Արեւմտահայերէնը եւ մանկավարժութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները 21-րդ դարուն (Գ)
Գոնէ մեր սերունդի ուսուցիչներուն մեծ մասը, երբ սկսած է դասաւանդել, իր մտապատկերին մէջ ունեցած է իր սիրած ուսուցիչներէն մէկ քանին, փորձելով զանոնք կրկնել կամ անոնց կիրարկած ձեւերը օգտագործել: Իբրեւ մեկնակէտ ասոր մէջ սխալ բան չկայ, սակայն երբ չենք մտածեր մանկավարժութիւնը, չենք քններ ու հարցադրեր զայն, կ’իյնանք նոյն կրկնողական կիրարկման շրջագիծին մէջ:
Փաուլօ Ֆրիէրի 1970-ին հրատարակած «Ճնշուածներու մանկավարժութիւնը», իր մօտեցման ձեւին մէջ, իսկական յեղափոխութիւն էր ինծի համար: Երբ աշակերտը կը նկատուի իբրեւ դատարկ անօթ մը, որուն մէջ ուսուցիչը «կը թխէ» գիտութիւնը (Banking concept of education), այսինքն՝ ուսուցիչը կը դառնայ ներկայացնող- պատմողը, իսկ ուսանողը՝ չէզոք ընկալողը: Այսպէս, ուսուցումը յաճախ գոց սորվելու կամ յիշողութեան մէջ ամբարելու մեքենական գործողութեան մը կը վերածուի՝ ըստ Ֆրիէրի: Իր ազատագրման մանկավարժութիւնը կը փորձէր ուսուցիչ-աշակերտ հակադրութիւնը քանդել եւ սորվելիք նիւթի նպատակակէտին հասնիլ միասնական գործակցութեամբ: Ուսուցիչը պարտադրելու փոխարէն ուսուցման առարկան, զայն կը տեսնէ իբրեւ ազատագրումի գործնականացումը՝ շեշտելով կապը վաղուան անհատին եւ իրականութեան, անհատին եւ արտաքին աշխարհին միջեւ: Ուսուցիչին դերը այստեղ ուսանողին քայլերը կ’առաջնորդել էր դէպի ձեռք բերուելք գիտութիւնը:
Ֆրիէրի առաջադրած ազատագրման մանկավարժութիւնը մե՛զ կը շահագրգռէ նաեւ, որովհետեւ կը մղէ պատրաստելու քննարկող, հարցադրող, մտածող եւ մասնակից սփիւռքահայը, որ գիտակից է իր իրականութեան եւ մարտահրաւէրներուն եւ սպառողական ընկերութեան արժէքներն ու «տուածը» հալած իւղի պէս չ’ընդունիր, դպրոցական տարիներէն իսկ վարժուած կ’ըլլայ իրականութիւնը քննարկելու եւ վերլուծելու եւ մտածուած որոշումներ առնելու: Բնականաբար, անկախ պետական ծրագիրներէն, դասաւանդուող առարկան եւս պէտք է կապ ունենայ ուսանողին հետ եւ զինք շահագրգռէ:
Հետաքրքրականօրէն արդի մանկավարժութեան կարեւոր դէմքերէն Լեւ Վըկոսքիի ընկերա-մշակութային մօտեցումը եւս կ’ուզէ ուսանողը հասցնել զարգացման մօտաւոր շրջագիծի մը (the zone of proximal development), որմէ անդին ան պիտի կարողանայ ընկալել եւ իւրացնել իր դիմաց բարձրացած մանկավարժական առաջադրանքը: Վըկոսքի նաեւ կը շեշտէր ընկերութեան աւելի փորձառու անդամներուն, նոյնիսկ աւելի հասուն կամ պատրաստ դասընկերներու դերակատարութիւնը այս հոլովոյթին մէջ, դպրոցին մէջ կատարուի այս սորվելու աշխատանքը, թէ անկէ դուրս: Ամէն պարագայի, թէ՛ Ֆրիէրի եւ թէ՛ Վըկոսքիի համար՝ ուսանողին մասնակցութիւնը կենսական է մանկավարժութեան մէջ, որովհետեւ զայն բաժնեկից դարձնելով այս հոլովոյթին, ուսանողը աւելի շահագրգռուած կ’ըլլայ մատուցուած ծրագրով եւ յաելեալ յանձնառութիւն մը կը զգայ զայն իւրացնելու առընչութեամբ: Վըկոսքի նաեւ կենսական կը նկատէր ընկերութեան տրամադրած միջոցները ուսուցման մէջ, ինչ որ միշտ մանկավարժական «գործիք»ներու, «զէնք»երու կարեւորութիւնը կը շեշտէր, եւ եթէ անոնք անցեալին արդիական բառարանները, դասագրքերը, ընթերցման համապատասխան նիւթերն ու գրադարաններն էին միայն, այսօր անոնց վրայ կ’աւելնան համացանցը, «խելացի պաստառները» (smart boards) կամ համակարգչային դասագրքերն ու մանկավարժական նիւթերը:
Գաղտնիք չէ, որ իբրեւ ծնողք եւ ուսուցիչ, յա՛տկապէս վերջին տասնամեակին նոր մարտահրաւէրներու դիմաց գտնուեցանք մեր զաւակներու դաստիարակութեան մէջ: Համակարգիչներու, բջիջային հեռաձայներու կամ այսպէս կոչուած այ փատերու միջոցաւ համացանցի ներկայութիւնը շարունակ կը «ռմբակոծէ» ուսանողը համաշխարհայնացման պարգեւներով: Նախապէս ծնողքը եւ ուսուցիչն էին երեխային կազմաւորման երկու հիմնական ազդակաները: Ձայնասփիւռը եւ հեռատեսիլը աւելի ուշ աւելցան անոնց վրայ՝ յաճախ բրտութեան, զգայացունցին առաջնորդող եւ բարոյական այլ արժէքներ բերող իրենց բովանդակութեամբ: Իսկ այս բոլորը շատ աւելի շեշտուեցան վերոյիշեալ միջոցներով: Դպրոցական անցքերուն մէջ, նստասենեակներու մէջ, ինքնաշարժներու թէ հանրային փոխադրութեան մէջ, ճաշարանները, նոյնիսկ խաղադաշտերու նստարաններուն վրայ կը տեսնենք մեծ ու պզտիկ, որոնք զբաղած են իրենց բջիջայիններով ու այ փատերով: Նոյնիսկ ծնողներ յաճախ կը գանգատին, որ չեն գիտեր, թէ իրենց զաւակները ինչ կը դիտեն համակարգիչներու վրայ: Ամէն պարագայի, հաղորդակցութեան լայն միջոցներուն մէջ տիրապետող լեզուն անգլերէնն է, յաճախ հոն վայրագութիւնն ու սեռային թելադրականութեամբ կամ բովանդակութեամբ յայտագիրներ կը վխտան, գործածուող լեզուն կրնայ հայհոյանքներով եւ վիրաւորական արտայայտութիւններով յագեցած ըլլալ, եւ անուղղակի դաստիարակութիւն մը կը տրուի այնտեղ, որ կրնայ անյարիր ըլլալ թէ՛ մեր մարդկային եւ թէ՛ ազգային արժէքներուն: Այս մէկը չ’օգներ ո՛չ հայեցի դաստիարակութեան, ո՛չ ալ Քեպէքի պէս նահանգի մը մէջ ֆրանսերէնով ուսուցուած նիւթերու տիրապետումին: Տակաւին չեմ անդրադառնար վայրագ պատկերերիզի խաղերու ազդեցութեան մասին (violent video games), որոնք բրտութեան կրնան մղել յատկապէս տկար աշակերտները եւ ճնշախտէ տառապող անհատներ, առաւել՝ մոլութեան կրնան վերածուիլ: Չեմ ժխտեր անոնց հետաքրքրական ըլլալը, սակայն նոյնինքն անոնց հետաքրքրական ըլլալը կ’ազդէ ուսանողին վրայ, պատճառ ըլլալով որ դասերուն բաւարար ժամանակ չտրամադրէ, կամ հեռանայ գրքեր կարդալէ:
Չեմ ուզեր սխալ հասկցուիլ. պատանին ու երիտասարդը հետաքրքիր միտք ունին եւ չենք ուզեր եւ չենք կրնար զիրենք կտրել արտաքին իրականութենէն, սակայն կրնանք զիրենք գիտակից դարձնել իրենց կացութեան, սպառողական ընկերութեան եւ համաշխարհայնացման վտանգներուն: Առաւել, քննական, վերլուծական գիտակից մտածողութիւն մը առաջացնելով իրենց մէջ, Ֆրիէրի մօտեցմամբ ազատագրող դաստիարակութիւն մը կիրարկելով մտածող անհատներ կրնանք պատրաստել, եւ մեզի պէտք եղածը այս է:
Յարութիւն Պէրպէրեան