Հայ Ըմբիշը Առաջին Ոսկի Մետալը Ապահովեց Պրազիլի Եւ Կը Մասնակցի «Ռիօ-2016»-ին


empish-brasil_111715

Երեւանի մէջ ծնած եւ Հայաստանի ախոյեանութիւններուն ընթացքին մրցանակակիր դարձած յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, գերծանր` 130 քկ դասակարգին մասնակցած 25 տարեկան Էդուարդ Սողոմոնեան, որ վերջին տարիներուն բնակութիւն հաստատած է Պրազիլի մէջ եւ եղած անոր քաղաքացին, հանդիսացաւ Պրազիլի ախոյեան:

Անոր այս յաջողութիւնը Պրազիլի համար առաջին ոսկի մետալը ապահովելէ բացի, անոր իրաւունք տուաւ Պրազիլը ներկայացնելու 2016-ին Ռիօ Տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերուն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.