Տերսիմի հայերու 1938-ի կոտորածներուն մասին վաւերագրական ժապաւէն կը պատրաստուի
- (0)
Վանք գիւղի հայերու եւ տերսիմցիներու տեղահանութիւնը 1938-ին

Լրագրողներու հետ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ֆիլմի բեմադրիչը նշած է, որ Վանք գիւղն ու դարերով այնտեղ բնակած Տերսիմի հայերու պատմութիւնը բացայայտած է պատահաբար, երբ «Տերսիմի կորսուած աղջիկները» լրագրական ծրագրի ընթացքին կը փնտռէր տերսիմցի կորսուած հայ աղջկայ մը ազգականները։
Գիւնդողան շեշտած է, որ հայերը Տերսիմի դարաւոր բնակիչները եղած են, սակայն այսօր այդ տարածքին մէջ քիչ են հայերը, գրեթէ չկան: Բոլորը հեռացած են, բնակութիւն հաստատած են Թուրքիոյ կամ աշխարհի տարբեր վայրեր, յատկապէս Գերմանիա եւ Ֆրանսա:
Ըստ բեմադրիչին՝ «Վանքի երեխաները» ֆիլմի նպատակն է ցոյց տալ 1938 թուականին տեղի ունեցած ահաւոր դէպքերը եւ թրքական պետութեան վարած մարդասպան քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաև թրքական պետութեան ու հանրութեան ստիպել առերեսուիլ անցեալին հետ:
«Հորիզոն».- Պատմական Ծոփք նահանգի Տերսիմի շրջանին մէջ հայեր բնակած են հայոց հեթանոսական ժամանակաշրջանէն սկսեալ։ Տերսիմի մէջ կը գտնուէին Անահիտի, Վահագնի եւ Աստղիկի մեհեանները։
Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն, Տերսիմի քիզիլպաշ (ալեւի) ցեղախումբերը ապաստան տուած են աւելի քան 40 հազար հայերու: Ցեղասպանութեան հանգրուանին, 1915-ի ջարդերէն ազատած եւ Տերսիմ ապաստանած շատ մը հայեր կրօնափոխ դառնալով ալեւի դաւանանքը ընդունած են՝ իւրացնելով տերսիմցիներու ապրելակերպը:
1938-ին, թրքական ճնշումներուն դէմ ծառացան Տերսիմի ցեղախումբերը՝ Սէյիտ Ռիզայի գլխաւորութեամբ: Ըստ տերսիմցի արդի ժամանակներու մտաւորականներու, 1938-ի յեղափոխութեան տերսիմցիներու կողքին զէնք վերցուցած են դաւանափոխ դարձած հազարաւոր հայեր, իսկ ապստամբութեան տխուր վախճանին յաջորդող քեմալական բանակի ջարդերուն՝ տերսիմցիներու կողքին սպանուած եւ ջարդուած են նաեւ հայեր։
Այսօր, եւրոպացի կարգ մը պատմաբաններու կողմէ ընդունուած է այն տեսութիւնը, որ 1937-38 քեմալական ուժերու կողմէ ջարդուած 70 հազար ալեւի տերսիմցիներու եւ հայերու ծրագրուած ջարդը կը համապատասխանէ ցեղասպանութեան։
Հալվորի վանք

