88 Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ-ի Շարքերուն


Շաբաթ, 5 դեկտեմբերի երեկոյեան 88 նորագիրներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան ՀՅԴ-ի Լիբանանի կազմակերպութեան շարքերուն` ՀՅԴ ԶՈՄ-էն, ԼԵՄ-էն եւ շրջաններէն:

Բարի գալուստի խօսք արտասանելէն ետք Վիգէն Աւագեան ներկայացուց նորագիրները, ապա հրաւիրեց երդման արարողութեան: Օրուան կնքահայրն էր Ցոլակ Թիւթէլեան: Ան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ մեծագոյն ձեռքբերումները արդիւնքն են հաւաքական գործունէութեան եւ հաւաքական որոշումներու, որոնք դարերու ընթացքին ոչ միայն կերտած են հայ ժողովուրդի հաւաքական անհատականութիւնը, այլ նաեւ ապահոված անոր յարատեւ գոյութիւնը:

Ցոլակ Թիւթէլեան հաստատեց, որ մեր գոյատեւումը իբրեւ ազգ կը պարտինք Մեսրոպ Մաշտոցին ու անոր Այբուբենի գիւտին, որովհետեւ առանց Այբուբենին պիտի չկարենայինք մեր մշակոյթը կերտել, ոչ ալ մեր ինքնութիւնը պահպանել: Ան ըսաւ, թէ Մաշտոցի գործը շարունակեցին Ղեւոնդ Երէցները, Կարմիր Վարդանները եւ Արամ Մանուկեանները, որոնք պահպանեցին մեր կրօնն ու հաւատը, եւ որոնք ապագային դարձան մղիչ ուժը դաշնակցական ֆետայիին, որ պաշտպանեց մեր հողն ու պատիւը: Ապա Թիւթէլեան աւելցուց. «Մեր հերոսները պատահականութեան ծնունդ չեն, այլ արդիւնք են հաւաքական անհատականութեան: Հաւաքական անհատականութիւնն է, որ կը ստեղծէ սուրբերն ու հերոսները` իւրաքանչիւրը իր ատենին եւ ըստ պահանջուած գործին: Այս ծիրին մէջ կարելի է հասկնալ ծնունդը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, որ յաջողեցաւ շաղկապել ազգն ու հաւատքը»:

Ապա խօսքը ուղղելով նորագիրներուն ըսաւ. «Այսօր հաւաքուած էք անվերապահ, կազմ ու պատրաստ, միանալու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն: Ձեր երիտասարդ եւ կորովի ներդրումը ունենալու համար մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին եւ կամքի վերելքին, անոր շահերու պաշտպանութեան եւ արդար դատի լուծման»:

Ցոլակ Թիւթէլեան աւարտեց խօսքը նորագիրներուն մաղթելով յաջողութիւն, բարի եւ անխափան երթ` ապագայ գործունէութեան եւ արդիւնաւէտ աշխատանքներուն:

Նորագիրները «Սարգիս Զէյթլեան սերունդ» կոչուեցան` ի յիշատակ գաղափարի մարտիկ եւ անզուգական ղեկավար գործիչ Սարգիս Զէյթլեանի:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.