Վերամուտ 1915-ի


Գրեց Ճէնկիզ Աքթար*

Թարգմանեց Յարութիւն Մըսրլեան

 

*Ճէնկիզ Աքթար երկարամեայ աշխատակիցն է Թուրքիոյ «Զաման» եւ «Թարաֆ« օրաթերթերուն: Ճ. Աքթարի այս յօդուածը լոյս տեսաւ «Զաման»ի 6 Յունուար 2016-ի համարին մէջ ( Յ.Մ.)

 

2014-ի Դեկտեմբեր 31-ին յօդուած մը գրեցի «Մուտք 1915-ի» խորագրով: Գրեցի կանխագուշակելու համար թէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը ինչպէս պիտի նշուի, եւ՝ իրականութիւնը դիմագրաւելու մեր ձախողութեան պատճառով , հարիւր տարիէ ի վեր մեր անիծուած ըլլալը ինչպէ՜ս պիտի շարունակուի:

Յօդուածիս վերջաւորութեան, որմէ մէջբերում պիտի կատարեմ այս գրութեան մէջ, յայտնած էի, որ կը յուսամ հարիւրամեակը պատմական առիթ մը պիտի ստեղծէ զանց առնելու մեր հին սովորութիւնները, եւ մեր դիմացինը հասկնալու ու անոր հետ հաւաքական-բուժման գործարկութիւնը սկսելու համար: Բայց այդ ակնկալութիւնը մնաց անկատար: Աւելին՝ 1915-ի անէծքը դեգերող ոգի մը դարձաւ ամբողջ երկրին համար: Այսօր, Թուրքիան կը տառապի կատարեալ խելագարութեան իրավիճակէ:

Երբ անէծքի մասին կը խօսիմ հոգեբանական դիտարկութեան մը մատնանշումը չէ՛ որ կ’ընեմ: Թէեւ տագնապալից հոգիներու բնագաւառին մէջ, ատիկա պէտք չէ թերագնահատուի: Ես պարզապէս հետեւեալ ճշմարտութեան է որ կ’ակնարկեմ: Այնքան ատեն որ կը մերժենք դիմագրաւել ցեղասպանութեան սպար ոճիրը, եւ չենք ձերբազատուած այդ չարիքէն՝ զոհերու թոռներուն ամբողջական արդարութիւն ապահովելով, մենք միշտ ենթակայ պիտի ըլլանք այդ չարիքին հետապնդման: Ասիկա հիմնական բարոյական խնդիր մըն է: Յիրաւի՝ ցեղասպանութիւնը այնպիսի ստուար ոճիր մըն է, որ անբաղդատելի է ներկայիս գործուած անհատական, հաւաքական կամ հանրային ոճիրներուն հետ: Այն համակարգը որ կրնայ «մարսել» ցեղասպանութիւն մը, ներկայիս գործուած միւս ոճիրները դիւրութեամբ ընդունելի կը դառնան անոր: Այսպէսով է որ մենք կը շարունակենք ապրիլ չարիքին հետ:

1915-ի արարքը պետական մակարդակի վրայ հարց չդարձաւ, այնպէս ինչպէս որ հարկաւոր էր: Չդարձաւ՝ նախ 2015-ին երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական ճնշումներու ուժգնութեան, եւ ապա՝ ընկերութեան մէջ ընդհանրացած գիտութեան եւ ծանօթութեան պակասին պատճառով: Եւ ասիկա, սերտ առնչութիւն ունի նոյնիսկ մեր դար մը պատմութիւն ունեցող անարդարութեան եւ անպատժութեան վրայ հիմնուած մեր քաղաքական-ընկերային կառոյցին հետ:

Օրինակով մը բացատրեմ միտքս: Այսօր, այն ինչ որ կը պատահի քիւրտերուն, յաճախ տրուած բացատրութիւնը այն է, որ Հանրապետութեան հիմնադրութենէն ի վեր, անոնց ունեցած հալածանքը անպատիժ մնացած է միշտ: Բայց ոչ ոք կը յանդդգնի յիշելու այն իրողութիւնը, որ հայերն ու ուրիշ ոչ-իսլամ խմբակցութիւններ հալածուած էին այդ դէպքերէն իսկ առաջ: Հայերը, մասնաւորաբա՛ր, ճնշուած էին նաեւ քիւրտերուն կողմէ:

