Արցախի մէջ մեկնարկած է մարդահամար


Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ մեկ­նար­կեց մար­դա­հա­մա­ր: Լ.Ղ.Հ. Ազ­գա­յին Վի­ճա­կագ­րա­կան Ծա­ռա­յու­թեան ­Մար­դա­հա­մա­րի վար­չու­թե­նէն «­Մե­տիա­մաքս»ին յայտ­նած են, որ մար­դա­հա­մա­րը կազ­մա­կեր­պե­լու եւ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար ստեղ­ծո­ւած են ­Հան­րա­պե­տա­կան, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի քա­

ղա­քա­յին եւ 7 շրջա­նա­յին յանձ­նա­ժո­ղով­ներ, 9 մար­դա­հա­մա­րի, 90 հրա­հանգ­չա­կան եւ 501 հա­շո­ւա­յին տե­ղա­մա­սեր:

Մար­դա­հա­մա­րը պի­տի տե­ւէ մին­չեւ ­Դեկ­տեմ­բեր 9-ը նե­րա­ռեալ: ­Նախ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րը յայտ­նի պի­տի ըլ­լան կը 2016 թուա­կա­նի Ապ­րի­լի սկիզ­բը, իսկ վերջ­նա­կա­նը` 2016 թո­ւա­կա­նի վեր­ջը:

Ն­շենք, որ հա­մա­ձայն «­Մար­դա­հա­մա­րի մա­սին» Լ.Ղ.Հ. օ­րէն­քի` Ար­ցա­խի մէջ մար­դա­հա­մար տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ 10 տա­րին ան­գամ մը եւ ա­սի­կա հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան պատ­մու­թեան մէջ երկ­րորդն է:

«2005 թո­ւա­կա­նին ի­րա­կա­նա­ցո­ւած ա­ռա­ջին մար­դա­հա­մա­րէն ետք մեր երկ­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած են ըն­կե­րային-տնտե­սա­կան էա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ, բնակ­չու­թեան թո­ւա­քա­նա­կի, տե­ղա­բաշխ­ման, ըն­կե­րա-ժո­ղովր­դագ­րա­կան, տնտե­սա­կան աշ­խու­ժու­թեան, տնա­յին տնտե­սու­թիւն­նե­րու  բնա­կու­թեան պայ­ման­նե­րու, կեն­սա­մա­կար­դա­կի եւ այլ բնու­թագ­րիչ­նե­րու հետ կապուած: Տն­տե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին բա­րե­փո­խում­նե­րու ու­ղի բռնած Ար­ցա­խի հա­մար շատ կա­րե­ւոր է ա­պա­հո­վել մար­դա­հա­մար­նե­րու պար­բե­րա­բար ի­րա­կա­նա­ցու­մը, քա­նի որ ա­նոնց ար­դիւնք­ներն էա­կան նշա­նա­կու­թիւն կ’ու­նե­նան երկ­րի պե­տա­կան եւ տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մշակ­ման, ծրագ­ր­ման  եւ կա­ռա­վար­ման հա­մար»,- նշած են Լ.Ղ.Հ. Ա.Ւ.Ծ. ­Մար­դա­հա­մա­րի վար­չու­թե­նէն:
Վար­չու­թե­նէն ընդգ­ծած են նաեւ, որ մար­դա­հա­մարը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի տայ ու­սում­նա­սի­րե­լու հա­սա­րա­կա­կան եւ տնտե­սա­կան մա­կար­դակ­նե­րու մէջ տեղ գտած փո­փո­խու­թիւն­ներն ու կան­խո­րո­շե­լու յե­տա­գայ յա­ռա­ջըն­թա­ցի նոր ուղ­ղու­թիւն­ներն ու սկզբունք­նե­րը: 2005 թո­ւա­կաի­նի մար­դա­հա­մա­րի տո­ւեալ­նե­րով` Լ.Ղ.Հ. բնակ­չու­թեան թի­ւը կազ­մած է 137 հա­զար մարդ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.