«Սուրիահայ գաղութը զօրաւոր արմատներու վրայ հիմնուած գաղութ է». Հ.Յ.Դ.Սուրիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամ Ներսէս Սարգիսեան


Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի հրաւէրով, շրջանէն ներս կը գտնուի Սուրիոյ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ եւ Սուրիահայ Շտապ Օգնութեան Մարմնի անդամ՝ Ներսէս Սարգիսեան, որ զանազան գաղթօճախներ պիտի այցելէ եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցէ ներկայ իրավիճակին մասին: Ներսէս Սարգիսեան այցելեց «Հայրենիք» եւ այս առթիւ կարելի եղաւ երկար հարցազրոյց մը կատարել, որ յապաւումով կը ներկայացնենք.-

Հ.- Կարելի՞ է ներկայացնել ներկայ կացութիւնը շրջանէն ներս:
Պ.- Սուրիոյ տարածաշրջանէն ներս կատարուած անցուդարձերը հասած են միջազգային մակարդակի: Մեծ պետութիւններ միջամուխ կþըլլան, որոնք դուռ կը բանան միջպետական բախումներու: Կրնայ այնպիսի կացութիւն մը ստեղծուիլ, որ համաշխարհային պատերազմի մը սեմին հասնինք: Սակայն հակառակ, բարդ կացութիւն մը ըլլալուն, դժուար թէ այդպիսի բան մը կատարուի: Բնականաբար ոչ ոք պիտի փափաքի այդ կացութեան հասնիլ: Ի վերջոյ կարելի պիտի ըլլայ համաձայնութեան մը յանգիլ սուրիացիներու միջեւ երկխօսութեան ճամբով։
Սակայն, ցայսօր պատերազմը կը շարունակուի եւ վտանգները միշտ ալ կը մնա առկայ:

Հ.- Ի՞նչ կը ներկայացնէ շրջանի գաղութներու իրավիճակը: Յատկապէս Հալէպ եւ անշուշտ Դամասկոս, Լաթաքիա, Քեսապ, Գամիշլի եւ այլ շրջաններ:
Պ.- Համեմատաբար, վերջին երկու ամիսներուն, Հալէպի ապահովական կացութիւնը աւելի բարելաւուած է: Նահանգային մակարդակով, պետական ուժերու կողմէ, կարելի եղած է բաւական յառաջխաղացք կատարել եւ ահաբեկչական խմբաւորումները հեռացնել աւելի սահմանամերձ շրջաններ: Այս յառաջխաղացքին նպատակն է ապահովել քաղաքն ու անոր կապը յատկապէս հարաւ-արեւմտեան այլ քաղաքներու հետ: Յատկապէս, Համա եւ Հոմս քաղաքներու հետ կապող ճանապարհներն են որոնք կարեւոր են: Այս գծով կարեւորագոյն բանալի ճամբան Խանասէրն է, որ 150 քլմ. (100 մղոն) երկարութիւն ունեցող անապատային անցք մըն է եւ այդ իսկ պատճառով բազմիցս յարձակման թիրախ կը դառնայ ահաբեկչական ուժերու խմբակներու կողմէ, որոնք քանի մը ժամ անցարգելներ հաստատելով, պատճառ կը դառնան առեւանգումներու եւ սպանութիւններու:
Հալէպի միջազգային Նայրապի օդակայանը պետական ուժերու գերակշռութեան տակ կը գտնուի եւ կը գործածուի միայն ու միայն զինուորական գործողութիւններու համար: Ապահովական պատճառներով, ցայսօր դադրած են ճամբորդատար թռիչքները:
Մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ վիճակը համեմատած Հալէպի շատ աւելի բարելաւուած է: Մերթ ընդ մերթ հիւսիս արեւելեան Ճոպար շրջանէն ահաբեկիչներ ռմբակոծումներ կը կատարեն, որոնք իրարանցում կը ստեղծեն եւ երբեմն անակնկալօրէն կատարուելով պատճառ կը դառնան որ անմեղներու կեանքը վտանգուի: Այլապէս տնտեսական եւ կենցաղային բնագաւառներէն ներս, շատ աւելի լաւ պայմաններու մէջ կը գտնուի Դամասկոսը:
Գամըշլիի շրջանը շատ աւելի ապահով վիճակի մէջ կը գտնուի: Տեղւոյն քրտական ներկայութիւնն ու պետութիւնը, գործակցաբար ստանձնած են շրջանի ապահովութիւնն ու անդորրութիւնը:
Քեսապի պարագային, արդէն իսկ այս օրերուն աշխատանք կը տարուի ամբողջովին հեռացնելու ահաբեկչական ուժերը Ժապալ Աքրատ եւ Ժապալ Թիւրքմէն (ուր վերջերս պատահեցաւ ռուսական օդուժին պատկանող Սուծոյին դէպքը) շրջաններէն: Այսպէս Քեսապ – Լաթաքիա մայրուղին գործածելի պիտի ըլլայ, փոխանակ երկրորդական ճամբաներ օգտագործելու: Արդէն իսկ Քեսապահայութիւնը վերադարձած է մեծամասնութեամբ:
Լաթաքիան, մօտակայ Թարթուս նաւահանգիստին հետ կը մնայ Սուրիոյ ամենէն աւելի ապահով քաղաքը: Բազմաթիւ հայորդիներ, առժամաբար հոն փոխադրուած են:

