Հայ դպրոցի փակման-բացման մասին


Ըսինք 100մեակ՝ եւ դպրոց կը փակենք… Հայապահպանման թատրոն…

Դրական կերպով կը յուզուիմ ամէն անգամ երբ կ’իմանամ, որ հայկական սփիւռքներէն օժանդակութիւն կ’ըլլայ Հայաստանի դպրոցներուն: Ազնիւ գիտակցութեան փաստ: Բայց այդ ազնուութիւնը միշտ կարճատեսութիւն համարած եմ, երբ կանգնած եմ սփիւռքներու մէջ հայկական վարժարաններու փակման փաստին առջեւ:

Սփիւռքներու հայկական ինքնութեամբ տոկալու եւ տեւելու հիմնակառոյցը հայկական վարժարանն է, առանց որուն դեռ ժամանակ մըն ալ կրնանք ապրիլ որպէս ծագումով հայեր, կարգախօսներ կրկնելով: Այս հարցի մասին չէի ուզեր խօսիլ, քանի որ յաճախ այն զգացումը կ’ունենայի, որ յոռետես կը դառնայի, եւ յոռետեսութիւնը ընկերութեան համար աւերիչ ախտ է:

 Մեծ խորշակներէ անցած հայկական Պոլիսը ինքնութիւն պահեց, քանի որ դպրոցներ պահեց, գաւառի հայերը փրկեց, քանի որ պատրիարք մը Դպրեվանք հաստատեց:

Բայց կրկին հայկական վարժարան մը փակուեցաւ աշխարհի մեծագոյն «հայկական քաղաք» Լոս Անճելըսի մէջ, ուր հայկական կեդրոնի մը ճակատին անուն մը գրուած տեսնելու համար բազմաթիւ միլիոններ կը տրուին: Կը փակուի հայկական դպրոց մը, որուն հովանաւորները, անհատներ եւ կազմակերպութիւն, նիւթական մատակարարման խնդիր պէտք չէ որ ունենային:

 Դպրոցը կը փակուի, շէնքը կը վաճառուի: Ի՞նչ բանի կը յատկացուի գոյացած գումարը: Դպրոցի բացումը կը յայտարարուի, ինչո՞ւ փակումն ալ փողով-թմբուկով չի յայտարարուիր բեմ բարձրացող երեւելիութեան մարմաջ ունեցող ճառախօսներով:

Անցեալ դարու վերջին քառորդէն ի վեր, սփիւռքներու մէջ, տասնեակներով հայկական դպրոցներ փակուեցան, պատմական հարուստ ժառանգութեամբ, սերունդներ դրոշմած, եւ այլ, ինչպէս Փարիզի Մխիթարեաններու Սամուէլ Մուրատ հռչակաւոր վարժարանը եւ Կիպրոսի նախնամական դեր կատարած Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը: Ան նախախնամական դեր ունեցաւ Միջին-Արեւելքի հայութեան համար, եւ հիմա, որ Կիպրոսը Եւրոմիութեան անդամ է, կրնար նոյն նախախնամական դերը ունենալ Եւրոպայի հայութեան համար, ուր գիտենք որ դպրոցներու առատութիւն չկայ:

Դպրոցներ փակուեցան, երբ հայկական սփիւռքը երբեք այսքան մեծ համրանք չէր ունեցած: Տրամաբանական հետեւողութեամբ, այսօր աւելի մեծ թիւով դպրոցներու կարիք պէտք է ըլլայ: Երեւոյթը համազգային ուշադրութեան առարկայ չեղաւ, ոչ ոք համազգային պատասխանատուութեան չկանչուեցաւ, եւ կեանքը կը շարունակուի իր մեծ ու պզտիկ փառասիրութիւններով, հրավառութիւններով, Հայաստան երթեւեկով, խորհրդաժողովներու մասնակցութեամբ եւ ամէն առիթով շնորհուած… շքանշաններով:

Դժբախտաբար սփիւռքը չունի համազգային իրաւասութեամբ օժտուած ղեկավարման կառոյց, որպէսզի էական հարցերու մասին քննութիւն կատարէ, պատասխանատուութեան կանչէ, խօսի հանրային կարծիքին եւ վճիռ կայացնէ: Չարութիւն թող չհամարուի եթէ ըսենք, կղզիացման դրութեան պատճառով, ազգային հիմնական կարեւորութիւն ունեցող խնդիրներուն ստիպուած կ’ըլլանք թաղային միութեան մը ոճով վերաբերիլ: Այսինքն ըսել, որ աշխարհ չի քանդուիր եթէ հայկական վարժարան մը փակուի:

Դպրոցի մը փակումը ազգավնաս գործ է եւ չես գիտեր ինչ-ինչ պատճառներով ախտաճանաչում չի կատարուիր եւ պատասխանատուներ հրապարակային քննադատութեան չեն ենթարկուիր: Դպրոցի մը փակումը ճակատամարտ մը կորսնցնելու համազօր է, երբ անպակաս ճառերու մէջ կը կրկնուի, որ հայկական սփիւռքը չանհետանալու պատերազմ կը մղէ:

 Բարեբախտաբար դեռ կը պատահի, որ դպրոցի նախախնամական դերին հաւատացող քաջեր կը յանդգնին նոր դպրոց բանալ:

Սփիւռքի պայմաններուն մէջ, հայ ազգային-քաղաքական հիմնական առաջադրանք է, եւ պէտք է ըլլայ, վերհամայնքային, վերկուսակցական, վերջոջական: Ան մանկավարժական-ուսուցողական ծրագիր է ամէն բանէ առաջ, այդ ծրագիրն է որ իմաստ կու տայ դպրոցին եւ վստահութիւն կը ներշնչէ ծնողներուն եւ նախաձեռնողներուն: Այլ խօսքով, դպրոցի մը նախաձեռնողները եւ «տէր»երը մանկավարժական-ուցուցողական ծրագիրը կրնան պահանջել, բայց իրենք չեն անոր յղացողները եւ գործադրողները: Այդ ծրագիրը կը մշակուի եւ կը գործադրուի մանկավարժական որակաւոր անձնակազմին կողմէ: Կրթական հաստատութիւն մը, եթէ չունի մանկավարժական-ուսուցողական ծրագիր, դատապարտուած է ճահճացման:

Դպրոցի «տէր»երը պիտի հասկնան, որ կրթական-մանկավարժական աշխատանքը մասնագիտական է, ոչ միութենական է ոչ ալ տիրացուական: Այսինքն, դպրոցը հանրութեան պէտք է ներկայանայ իր մանկավարժական-ուսուցողական ծրագրով: Դպրեվանք մը ունի իր մանկավարժական-ուսուցողական ծրագիրը, կը նպատակադրէ ժողովուրդի հոգեմտաւոր կարիքներու բաւարարումը: Անցեալին, մասամբ ալ այսօր, դպրեվանքերը, ուսուցիչ եւ գրող կը հասցնէին ժողովուրդին, այլ կառոյցներու բացակայութեան:

Աշխարհիկ ընկերութիւնը ունի իր կարիքները: Անոր բաւարարման համար պետութիւնները ունին իրենց դպրոցները: Յաճախ կ’ըսուի, որ քաղաքակիրթ երկիրներու պետական վարկերու մեծագոյն տոկոսը կը յատկացուի դպրոցին, կրթական գործին: Հայկական սփիւռքը պետութիւն չէ, բայց աւելի քան իր հողին վրայ ապրող ժողովուրդը, ան անմիջականօրէն իր ինքնութեամբ ապրելու խնդիր ունի, իսկ այդ ինքնութիւնը կը կերտուի-կը պահուի դպրոցով, ոչ կարգա-խօսներով, ոչ ալ խրախճանքներու ընթացքին գոռացող բարձրախօսներու աղմուկով:

Երբեմն քաջութիւն պէտք է ունենալ, անարժան լուսապսակները դիմակի պէս վար առնելու, եւ ըսելու, թէ ինչո՞ւ կը փակուի դպրոց մը, եւ կամ օր մը կրնայ փակուիլ դպրոց մը: Դպրոցներու շուրջ դարձողներ կան, որոնք մանր եսերու բաւարարութիւն կը փնտռեն, որոնք մինչ այդ հայ դպրոցի շրջափակէն ներս ոտք դրած չեն ըլլար: Ի՞նչ ընելու կու գան: Դպրո՞ցն է նպատակ, թէ՞ իրենց եսը: Դպրոցաշինութիւնը ազգակերտ նպատակ է. այդ նպատակը քարը եւ աղիւսը չեն, այլ անոր բովանդակութիւնը, զոր կը կոչեն մանկավարժական-ուսուցողական ծրագիր:

Երբեմն կը մտածեմ, որ դպրոցի մը բացման առիթով հանդիսութիւն կը կազմակերպուի, բեմին վրայ մարդիկ զիրար կը հրմշտկեն պատմական լուսանկարին վրայ անմահանալու համար: Դպրոցի մը փակման առիթով ինչո՞ւ հանդիսութիւն մը տեղի չ’ունենար, որպէսզի կրթական գործի ապագային իրապէս հաւատացողներ հոտած հաւկիթ եւ փտած լոլիկ տեղացնեն դպրոց փակող վարչագէտներուն գլխուն, որպէս դամբանական:

Իսկ մանկավարժական-ուսուցողական ծրագիրէ անտեղեակ եւ անոր չհաւատացող այդ վարչագէտնե՞րը… Անոնք են այսօրուան եւ պիտի ըլլան վաղուան դպրոց փակողները, որոնք կը գինովնան տեսքով, մարմարով, գինեձօնով:

Տարիներ առաջ դպրոց փակուեցաւ, որովհետեւ խնայողութեան պիտակի տակ ուսուցչական որակը պակսեցաւ, եւ աշակերտութեան համրանքն ալ հետեւեցաւ նոյն նուազման ընթացքին, մինչդեռ որակի բարձրացումը պիտի աճեցնէր համրանքը եւ դպրոցը պիտի տեւէր:

Դպրոցի մը փակման առիթով դամբանական չի խօսուիր, գինեձօն չի կազմակերպուիր: Դպրոց կը փակուի մութի մէջ:

 Իսկ զարմանալին այն է, որ հայ զանգուածները, Հայաստան եւ սփիւռքներ, անոնք որոնք ճառ կը խօսին դպրոցի մը բացման եւ ներկայ կ’ըլլան գինեձօնի, ընդարմացման վիճակի մէջ կը մնան, կ’ենթարկուին, կը լռեն, փոխանակ ազգի գոյատեւման իրաւունքը պաշտպանելու:

Հայ դպրոցը ազգին կը պատկանի, ոչ միութեան մը, ոչ թաղականութեան մը: Այս վերջինները հաշուետու են ազգին, իրենց տրուած վստահութեան համար:

Ինչպէ՞ս բացատրել դպրոցներու փակման դիմաց ազգի անդամներու կրաւորականութիւնը: Ի՞նչ կը բանին հանրային կարծիքը առաջնորդելու կոչուածները եւ կառոյցները:

Այս կրաւորականութեան քննադատութեամբ պէտք է դատել լուսարձակներէ եւ  եւ բարձրախօսներէ հոսող խօսքի կեղծիքի մանրավաճառները:

Սփիւռքներու համար ի՛նչ աւելի աւերող է քան հայ դպրոցի փակումը:

Սրահի մը մէջ հաւաքուիլ արժէքներու ցուցադրութեան համար կամ տարին անգամ մը փողոց իջնել դատ մը պաշտպանելու համար, պիտի չփոխարինեն հայ դպրոցը:

Այս գիտակցութեամբ ճակատ պէտք է յարդարել, զօրաշարժի ենթարկել հայ զանգուածները, աստ եւ անդ, դպրոցի մը փակման որոշում կայացնողներուն դէմ, եւ պայքարիլ՛ որպէսզի մեր դպրոցները տոկան եւ տեւեն իրենց իրաւ ազգային մանկավարժական-ուսուցողական ծրագիրով:

Պէտք է գիտնալ թէ ո՞ւր եւ ինչո՞ւ ներդրումներ կ’ըլլան, միշտ նկատի ունենալով սփիւռքի ազգային ինքնութեամբ տոկալու եւ տեւելու անմիջական եւ հեռանկարային գաղափարախօսութիւնը:

 Յ. Պալեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.