Մարդկային Իրաւանց Գանատական Թանգարանը Կ՚ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը


Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներէն, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ տէր Խաչատուրեանէ, Գէմպրիճի Ս. Նշան հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գեղարդ վրդ. Քիւսպեքեանէ եւ Վանքուվըրի հայկական համայնքի անդամներէ պատուիրակութիւն մը Ուինիփեկի տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ մասնակցեցաւ Մարդկային իրաւանց Գանատական թանգարանի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին։ 100-ամեակի նշման համար թանգարանը կազմակերպած էր յատուկ երեկոյ մը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 25 նոյեմբերին մասնակցութեամբ հռչակաւոր գանատահայ բեմադրիչ Աթոմ Էկոյեանի եւ դերասանուհի Արսինէ Խանճեանի։

Ձեռնարկի սկիզբը մասնակիցները շրջեցան թանգարանի 10 ցուցասրահները, որոնք կը ներկայացնեն գանատական եւ միջազգային պատմութենէն բաժիններ։ Այդ պտոյտին մէկ մեծ բաժինը տրամադրուեցաւ Breaking the Silence ցուցասրահին, որ կը կեդրոնանայ մարդկային իրաւանց խախտումներու նկատմամբ լռութիւնը խզելու կարեւորութեան վրայ եւ կ՚արծարծէ ժխտումի եւ ուրացման դերը ցեղասպանութիւններու շարունակման մէջ։ Այս բաժինին մէջ կը ներկայացուած են ուքրանական սովասպանութիւնը, Հայոց ցեղասպանութիւնը, Ողջակիզումը, Ռուանտական ցեղասպանութիւնը եւ Սրեպրենիչայի կոտորածը։  

Նախքան ձեռնարկի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Մանիթոպայի Օփերայէն Սվեթլանա Քարակէօզեանի կողմէ Պոնի եւ Ճոն Պուլըր սրահի ներկաներուն առջեւ երաժշտական կատարում մը։

Բացման խօսքը եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց թանգարանի տնօրէն Ճոն Եանկ։

Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի անունով խօսք առաւ Շահէն Միրաքեան եւ շեշտեց Հայ դատի յանձնախումբի առաքելութիւնը՝ պայքարելու մարդկային իրաւանց ոտնահարումներու դէմ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Ասփըրի իր հեռատես նախաձեռնութեան համար, ինչպէս նաեւ թանգարանին եւ Գանատայի համաքաղաքացիներուն մարդկային իրաւանց հարցերուն իրենց զօրակցութեան եւ ջատագովման համար։

Ուինիփեկի հայ համայնքի անունով խօսք արտասանեց պրն.Հայկ Վանլեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի մարդասիրական աշխատանքին եւ կարեկից օրինակելի երկիր մը ըլլալուն համար։ Ան շեշտեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը մինչեւ օրս կը շարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը, սակայն Մանիթոպայի մէջ Գանատական մարդկային իրաւանց թանգարանին նման նախաձեռնութիւններու շնորհիւ ճանաչումն ու փոխհատուցումը տեսանելի են։ «Մինչ այս օրերուն մտիկ կ՚ընենք լուրերը, կը լսենք սուրիացի տեղահանուածներու պատմութիւնները, սուրիահայ փոքրամասնութենէն տեղահանուածներուն պատմութիւնները եւ կը վերյիշենք անցալի զոհերը…ազգային ծագումն ու կրօնքը հալածանքի իբրեւ հիմք կ՚օգտագործուին։ Ցեղասպանութեան կանխարգիլումը աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր անհատի պատասխանատուութիւնն է», ըսաւ ան։

Հայր Գեղարդ Քիւսպեքեան յայտնեց, որ ջանքերը պէտք է կեդրոնանան Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստին վերաբերեալ կրթութեան վրայ եւ իբրեւ այդպիսին թանգարանը կը ներկայացնէ անցեալի վերյիշման եւ կրթութիւնը ներկային փոխանցելու գանատական տեսանկիւնը։  

Թանգարանի տնօրէն Ճոն Եանկ իր հակիրճ խօսքին մէջ յայտնեց, որ իրենք կ՚ուզեն այցելուներուն սորվեցնել փաստերը քննել։ Ան նշեց, որ թանգարանը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բազմաթիւ փաստեր կը ցուցադրէ եւ 2016-ի գարնան կը պատրաստուի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ կարճ ժապաւէն մը ցուցադրելու։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.