Հ.- Կարիքի եւ օժանդակութեան գծով, ի՞նչն է առաջնահերթը: Կարելի՞ է մանրամասնել:
Պ.- Շատ են կարիքները, սակայն հոս նշեմ թէ նոյնիսկ ամենէն աւելի ահաւոր պայմաններու տակ, կարելի է դրամական միջոցներով ապահովել ամէն տեսակի սննդեղէն կամ դեղօրայք: Այս գծով, տեղին է նշել թէ Օգոստոս 2013-ին եւ Սեպտեմբեր 2015-ին ահաւոր էր կացութիւնը, Հալէպէն ներս շրջապատուած ըլլալուն պատճառաւ: Կենսանիւթերու գինը մագլցում կրած էր:

Հ.- Շրջանէն ներս, ինչպէ՞ս է կենցաղային իրավիճակը:
Պ.- Կենցաղային իրավիճակը ծանր է եւ մտահոգիչ: Երեք կարեւոր նիւթեր՝ ջուր, ելեկտրականութիւն եւ վառելանիւթ կը մնան առաջնահերթ: Ջուրի պարագային, նշենք թէ Հալէպի ջրառաքման կեդրոնը կը գտնուի ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ, որոնք միշտ ալ փակելով եւ յաւելեալ զիջումներ պահանջելով դժուարացուցած են կացութիւնը: Պատերազմի առաջին օրերէն, կառավարութիւնը, զանազան կառոյցներէ (դպրոցներ, եկեղեցիներ ու մզկիթներ) ներս յատուկ աշխատանքներ տարած է եւ խորութիւններ փորելով պատրաստած է ջրհորներ, որոնք կարելի է օգտագործել: Անշուշտ այս ջուրը ստանալու համար կարիքը կայ յատուկ մեքենայի եւ փոխադրելու համար յատուկ փոխադրակառքերու: Վառելանիւթի չգոյութիւնն ալ կը դժուարացնէ այս ջրառաքման գործընթացը: Յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելով փոխադրութեան եւ վառելանիւթի մասին, տեղեկացնեմ թէ, շնորհիւ մեր ջանքերուն, կարելի եղած է գործի լծել երեք շտապ օգնութեան ինքնաշարժներ, որոնք անդադար տրամադրութեան տակ են, մարդասիրական փոխադրութեան համար եւ ո՛չ թէ միայն Հալէպահայութեան, այլ նաեւ շրջանի բնակչութեան:

Հ.- Կրթական եւ ուսումնական բնագաւառներէն ներս, կարելի՞ է որոշ տեղեկութիւններ փոխանցել:
Պ.- Հալէպի պարագային, յստակ է թէ բազմաթիւ ազգային կրթօճախներ կը գտնուին վտանգաւոր գօտիէ ներս: «Քարէն Եփփէ» ճեմարանը, «Սահակեան»ն ու այլ դպրոցներ փակ կը մնան եւ նոյնիսկ թիրախ դարձած են ռմբակոծումներու, կրելով մեծ վնասներ: Այժմ միացեալ մէկ ազգային դպրոց կը գործէ «Կիւլպէնկեան» (Սուլէյմանիէ) դպրոցի երդիքէն ներս: Կը գործեն նաեւ Հայ Բարեգործական Միութեան (Ազիզիէ), «Կիլիկեան» (Ազիզիէ), «Կրթասիրաց» (Վիլլաներ), «Մխիթարեան», Աւետարանական համայնքի դպրոցները:
Պետական քննութիւնները սովորական ձեւով կը կատարուին, իսկ Ազգային վարժարաններէն ներս, աշակերտներուն հազիւ քսան առ հարիւրին ընտանիքները կրնան հոգալ իրենց ծախսը: Մնացեալ ութսուն առ հարիւրն ծախսը կը հոգայ ազգային մարմինը: Ընդամէնը 3500 հայորդի աշակերտներ կը յաճախեն վարժարաններ: Պարզ թուաբանական հաշիւ մը կատարելով, կարելի է հետեւցնել թէ, 12-էն 15 հայորդիներ կը բնակին շրջանէն ներս: Նախապէս աշակերտներուն թիւը կրկնապատիկն էր, այսինքն Հալէպի գաղութը կը գերազանցէր քառասուն հազարը:

