Հ.Յ.Դաշնակցութեան 125-ամեայ գործունէութիւնը տասնամեակներով


ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ՇՐՋԱՆ 1890-1900

1890-ի գարնան ամիսներուն, Թիֆլիսի մէջ, բազմաթիւ հանդիպումներէ ետք, ծնունդ կ՚առնէ Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւնը, որ իր շուրջ կը համախմբէ ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ նետուած շարք մը հայկական կուսակցութիւններ ու խմբաւորումները՝ նպատակակէտ ունենալով ղեկավարել թրքահայաստանի ազատագրական պայքարը: 1890-92, նորաստեղծ կուսակցութենէն կը հեռանան հնչակեանները եւ այլ ծայրայեղ ազգայնական թեքումով խմբաւորումներ:

1892-ի ամրան, Թիֆլիսի մէջ կը գումարուի կուսակցութեան անդրանիկ Ընդհանուր ժողովը: Այս ժողովին է, որ կուսակցութիւնը վերջնականապէս կը ստանայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն անուանումը եւ կ՚օժտուի իր ծրագրով ու կանոնագրով: Ժողովը նաեւ կ՚որդեգրէ կազմակերպականօրէն ապակեդրոնացեալ դրութիւնը: Կուսակցութեան պաշտօնաթերթը կը դառնայ «Դրօշակ»ը:

Կուսակցութիւնը շուտով կը տարածէ իր գործունէութիւնը Տարօնէն մինչեւ Կ. Պոլիս: 1892-էն ետք, Արեւմտահայաստանի մէջ արդէն իսկ կազմաւորուած են դաշնակցութեան մարտական, ֆետայական առաջին խումբերը: Տարօնի մէջ իրենց խումբերով թշնամին կը պատուհասեն՝ Արաբօ, Սերոբ Աղբիւր, Գէորգ Չաւուշ, Անդրանիկ… իսկ Վասպուրականի մէջ Պետօ, Վարդան, Վազգէն, Գայլ Վահան…

1896-ին միջազգային ընտանիքի ուշադրութիւնը Հայկական Հարցին վրայ կեդրոնացնելու նպատակով, տեղի կ՚ունենայ Պանք Օթոմանի գրաւումը:

1897-ին, հայ անզէն հայդուկներու մահուան պատճառ դարձած քիւրտ մազրիկ ցեղը պատժական յարձակման կ՚ենթարկուի Դաշնակցութեան 253 հոգինոց մարտական գունդին կողմէ: Յաջողութեամբ պսակուած արշաւանքը, իբր զգուշացում, խոր ներգործութիւն կ՚ունենայ այլ քրտական ցեղախումբերու մօտ: 

1898-ի ամրան Թիֆլիսի մէջ կը գումարուի կուսակցութեան երկրորդ Ընդհանուր ժողովը, ուր կ՚որոշուի ծաւալուն թափ տալ արտասահմանի մէջ Հայ Դատի քարոզչութեան: Նոյն ժողովին կը մշակուին կուսակցութեան կազմական կանոնները (կանոնագիր):

1892-1900 երկարող ժամանակաշրջանը հանդիսացաւ դաշնակցութեան կազմակերպական բիւրեղացման եւ դաշնակցական տիպարի կազմաւորման շրջանը: Այս հանգրուանին ձեւ կ՚առնէ նաեւ դաշնակցական ֆետայիի կերպարը:  

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼՈՒ ՇՐՋԱՆ 1900-1910 

1900-ին եւ յաջորդող տարիներուն, թրքական լուծին դէմ հայդուկային գործողութիւնները կը շարունակուին: 1900-1901, դաշնակցութիւնը մուտք կը գործէ եւ իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ Կիլիկիոյ, Խարբերդի եւ Երզնկայի շրջաններուն մէջ:

1900-ի Հոկտեմբերէն սկսեալ, կուսակցութեան հիմնադիրներէն Քրիստափոր Միքայէլեանի ջանքերով, Փարիզի մէջ կը սկսի հրատարակուիլ ֆրանսերէն «Փրօ Արմենիա» հանդէսը, իբրեւ միջազգային օտարալեզու բանբեր Հայ Դատին:

1902-ին սկիզբ կ՚առնէ Արեւելահայաստանէն դաշնակցական զինատար խումբերու առաքելութինը, որուն նպատակն էր զէնք եւ զինամթերք փոխադրել եւ զինել արեւմտահայերը:

1903-ի Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն, հայկական եկեղեցական կալուածներու բռնագրաւման ցարական հրամանագրին դէմ, Դաշնակցութիւնը ոտքի կը հանէ կովկասահայութիւնը: Ցարական կառավարութիւնը ի վերջոյ կը հրաժարի իր մտադրութենէն: 

1904-ի Փետրուար-Մարտ ամիսներուն Սոֆիայի մէջ կը գումարուի կուսակցութեան երրորդ Ընդհանուր ժողովը, ուր կ՚որոշուի ահաբեկել Սուլթան Համիտը:

1904-ին, թրքական հետեւողական ճնշումներուն իբր հակադարձութիւն, Սասնոյ ժողովուրդը զէն ի ձեռին պատնէշի վրայ է: Ապստամբութեան մղիչ ուժն ու ոգին Դաշնակցութիւնն է:

1905-ին կը բռնկին հայ-թաթարական բախումները Բաքուի մէջ, որոնք շուտով կը տարածուին ամբողջ Անդրկովկասի տարածքին: Շնորհիւ Դաշնակցութեան եւ իր մարտական ղեկավարներու յանդգնութեան, ինքնապաշտպանութեան գործը յաջողութեամբ կը պսակուի եւ մեծ հարուած կը տրուի թշնամիին:

1905-ին, Օսմանեան Թուրքիոյ պատմութեան մէջ, իր նախընթացը չունեցող Սուլթանին դէմ Դաշնակցութեան կազմակերպած ռմբային մահափորձը թէեւ կը ձախողի, սակայն խոր ազդեցութիւն կը թողու Սուլթանին եւ անոր յետագայ գործունէութեան վրայ:

1907-ին, թրքական ուժերուն դիմադրելու միջոցին, կը նահատակուի ֆետայի հայդուկապետ Գէորգ Չաւուշ: Թշնամիին մօտ առասպելական համբաւի տիրացած այս հայդուկապետին կը տրուի պետական-պաշտօնական թաղում:

1907-ին, Վիեննայի մէջ կը գումարուի ՀՅԴ չորրորդ Ընդհանուր ժողովը: Այս ժողովին կ՚որդեգրուի արեւելահայաստանի դատի հետապնդումը, կը վերամշակուի ծրագիրը, կ՚ընդունուի ընկերվարութիւնը որպէս գործնական նպատակ եւ կ՚որոշուի մասնակցիլ Պարսկաստանի յեղափոխական շարժման: 1907-ի վերջերը, Դաշնակցութեան հրաւէրով, թուրք եւ ոչ թուրք ընդդիմադիրներ կը մասնակցին «Օսմանեան կայսրութեան ընդդիմադիր տարրերու համագումար»ին, ուր կ՚որոշուի գահընկէց ընել Սուլթանը եւ հաստատել ժողովրդավար կարգեր:   
   1908-ի Հոկտեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ գումարուած Ընկերվար Միջազգայնականի ժողովին մասնակցելով, Դաշնակցութիւնը կը դառնայ այդ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ, իբր ընկերվարական արեւելում ունեցող կուսակցութիւն: 

1900-1910, Դաշնակցութեան գործունէութիւնը աշխարհագրականօրէն ծաւալելով հասաւ մինչեւ Միացեալ Նահանգներ: Այս ժամանակաշրջանը յատկանշուեցաւ ժողովրդական լայն շրջանակներուն քաղաքական կազմաւորում տալու գծով:

ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆ 1910-1920

1910-ին, Միացեալ Նահանգներու Պոսթըն քաղաքին մէջ, Է. Ակնունիի ջանքերով, կը հիմնուի Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ), որ ժամանակի ընթացքին, դարձաւ հայ կեանքի մեծագոյն կանացի կազմակերպութիւնը, իբրեւ դրօշակիրը Դաշնակցութեան բարեսիրական գործունէութեան:

1912-ին, Դաշնակցութիւնը վերջնականապէս իր կապերը կը խզէ Իթթիհատականներուն հետ:

ՀՅԴ արտասահմանեան քարոզչութեան շնորհիւ, մեծ տէրութիւնները կը բարձրացնեն հայկական բարենորոգումներու հարցը: Հայաստան կը ղրկուին երկու եւրոպացի քննիչներ, սակայն Ա. Աշխարհամարտի բռնկումը պատճառ կը դառնայ, որ այս գործը իր սաղմին մէջ մահանայ:

1914 Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն, Կարինի մէջ տեղի կ՚ունենայ ՀՅԴ 8-րդ Ընդհանուր ժողովը, որ կը վերահաստատէ նախորդ Ընդհանուր ժողովի այն որոշումը՝ ըստ որուն, պատերազմի պարագային, իւրաքանչիւր պետութեան քաղաքացի պէտք է կատարէ քաղաքացիական իր պարտաւորութիւնները իր պետութեան նկատմամբ:

1914-ին, ռուսական բանակին զուգահեռ հայ կամաւորական գունդերու կազմութեան գործընթացին մէջ գլխաւոր ներդրումը կը կատարէ Դաշնակցութիւնը եւ կը ղեկավարէ կամաւորական այս շարժումը:

1915-ի Եղեռնին, թրքական ջարդերուն զոհ կ՚երթայ Դաշնակցութեան Արեւմտահայաստանի  մտաւորականութեան ու ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ մարտական սերունդի կարեւոր մէկ հատուածը, որ մինչեւ վերջ մնաց պատնէշի վրայ, եւ բաժնեց սեփական ժողովուրդին ճակատագիրը: 

1918-ին, ռուսական զօրքերու նահանջէն ետք, թրքական յառաջացող զօրքերուն դէմ առանձին մնացած հայ ժողովուրդի ուժերը կը կազմակերպէ եւ մարտի կը մղէ Դաշնակցութիւնը, ղեկավարութեամբ Արամ Մանուկեանի: Արիւնայեղ եւ օրհասական ճակատումներէ ետք թրքական զօրքը պարտութեան կը մատնուի: Մայիս 28-ին, կը հռչակուի Հայաստանի անկախութիւնը: Անկախութեան երկամեայ շրջանին, հիմը կը դրուի հանրապետութեան պետական կառոյցներուն: 

1918 Նոյեմբեր 1-ին, դաշնակցական ընտանիքի զաւակներուն կողմէ Պոլսոյ մէջ հիմը կը դրուի Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ), որ յետագային պիտի դառնար սփիւռքահայութեան մարզական ամենէն ժողովրդական կազմակերպութիւններէն մէկը, իր գործունէութեամբ սատարելով ամբողջ սերունդներու հայեցի դաստիարակման գործին: 1920-ի Դեկտեմբեր 2-ին, թրքական մուրճին եւ ռուսական սալին միջեւ մնացած Հայաստանը փրկելու նախանձախնդիր, Դաշնակցութիւնը կը նախընտրէ կառավարութիւնը փոխանցել խորհրդային իշխանութիւններուն: 

ՏԱՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ 1920-1930 

1921, Փետրուար 18-ին, Հայաստանի մէջ կը պայթի Փետրուարեան ժողովրդային ապստամբութիւնը, ընդդէմ համայնավար բռնակալութեան: Դաշնակցութեան ղեկավարութեամբ, ապստամբութեան յաջորդող 40 օրերուն, կը կազմուի «Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ»ն: Յամառ կռիւներէ ետք, Ապրիլ 2-ին, դաշնակցական ուժերը կը լքեն Երեւանը, եւ շուրջ 12 հազար հոգի Զանգեզուրի վրայով կ՚անցնի Պարսկաստան: 
1921 Յուլիս 10-ին, կը պարտուի Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին ամրոցը՝ Լեռնահայաստանը: Գարեգին Նժդեհի առաջնորդութեամբ՝ Դաշնակցութեան ուժերը, մտաւորականութիւնն ու կառավարութեան ուժերը կ՚անցնին Պարսկաստան:

1921-1925, Դաշնակցութիւնը անցաւ Պուքրէշի եւ Վիեննայի խորհրդաժողովներէն՝ հասնելու համար 1924-ի Դեկտեմբերէն 1925-ի Յունուար Փարիզի մէջ գումարուած 10-րդ Ընդհանուր ժողովին, մինչ այդ, ի միջի այլոց, կազմակերպելով Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատու թուրք ղեկավարներու պատուհասումն ու ահաբեկումը: Փարիզի Ընդհանուր ժողովին կը ձեւաւորուի Դաշնակցութեան սփիւռքեան գործունէութեան նախագիծը:

1928 Մայիս 28-ին, Եգիպտոսի մէջ, Դաշնակցութեան ղեկավար գործիչներու նախաձեռնութեամբ կը հիմնուի Հայ կրթական եւ հրատարակչական Համազգային ընկերութիւնը, որ մեծ դեր ունեցաւ Դաշնակցութեան շունչով սնած ամբողջ սերունդներւ կազմաւորման գործին մէջ:

Դաշնակցութեան Հայաստանի մայր կազմակերպութիւնը մինչեւ 1928 (եւ տակաւին ցրուած վիճակի մէջ մինչեւ 1933) շարունակեց իր գոյութիւնը:

