Անխուսափելի եւ Վճռական «Այո՛»-ն


Հարց կու տանք, թէ ինչպէ՞ս կարելի է արդարութեան, բարեփոխութիւններուն եւ ժողովրդավարութեան դէմ արտայայտուիլ, պայքարիլ եւ քուէարկել:

Իսկապէս անհասկնալի է թէ, ինչպէ՞ս ՄԱՐԴ դէմ կրնայ արտայայտուիլ այդպիսի բարեփոխումներու եւ քանի մը օրէն, յառաջիկայ Կիրակի, Դեկտեմբեր 6-ին կատարուելիք սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն «Ո՛չ» քուէարկելով, պահէ ներկայ կեդրոնացեալ կառոյցը:

Պարզաբանելու համար, կեդրոնացեալ կառոյցը՝ երկրի նախագահին իրաւասութիւններն են, որոնք ներկայ օրերուն կը բնորոշուին որպէս «գերնախագահական», այսինքն նախագահն է, որ կրնայ շրջանցել բազմաթիւ որոշումներ:

Սահմանադրական փոփոխութիւններու առաջադրանքով, նախագահական վարչակարգէն խորհրդարանականին անցնելով, ճակատագրական եւ անկիւնադարձային որոշումները վստահած կ՛ըլլայ ժողովուրդին, այսինքն ժողովուրդին ընտրած ու վստահած Խորհրդարանին:

Անձի մը փոխարէն մարմինն է, որ կը ստանձնէ ազգային ու անձնական արժանապատուութիւնը պաշտպանելու եւ բարձր պահելու պարտականութիւնը։

Հետաքրքրականը այն է թէ, սահմանադրութեան փոփոխութիւններու առաջարկը, այսինքն նախագահին իրաւասութիւնները խորհրդարան փոխանցելու գործընթացը կը կատարուի նոյնինքն երկրի նախագահի առաջարկով:
Զարմանալի երեւոյթ, որուն բացատրութիւնը ծայրայեղական եւ մերժողական ձեւով կը նկարագրէ քար «Ո՛չ»ի քուէարկողը: Արդարեւ, անոր համար նախագահական վարչակարգէն վարչապետական համակարգ փոխադրելու առաջարկը միակ միջոցն է ուր կարելի կ՛ըլլայ երկարաձգել իր իշխանութիւնը։

Նմանօրինակ ռազմավարութիւն մը կատարուած էր քանի մը տարի առաջ Ռուսաստանի Դաշնակցութենէն ներս, երբ նախագահ Փութին ստանձնած էր վարչապետի պաշտօնը, եւ ապա վերստին տիրացած նախագահութեան աթոռին:

Նմանօրինակ բաղդատական կատարելը անիմաստ, անընդունելի եւ յերիւրածոյ է: Ինչ որ ալ ըլլան յետին հաշիւները, վարչապետական դրութիւնը իր թափանցիկութեամբ եւ ժողովրդավարական կանոններով շատ աւելի առիթ կը ստեղծէ որպէսզի ԱՆՁի փոխարէն գաղափարը գործէ բոլոր բնագաւառներէ ներս, ընկերային, տնտեսական, դատական թէ քաղաքական:

Հետեւաբար արագօրէն եւ հպանցիկ ակնարկ մը նետելով, շուտով «Ո՛չ» ըսել սահմանադրական փոփոխութիւններուն, չքննարկելով այդ փոփոխութիւններուն բովանդակութիւնը եւ չհամեմատել նախկին առաջարկներուն հետ, կը նշանակէ մասնակցութիւն չբերել եւ արհամարհանքով մօտենալ այս ժողովրդավարութիւն բուրող գաղափարին:

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը առաջինն էր, որ կողմ արտայայտուեցաւ խորհրդարանական կառավարման ձեւին: Օրին, նոյնիսկ, իբրեւ դժգոհութիւն, նախարարներ ներկայացուցին իրենց հրաժարականը եւ այսօր քանի մը տարի ետք, ի վերջոյ նախագահ Սարգսեան եւ իր Հայոց Հանրապետական Կուսակցութիւնը ի վերջոյ համոզուեցան թէ, ժամանակն է ժողովրդավարական քայլեր առնելու:

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը անընդհատ ըսած է, թէ ճի՛շդը խորհրդարանական համակարգն է, այլ ոչ թէ նախագահական կամ կիսանախագահական համակարգը եւ այդպէս ալ «Այո՛» քուէարկելով պիտի շարունակէ իր ուղին:

«Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագրական.


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.