Հ.- Տնտեսական բնագաւառէն ներս, գաղութը ինչպէ՞ս կը դիմադրէ դաժան կացութիւնը:
Պ.- Դաժանը ճիշտ նկարագրութիւնն է: Բազմաթիւ հայորդիներ որոնք տնտեսապէս լաւ վիճակի մէջ էին, այժմ անգործ են: Հիմնարկներ, գործարաններ, գործատեղիներ որոնք սահմանամերձ շրջաններու մէջ կը գտնուին, փուլ եկած են: Սրտաճմլիկ կացութիւն մը ստեղծուած է: Գործաւորներ իրենց արհեստին վերաբերող գործեր կը փորձեն կատարել, աւելի ապահով շրջաններէ ներս, սակայն բնականաբար եկամուտը համեմատաբար ջնջին է եւ անբաւարար: Յոյսով ենք, մօտիկ ապագային, աւելի լաւ պայմաններ պիտի ստեղծուին:

Հ.- Իւրայատուկ պարագայ մըն է Քեսապը, որ Ապրիլ 2013-ին յատուկ ներխուժման եւ տեղահանման ենթարկուեցաւ: Կարելի՞ է յաւելեալ տեղեկութիւններ ներկայ կացութեան մասին:
Պ.- Պատմութիւնը կը փաստէ թէ, երրորդ անգամ ըլլալով Քեսապը դարձաւ Թուրքիոյ թիրախը: Անգամ մը եւս տեղահանութիւն եւ բռնագրաւում: Ինչպէս, նախապէս տեղեկացուցի, շրջանը ռազմական կարեւոր դիրք նկատուելով մաքրագործման ենթակուած է: Արդէն իսկ վերադարձած է Քեսապցին: Այսօր գիւղը վերստին կը հաշուէ 1200 բնակիչ: Անշուշտ կեանքը փոխուած է: Զբօսաշրջիկութիւնն ու առեւտուրը գրեթէ գոյութիւն չունին, փոխարէն գիւղատնտեսութիւնն է որ կը հանդիսանայ քեսապահայութեան ապրուստի կարեւորագոյն միջոցը: Կեանքը սովորական կերպով կը շարունակուի:

Հ.- Գաղթ, ապաստան եւ տեղահանութիւն…հաւանաբար բաւական մելան հոսեցնող նիւթ մը: Որոշ պատկեր մը կա՞յ, թէ սուրիահայութեան առ հարիւր համեմատութիւնը, ո՞ւր ապաստանած է: Քանի՞ ընտանիքներ վերջնականապէս հեռացած են, քանինե՞ր առժամեայ ապաստանած են այլ երկիրներ:
Պ.- Նախքան պատերազմը, սուրիահայութեան թիւը ութսուն հազարի շուրջ էր: Քառասուն հազարը՝ Հալէպի մէջ, տաս հազարը՝ Դամասկոս, հինգ հազար՝ Լաթաքիա, ութ հազար՝ Ռաքքա, Տէր Զօր, Տէյրիք, Հասաքէ, վեց հազար՝ Գամըշլի, երկու հազար՝ Քեսապ: Այժմ ընդհանուր Սուրիահայութեան թիւը կարելի հաշուել քառասուն հազարի շուրջ: Այսպէս թիւերը ցոյց կու տան թէ բնակչութեան թիւը պակսած է յիսուն առ հարիւր համեմատութեամբ:
Առաջին հերթին, տեղին է նշել թէ տեղահանութիւն պատահած է յատկապէս Հալէպի վտանգաւոր թաղերէն ներս, Տէր Զօր, Թել Ապիատ, Ռաքքա, Հասաքէ եւ Եագուպիէ շրջաններէն ներս, եւ անշուշտ որոշ ժամանակաշրջանի մը համար, Քեսապի մէջ:
Գոյութիւն ունի ներքին տեղափոխութիւն, այսինքն բազմաթիւ հայորդիներ վտանգաւոր շրջաններ ձգելով, ապաստանած են ապահով շրջաններ, որոնց կարգին յատկապէս Լաթաքիա, Թարթուս եւ Մաժտա Էլ Հըլու: Իսկ արտագաղթի գծով, շատեր մեկնած են եւ դեռ ալ կը մեկնին Գանատա եւ եւրոպական երկիրներ, յատկապէս Շուէտ, Գերմանիա եւ Աւստրիա: 15 հազար սուրիահայեր ապաստանած են Լիբանան եւ նոյնքան է թիւը Հայաստան ապաստանողներուն:
Հոս տեղին է նշել թէ եթէ պայմանները բարելաւուին եւ երկիրը վերստին կայուն կացութեան մէջ գտնուի, դժուար թէ հեռաւոր երկիրներ գաղթողները վերադառնան: Փոխարէն Լիբանան եւ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը, կրնան վերադառնալ: Հոս անշուշտ նշեմ թէ որքան երկարի հարցը, այնքան կը դժուարանայ վերադառնալու կարելիութիւնը:
Այս գծով հետեւեալ ռազմավարութիւնն է որ կը կատարենք.-
1/Ամրապնդել Սուրիոյ մէջ ներկայ մնացողները, իրենց տրամադրելով նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն:
2/ Հայաստանի եւ մօտակայ Լիբանանի պարագային, միջոցներ ստեղծել որպէսզի այլ հեռաւոր երկիրներ չգաղթեն:
3/Հեռաւոր երկիրներ գաղթողներու պարագային, ամէն ճիգ թափել որ կապ հաստատուի տեղւոյն գաղութներու հետ: Այս գծով Գանատան հաւանաբար աւելի դիւրին , մինչդեռ Եւրոպայի պարագային, բաւական աշխատանք կայ կատարուելիք:

