Աւետիս Ճեպեճեան՝ Օսմանեան բանակի Հայ Բժիշկ Սպայի Մը Օրագրութիւնը


Էրքամ Էմրէ Էրքամ «Թուտէյզ Զաման»-ի մէջ լոյս տեսած վերոնշեալ խորագիրով իր յօդուածին մէջ կը գրէ. «Համաշխարհային Ա. պատերազմին Օսմանեան բանակին մէջ հայ սպայի մը օրագրութիւնը մեզի պատերազմին վերաբերեալ տարբեր տեսանկիւն մը կը ներկայացնէ եւ կը բացայայտէ այն արժէքները, որոնք կորսնցուցած ենք, ուրիշներու նկատմամբ հանդուրժողականութեան պակասին պատճառով»։

Ան կը գրէ, որ «Չանաքալէի եւ Արեւելեան Ճակատին վրայ Հայ բանակային սպայի մը օրագրութիւնը՝ 1914-1918» խորագիրով գիրքը, որ կը պարունակէ տոքթ. Աւետիս Ճեպեճեանի պատերազման յուշերը, թարգմանուած է թրքերէնի։ Գիրքին բնագիրը գրուած է հայերէնով եւ 1986-ին հրատարակուած Պէյրութի մէջ։

Գիրքը պատերազմին վերաբերեալ տարբեր տեսանկիւն մը եւ Ճեպեճեանի կարծիքները կը պարունակէ։ Պատերազմի կարգ մը պահեր, դաշնակից ուժերու կողմէ ռմբակոծում եւ պատերազմին վիրաւորուածներուն համար հաստատուած վրանները հայ բժիշկին գիրքին մէջ ներկայացուած պահերուն շարքին են։

Ճեպեճեան գիրքին մէջ կը նշէ, որ տեղահանման օրէնքը, որ ուժի մէջ մտաւ 27 մայիս 1915-ին, պատերազմի ընթացքին օսմանցի հայերուն ապրած մէկ այլ աղէտալի դէպքն էր։ Ճեպեճեան կը նկարագրէ կացութիւնը անոնց, որոնք տեղահանման քաղաքականութեան պատճառով տառապեցան, ինչպէս իր ընտանիքի անդամները, ներառեալ իր յղի կինը։ Անոնք 1915-ին Սուրիա աքսորուեցան։

Ճեպեճեան իր հօր, Այնթապ նահանգի երեւելիներէն Յովհաննէս Ճեպեճեանի քաջալերանքով՝ ուսանած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ եւ վկայուած իբրեւ բժիշկ։ Որոշ ատեն Ուրֆայի մէջ ծառայելէ ետք, իր աշախատնքը շարունակած է Այնթապի ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ։ Ան մասնագիտանալու եւ յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգելու համար նաեւ ծառայած է Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ։ 20,000-30,000 հայերու եւ 1300 ասորիներու սպանութեան պատճառ դարձած 1909-ի Ատանայի ջարդերը ընթացք առին, երբ իր կինը առաջին զաւակին յղի էր։ Ճեպեճեան որոշած է վերադառնալ իր ծննդավայրը՝ Այնթապ, որովհետեւ Օսմանիյէի ճամբուն վրայ իր աներհօր սպանութենէն ետք կացութիւնը իր համար սկսած էր անտանելի դառնալ։

Ճեպեճեան Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին արձանագրուած բազմաթիւ վիրաւորները դարմանելուն ժամանակ լսած է, որ իր ազգականները սպաննուած են։ Իր եղբայրը՝ Գրիգորը Սուրիա աքսորուած է եւ պատերազմէն ետք անկարող էր վերադառնալ։ Ան 30 Հոկտեմբերի 1918-ին Մուտրոսի զինադադարի կնքումէն ետք կը վերադառնայ Սուրիոյ Հալէպի նահանգ։ Ան իր օրապահիկը կը սկսի շահիլ, երբ իր կնոջ եղբօր՝ բժիշկ Ֆիլիփ Յովնանեանի հետ կը հաստատէ դարմանատուն մը։ Ան կը դարմանէ «1915-ի հայկական ջարդերուն» ընթացքին վիրաւորուածները եւ իր աշխատանքը կը շարունակէ մինչեւ 1952-ին՝ իր մահէն 2 տարի առաջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.