ՍՓԻՒՌՔԻ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐՈՒ ԱՄՐԱԳՐՄԱՆ ՇՐՋԱՆ 1930-1940

1933-ի Փետրուար-Մարտ ամիսներուն, Փարիզի մէջ գումարուած ՀՅԴ 12-րդ Ընդհանուր ժողովին, կ՚որդեգրուի այն ռազմավարական ուղեգիծը, , որ Միացեալ Հայաստանի ազատագրութեան համար, խորհրդային լուծին դէմ պայքարելու հրամայականը ընդունելով հանդերձ, պայքարի թափը պէտք է կեդրոնացնել Թուրքիոյ դէմ: Նաեւ, հայրենի ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովութեան մտահոգութեամբ, կ՚որոշուի դադրեցնել հայասատանեան գործունէութիւնը:

1933-ի գարնան, Ընդհանուր ժողովէն անմիջապէս ետք, ժողովի որոշումով, Գարեգին Նժդեհ իբր գործիչ կը ժամանէ Միացեալ Նահանգներ եւ նոյն տարին իսկ կը հիմնէ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Ցեղակրօններու Ուխտը: Ամերիկեան ձուլման կաթսային դէմ, հայապահպանման ազդու գաղափարախօսութիւն մը եղաւ Նժդեհի հիմնած շարժումը, որ միաժամանակ հայ ազատագրական շարժման գաղափարական եւ քաղաքական արժէքներուն հանդէպ խորարմատ հունտեր ցանեց ամբողջ սերունդներու մէջ, որոնց շնորհիւ կարելի դարձաւ Միացեալ Նահանգներու եւ հարեւան Գանատայի Դաշնակցութեան կազմակերպութեան պահպանումն ու ամրապնդումը՝ խորհրդային հակադաշնակցական պայքարի տարիներու ընթացքին:

1925-1935 ՀՅԴ գործօն մասնակցութիւն բերաւ թրքական կառավարութեան դէմ քրտական իրերայաջորդ ապստամբութիւններուն:

1938-ի Յուլիս-Սեպտեմբեր ամիսներուն, Գահիրէի մէջ կը գումարուի ՀՅԴ 13-րդ Ընդհանուր ժողովը, ուր կ՚որոշուի հայրենիքի ազատագրութեան պայքարը հանգրուանային լուծումներով իրականացնելու ռազմավարական սկզբունքը:

Բ. ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏԻ ՇՐՋԱՆ 1940-1950 

Երկրորդ Աշխարհամարտին, Դաշնակիցներու կողքին կանգնելու ՀՅԴ Բիւրոյի պաշտօնական քաղաքականութեամբ հանդերձ, Պալքանեան թերակղզիին մէջ Բիւրոյի անդամ Դրօ դիմեց ազգային առումով նշանակալից քայլի մը՝ ձեռնարկելով նացիական ուժին հետ անհատական գործակցութեան մը՝ նպատակ ունենալով ոչ միայն շրջանի հայութեան, այլեւ, Կովկասի վրայ նացիական արշաւանքին յաջողութեան պարագային՝ նոյնինքն Հայաստանի ժողովուրդին ֆիզիքական ապահովութեան պաշտպանութիւնը:

1947-ի Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն, Գահիրէի մէջ կը գումարուի ՀՅԴ 14-րդ Ընդհանուր ժողովը: Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն ի յայտ եկած էին քաղաքական հակասական ուղղութիւններ. մէկ կողմէ կուսակցութիւնը պաշտօնապէս կողմնորոշուած էր Դաշնակիցներուն ի նպաստ, իսկ միւս կողմէ, պատասխանատու ընկերներ անհատական նախաձեռնութեամբ որոշ յարաբերութիւններ մշակած էին Գերմանիոյ հետ՝ Հայաստանն ու հայութիւնը համաթուրանական վտանգին դէմ անպաշտպան չձգելու մտահոգութեամբ: Ժողովը կը հաստատէ, որ դաշնակցական ռազմավարութեան մէջ առաջնահերթ արժէք պէտք է տալ հայ ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովութեան նկատառումներուն:

ՊԱՂ ՊԱՏՐԱԶՄԻ ՇՐՋԱՆ 1950-1960

1955-ի Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն, Գահիրէի մէջ կը գումարուի ՀՅԴ 16-րդ Ընդհանուր ժողովը, որ կ՚որոշէ, համայնավարական ծաւալապաշտութեան դէմ գաղափարական պայքարին թափ տալ եւ հրաժարիլ հայ կեանքին մէջ ընդդիմախօս կուսակցութեանց հետ քաղաքական ամէն գործակցութեան փորձերէն, այնքան ատեն, որ այս վերջինները կամազուրկ գործիքի վերածուած՝ կը մնան խորհրդային հակադաշնակցական պայքարին ձեռքը: Ժողովը կ՚որոշէ նաեւ դիմագրաւել Հայաստանեայց եկեղեցւոյ դէմ քաղաքական հաշիւներով նիւթուող սադրանքները:

1956-ի Փետրուար 20.-ին, Զարեհ Ա-ի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրութեամբ, ՀՅԴ-ն յաջողութեամբ պսակեց Հայց. եկեղեցւոյ պատմական այս աթոռին սրբութիւններն ու իրաւունքները համայնավար ոտնձգութեանց դէմ պաշտպանելու պայքարը:

1958-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ձեռնտու առիթ մը կ՚ըլլայ հակադաշնակցական պայքարի սադրիչներուն համար, որպէսզի եղբայրասպան բախումներու մէջ մխրճեն Դաշնակցութիւնը: Կուսակցութիւնը հարուածներուն հարուածներով կը պատասխանէ եւ ի վերջոյ իր սաղմին մէջ կը խեղդէ ազգակործան այս հոսանքը:  

ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆ 1960-1970

1963 թուականի Նոյեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն Պէյրութի մէջ կը գումաուրի ՀՅԴ 18-րդ Ընդհանուր ժողովը, որ 1947-ին սկիզբ առած կազմակերպական կեանքի ամբողջ շրջան մը փակող ժողովը եղաւ:

Հայ Դատի հետապնդման պայքարի ծիրէն ներս, թէ՛ ներքին հողերու եւ թէ՛ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան հարցով Խորհրդային Միութենէն պահանջատէր ներկայանալով ու այս վերջինին հաստատած կարգերուն դէմ գաղափարական անհաշտ պայքարի իր ուղղութիւնը շարունակելով հանդերձ՝ այս Ընդհանուր ժողովը եկաւ հաստատելու, որ համայնավարական ծաւալապաշտութեան դէմ Արեւմուտքի մղած պայքարը եւ այդ ծիրէն ներս մեր հաստատած գործակցութիւնները սկսած են ստանալ  ուղղակի եւ ինքնանպատակ հակահամայնավար պայքարի բնոյթ, ինչ որ խոտոր կը համեմատի Դաշնակցութեան գաղափարական  եւ ազատագրական պայքարի աւանդներէն  բխող ռազմավարական ուղղութեան հետ եւ առ այդ անհրաժեշտ է, ըստ այնմ սբագրութիւններ մտցնել ուղեգիծին մէջ: Հայ կեանքի ուղղութեամբ եւս նոյն ոգին տարածելով Ընդհանուր ժողովը կ՚որոշէ որդեգրել հայ ազգային կուսակցութեանց հետ ազգային-միութենական մարզերէն ներս գործակցութեան սկզբունքը, աւելցնելով, որ Խորհրդային հակակշռէն անոնց դուրս գալու պարագային՝ նաեւ քաղաքական գործակցութիւն պէտք է ունենալ: Ընդհանուր ժողովի կարեւոր շարժումներէն մէկը եղաւ համազգային ու միջազգային պահանջատիրութեամբ պատրաստուիլ Եղեռնի յիսնամեակին:

1965 Ապրիլ 24-ին, Երեւանի մէջ 100 հազար հայորդիներու պահանջատիրական պոռթկումը, հայութեան բոլոր գաղթօճախներուն մէջ  ծաւալած բողոքի ցոյցերն ու ելոյթները Հայ Դատի պայքարի ճամբուն վրայ անկիւնադարձ մը կազմեցին կուսակցութեան համար: Եղեռնի յիսնամեակէն ետք, միջազգային գետնի վրայ շուտով կը ծաւալի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ ծաւալուն գործունէութիւն:

1967-ին Պէյրութի մէջ տեղի կ՚ունենայ 19-րդ Ընդհանուր ժողովը, որ Հայ Դատի լուծման գծով կ՚որոշէ պահանջատէր ներկայանալ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ մեծ պետութեանց: Ժողովը կ՚որոշէ նաեւ իրարմէ զատորոշել Խորհրդային Միութիւնն ու Խորհրդային Հայաստանը, իւրաքանչիւրին նկատմամբ յատուկ դիրքորոշում ճշդելով: 

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՀