Եւրոխորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Լրագրողներու ականատեսի վկայութիւններ զինուած հակամարտութիւններու ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի պարագան» նիւթով ձեռնարկը


Երեքշաբթի, 17 նոյեմբեր 2015-ին, Պրիւքսելի Եւրոխորհրդարանի շէնքէն ներս տեղի ունեցաւ «Լրագրողներու ականատեսի վկայութիւններ զինուած հակամարտութիւններու ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի պարագան» (Journalists’ Eyewitness Accounts in Armed Conflicts: The Case of Nagorno Karabakh’) նիւթով ձեռնարկը, մեծ թիւով մասնակիցներու,  քաղաքական տարբեր խմբակցութիւններէ եւ երկիրներէ եւրոերեսփոխաններու եւ Պելճիքայի խորհրդարանի պատգամաւորներու:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Եւրոխորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբին եւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ, Եւրոերեսփոխան դոկտ. Էլէնի Թէոխարուսի (Կիպրոս, ԵԺԿ) հովանաւորութեամբ: Դոկտոր Թէոխարուս Ղարաբաղեան պատերազմի տարիներուն ընթացքին՝ կամաւոր գտնուած է Արցախ, իբր վիրաբոյժ Ստեփանակերտի հիւանդանոցին մէջ:

Իրենց վկայութիւնները ներկայացնելու համար հրաւիրուած էին Տանա Մազալովան Չեխիայէն, Ցվետանա Փասքալեւան Պուլկարիայէն եւ Աննա Կարապետեանը Հայաստանէն: Այս երեք լրագրողները Ղարաբաղի հակամարտութեան տարբեր ժամանակահատուածներուն, գտնուած են Արցախ, եւ իրողութիւնը վաւերագրած ռազմական գործողութիւններէն մինչեւ զինադադար:

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան ձեռնարկին բացումը կատարելէ ետք, տիկին Թէոխարուսը եւ ՀՀ դեսպան ԹաթուլՄարգարեանը իրենց ողջոյնի խօսքերը ուղղեցին ներկաներուն: Տիկին Թէոխարուս անգամ մը եւս հաստատեց իր զօրակցոթիւնը Արցախի ժողովուրդին եւ անոր ազատ ինքնորոշման իրաւունքին: Դեսպան Մարգարեան նշեց ի միջի այլոց, ո’չ թէ միայն Թուրքիոյ ժխտողականութեան դէմ պայքարելու, այլ նաեւ Ատրպէյճանի քաղաքականութեան դէմ, որ կը միտի ճշմարտութիւնը խեղաթիւրել: Ան բարձր գնահատեց ներկայ լրագրողներուն նուիրուածութիւնը եւ այս ուղղութեամբ անոնց կատարած արհեստավարժ աշխատանքը:

Ապա, Ցվետանա Փասքալեվա կարդաց կարճ պատգամ մը, իր խօսքն ուղղելով Եւրոխորհրդարանին ըսաւ, որ Ատրպէյճանի նման յարձակողական քաղաքականութիւնը պէտք է դադրի, որ ոեւէ մէկ վայրկեան կը սպառնայ պատերազմը վերսկսելու: Ան յատկանշականօրէն նշեց, որ Արցախի ժողովուրդը իր զոհողութեամբ, յաղթեց, եւ կերտեց խաղաղ ապրելու իրաւունքը: Յետոյ, ցուցադրուեցաւ Փասքալեվայի նկարահանած ժապաւէններէն մին, ռազմական դաժան տարիներուն նկարահանուած, եւ ներկայիս խաղաղ պայմաններուն մէջ աւարտած:

Իր կարգին, չեխ լրագրող Տանա Մազալովա ներկայացուց իր վկայութիւնները, կեդրոնանալով Խոջալուի վրայ, ատրպէյճանական քարոզչութեան վրայ, ինչպէս նաեւ իր հարցազրոյցին այն օրերու Ատրպէյճանի նախագահ Այազ Մութալիպովի հետ եւ ատրպէյճանցի լրագրող Ճենկիզ Մուսթաֆայեւի հետ հանդիպման շուրջ: Մազալովա նշեց նաեւ Ատրպէյկանի ներկայիս հակահայ եւ հակաժողովրդավարական իրականութիւնը:

Ապա, լրագրող Աննա Կարապետեան իր վկայութիւնները տուաւ 1994 մայիսի զինադադարին շուրջ, որ տեղի ունեցաւՊիշքէք, ուր ան նաեւ կը մասնակցէր իբր լրագրող: Աննան կեդրոնացաւ այն իրականութեան վրայ, որ զինադադարի կնքման ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս ներկայացուած էր, իրականութիւն մը, որ Ատրպէյճան կը փորձէ թաքցնել:

Յաջորդեց հարց – պատասխան, որուն ընթացքին ներկայ գտնուող եւրոերեսփոխանները կրկին անգամ հաստատեցին իրենց նեցուկը եւ օժանդակութիւնը Արցախին, եւ վերահաստատեցին ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը:

Գասպար Կարապետեան, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահը կարեւորեց այս ձեռնարկը, ըսելով, «Եւրոպական կառոյցները, եւրոպական զանազան երկիրները պէտք է ճիշդ եւ լաւ ձեւով իրազեկ պահուին Արցախի հարցին շուրջ եւ Ատրպէյճանի փրոփականտային դէմ դրուի: Այսօր, այս խիզախ լրագրողները իրականութեամբ, արդարութեամբ՛ իրենց վկայութիւններով իրենց ձայները բարձրացուցին Եւրոպայի կեդրոնին մէջ՝ քաւիարային դիւանագիտութեան դէմ»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.