Հ.- Հայաստան տեղափոխուելու կամ առժամեայ դրութեամբ հաստատուելու համար, յաւելեալ մանրամասնութիւններ եւ տեղեկութիւններ կարելի՞ է տեղեկացնել:
Պ.- Կարեւոր է Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու պարագան: Հոս առաջնահերթ հարցեր գոյութիւն ունին: Հոգեբանական վիճակը կարեւոր դեր կը խաղայ եւ կը դիմագրաւէ հոն հաստատուած Սուրիահայը: Գոյութիւն ունի Հայաստան-համայնք-հայրենիք զգացական շփումը: Անշուշտ նաեւ պէտք է աւելցնել թէ, Հայաստանի օրինական դաշտը պատրաստ չէ ընդունելու գաղթականներ: Մինչդեռ պարագան նոյնը չէ հեռաւոր պարագային, ուր յատուկ կառոյց գոյութիւն ունի: Անշուշտ երախտապարտ ենք, որ հայրենի պետութիւնը, կարելի եղածին չափ օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ: Նիւթական ներդրումներ կը կատարուին, առանց յաւելեալ տոկոսի: Կրթութեան գծով ալ բաւական դիւրութիւններ կը կատարուին, իսկ բժշկական խնամքը ձրի է: Լիբանանի պարագային, կացութիւնը աւելի բարդ, մանաւանդ որ միայն հայեր չեն բնակութիւն հաստատողները:

Հ.- Իբրեւ եզրակացութիւն, ապագայի իմաստով, քաղաքական ներկայ իրադարձութիւններու լոյսին տակ, ի՞նչ կ՛ակնկալուի:
Պ.- Մեր մօտ կը պակսի կանխատեսելու եւ ըստ այնմ գործելու ոճը: Չկայ այդ think-thank-ը, որ օրին գործի լծուելով եւ ծրագրեր կազմելով, կրնար շատ աւելի դիւրին լուծումներու յանգիլ, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ազգային բնագաւառներէն ներս: Սուրիահայ գաղութը տոկուն եւ զօրաւոր արմատներու վրայ դրուած ու կազմուած գաղութ է: Նոյնիսկ հակառակ ներկայ պայմաններուն, կարելի է այդ գաղութը գործի լծել: Բարելաւման ամենադոյզն նշոյլը, կրնայ դուռ բանալ յոյսերու, վերադարձի եւ վերակազմակերպման:
Այս գծով, բաւական աշխատանք ունինք կատարելիք: Հիմնախնդիր մըն է որ պէտք է շարունակենք: Շնորհակալութիւն եւ յոյսով եմ որ կարելի եղածին չափ շուտ կը հաստատուի զինադուլ, համաձայնութիւն եւ պատշաճօրէն մարդկային, համայնքային եւ կենցաղային բոլոր պայմանները լրացնող ապագայի Սուրիա մը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.