Թուրքիան դարէ մը ի վեր անկման մէջ կը գտնուի: 21-րդ դարու սկիզբէն սկսած է արդէն տապլտկիլ ճահիճի մէջ: Եւ վստհաբա՛ր՝ ուղղուած է դէպի ֆաշիզմ…:

*****

«ՄՈՒՏՔ 1915-ի»

Ո՞վ գիտէ, բոլոր այն չարիքները որ կը յաճախեն մեզ, անվերջանալի զանգուածային ջարդերը, դառնութենէ բուժուելու մեր անկարողութիւնը, թերեւս այս բոլորը արդիւնքն է դար մը երկարող մեր կրած անէծքին, եւ դար մը շարունակաբար ըրած մեր ստախօսութեան: Ի՞նչ կը խորհիք: Ասիկա թերեւս հայերուն (տղամարդոց, կանանց եւ… նոյնի՛սկ երախաներուն) արտասանած անէծքն է, որոնք հեծեծանքով մեռան եւ թաղուեցան առանց դագաղի: Հաւանական է որ մեր հոգիներուն մէջ ստեղծուած փոթորկներն ըլլան: Փոթորիկներ՝ ստեղծուած մեր անբախտ քաղաքացիներուն տառապող ուրուականներուն կողմէ: Ուրուականները հայերու, յոյներու, ասորիներու, եւ յետոյ՝ ալեւիներու եւ քիւրտերու:

 Թերեւս 1915-էն յետոյ կատարուած ջարդերն ըլլան պատճառը որոնք հաշուի մէջ իսկ չեն առնուած, եւ որոնց «հատուցման գիները» մնացած են անվճար: Եւ հիմա, թոռներն են որ կը հատուցանեն տարբեր մերձավայրերու մէջ…: Խլուած եւ գողցուած կեանքերու փոխարէն , կողոպտուած տուներու եւ քանդուած եկեղեցիներու փոխարէն, գրաւուած դպրոցներու եւ կալուածներու փոխարէն անոնք անիծա՛ծ են մեզի: Անիծած՝ «Աստուած ձեզի եւ գալիք բոլոր ձեր սերունդներուն պարտական դարձնէ եւ վճարել տայ այս բոլոր…:» Արդեօք սկսա՞ծ ենք մեր ցարդ գործած բոլոր անարդարութիւններուն հատուցման: Անցեալի մեղքերը ընդդիմադրելու անկարողութեան պատճառով՝ վճարումը արդեօք յանդգնութեա՞մբ կը յայտնաբերուի, թէ՝ անպարկեշտութեա՛մբ, որը մեզի համար սովորութիւն դարձած է, անարդարութեան գործադրութիւնը թոյլատրելի դարձնելու համար: Կը թուի թէ մեր ընկերութիւնը դարէ մը ի վեր անկման մէջ կը գտնուի, բորբոքելով իր շուրջը գտնուող ամեն ինչ:

Հակառակ այս դար մը երկարող անէծքի գոյութեան, 2015-ը պիտի անցնի, «Իրապէս՝ ցեղասպանութիւն եղա՞ծ էր» վիճաբանութիւնը անպատասխան մնալով: Ականատես պիտի ըլլանք երկրին ներկայ վարձակալներուն թափած անսահման ճիգերուն այս ամօթը ծածկելու, եւ յետաձգելու ընդդիմութեան տանող որեւէ մէկ քայլ: Եթէ իրենց մնար, 2015 թուականը պարզապէս զանց կ’առնէին : Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու արձանագրութիւնը կը բաղկանայ երեք թառամած առարկութիւններէ. մաքառում, թշնամիին հետ աշխատակցութիւն եւ զոհարկութիւն: «Հայերն էին որ մեզ սպաննեցին »ը թութակի մը ըրածին պէս պիտի կրկնուի գիտաժողովներու շարանով մը: Եւ մենք ալ պիտի պարենք սովորական մեր եղանակներով: Ապրիլ 24 -25ին պաշտօնական արարողութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Անզագի Օրը տօնելու, որը ո՛չ մէկ կապ ունի ցեղասպանութեան հետ: Եւ պիտի լսենք առատ առասպելներ Տարտանելզի մէջ կատարուած քաջագործութիւններուն մասին: Բայց մեր պատմութիւնը լսող ոեւէ մէկը պիտի չգտնենք:

Մեր հանդէպ քանի՞ նոր նզովանք պէտք է կատարուի, որ մենք հակումն ունենանք .

