընդարձակ, բայց այլապէս հակիրճ ուսումնասիրութեան ճամբով։ Հեղինակը եթէ ահագին հում նիւթ օգտագործած է, իր կարգին վիթխարի հում նիւթ կը տրամադրէ այլ մօտեցումով ուսումնասիրողներու (ընկրաբան, մարդագրական տուեալներ սւոսմնասիրոող, մշակութային զարգացումներու հետեւող, միջ-կուսակցական յարաբերութիւններ ու հակամարտութիւններ քննարկող եւայլն)։ Յառաջաբանին մէջ, Շեմմասեան կը բացատրէ, որ իր էջերը «քաղաքականացած» չեն, սակայն ստուար նիւթ կը տրամադրէ թէ՛ շրջանի եւ թէ շրջակայ հայաշխարհի քաղաքական եւ այլ կեանքերուն մասին, իրականութիւններ՝ որոնք ուսանելի են նաեւ այսօր։

Ինչպէս նշեցինք, վերջաբանին կը հետեւին վիճակագրական տախտակներ. հեղինակը երախտաշատ գործ ըրած է, անուն առ անուն արձանագրելով Պւիթիասի, Հաճի Հապիպլիի, Խըտըրպէկի եւ Քապուսիէի բնակիչներուն անունները, անոնց ընտանիքի անդամնրուն թիւը, ստացուածքներու (տան, պարտէզի-հողաշերտի, մսացու-կաթնտու եւ այլ կենդանիներուն) թիւերն ու անոնց նիւթական արժէքին մասին յարակից տուեալներ։ 

Հատորին յղացքը ունի այն արժանիքը, որ ընթերցողը կրնայ գլուխներէ մէկը կամ միւսը կարդալ առանձնաբար. իւրաքանչիւր գլուխ ինքն իր մէջ կարելի է ամբողջութիւն մը նկատել. ընդգրկուած նիւթին համաձայն՝ տարբեր գլուխներու մէջ կան որոշ տեղկութեանց անխուսափելի կրկնութիւններ։ Սակայն նախընտելի է հատորը ընթերցել ներկայացուած կարգով եւ իր ամբողջութեան մէջ։

***
Պատմագիտական յղացքով այս հատորը պատրաստելու տարիներուն, հեղինակը հաւանաբար միտքէն չէ անցուցած, որ սա կրնայ պատրաստի նիւթ տրամադրել ոեւէ ֆիլմարտադրիչի, որ պիտի ուզէր վաւերագրական կամ վիպական ժապաւէն մը պատրաստել Մուսա Լերան յիշեալ տարիներու կեանքին մասին։ Միւս կողմէ, սակայն, ան վստահաբար մտածած է, թէ այս գործը չէ հասցէագրուած միայն Մուսա Լերան բնիկ սերունդի ժառանգորդներուն, այլ ամբողջ հայութեան եւ հայութեան մօտիկ անցեալով հետաքրքրուողներուն, ներառեալ արաբ եւ… թուրք պատմագիրներուն։
Հատորին ընթեցումէն ետք, հայ թէ օտար՝ պահ մը վստահաբար կանգ կ՚առնեն այն հարցումներուն առջեւ, թէ՝ Ալեսանտրէթի նահանգին Թուրքիոյ «նուիրուելով», հայեր – եւ ոչ միայն հայեր – ինչպիսի վիթխարի վնաս ունեցան- նիւթականի, հողի ու դարաւոր հայրենիքի կորուստի առումով։ Իսկ Մւոսա Լեռը միայն մէկ փոքր մասնիկն է կորուսեալ հայաշխարհին։ Անխուսափելի հարցում մը կը ծագի նաեւ այն մասին, որ Մուսա Լերան բնակիչներուն բաժին հանուած դառն բաժակներուն տարբերակները այսօր «կը շնորհուին» սուրիացիներուն ու սուրիաբնակ հայերու, նոյն գլխաւոր դերակատարին՝ Թուրքիոյ պետութեան ոճրային քաղաքականութեան հետեւանքով։ 

Հեղինակը, այս գործին յղացքով ու բնոյթովն իսկ, ետ կը կանգնի պատգամախօսի դերէն, ինքզինք կը պահէ պարկեշտ պատմագրողի աթոռին վրայ։ Այսուամենայնիւ, հատորը կը բերէ բազմերես լուռ պատգամներ եւ մարտահրաւէրներ. մեր պատմական բոլոր կորուսեալ բնակավայրերը կը կարօտին նման խորազնին ուսումնասիրութեանց (կարգ մը շրջաններու մասին եղած են), ոչ միայն կամրջուելու համար մեր աւանդներուն եւ սեփական ժառանգութեանց հետ, այլ նաեւ վկայակոչելու մեր ունեցած կորուսներուն ահագնութիւնը, մարդկային զոհերու ահագնութեան կողքին։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.