-մեր պետութիւն- հիմնող արիւնոտ գործընթացը հաշուեյարդարի ենթարկելու,

ծանօթանալու եւ յիշելու , թէ ինչպէ՜ս անվնասակար, արդիւնաբեր, աշխատասէր, տաղանդաւոր, խաղաղասէր ժողովուրդ մը որ Անատոլիոյ մէջ կ’ապրէր, ջնջուեցա՜ւ հոն ապրող ռամիկներու կողմէ,

– զգալու ծուծը այն բռնութեան, որ մղեց անբախտ հայերը ճչալու «Ո՛ւր էիր Աստուած» 1915-ի ամրան, երբ ամեն ինչ ցուրտ էր ու խաւար,

-գիտնալու, որ 1915-ին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող միլիոններ հաշուող հայութիւնը այսօր իսկապէս պակսած է գրեթէ ոչինչի՛: Իսկ հոն ապրող մնացորդացն անոնց , ծածկա՛ծ է իր ինքնութիւնը, կամ՝ իսլամացած, մէկ թի աւլելով «ցեղասպանութի՞ւն էր կամ ոչ» առեղծուածը, կամ՝ «ո՞վ որուն սպաննեց» հարցումը: Եւ ականջ դնենք մեր խղճի ձայնը յստակօրէն լսելու,

– հասկնալու, որ, Հրանդ Տինքի ըսածին պէս, փետրազարդեալ մշակոյթի մը ցեղասպանութիւնն էր, եւ ահագին քաղաքակրթութեան մը կորուստն էր որ տեղի ունեցաւ,

-ըմբռնելու, որ իր ոչ-իսլամ քաղաքացիները այլեւս չեն ապրիր այս հողին վրայ, եւ ատիկա երկրին հզօրագոյն կորուստն եղաւ,

-պարփակելու, որ ցեղասպանութիւնը (այդ խաւարի օրերուն՝ հայերը «Մեծ Եղեռն» անունը կու տան) աղետ մըն էր որ պատահեցաւ ոչ միայն հայութեան, այլ նաեւ ամբողջ երկրին,

-նկատելու, որ կորուստը սպաննուած, աքսորուած եւ փախուստ տուած մեր ոչ-իսլամ քաղաքացիներուն կորուստն էր մեր քաղքենի, կայտառամիտ մտաւորականութեան, մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան,

րժեւորելու նզովքը գրաւուած ինչքին, կալուածներուն եւ…երախաներո՜ւն,

-ըստ արժանւոյն ըմբռնելու, գրող Եաշիր Գեմալի իմաստութիւնը որ կ’ըսէ «Ուրիշ թռչուն մը չի կրնար բարգաւաճիլ լքուած բոյնի մը մէջ: Ան որ բոյն կը կործանէ, չի կրնար բոյն ունենալ: Զրկանքը զրկանք կը ծնանի»,

-հասկնալու, որ անոնք որոնք կը դրժեն վերոյիշեալ կէտերը, կ’ընեն ատիկա իմաստութեան կորուստէ մը որ կը բխի ցեղասպանութենէն:

Հայկական ցեղասպանութիւնը Մեծ Եղեռնն է Անատոլիոյ: Մեծագոյն եւ մայր-բանադրանքը այս հողին:

Անոր անէծքը պիտի շարունակուի այնքան ատեն որ մենք կը դրժենք խօսիլ անոր մասին: Ճանչնա՛նք, հասկնա՛նք եւ նկատի՛ առնենք զանիկա…:

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը պատեհութիւն մը կ’առաջադրէ մեր սովորութիւնները տնօրինելու, Դիմացինը հասկնալու, եւ սկսելու հաւաքական բուժման…


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.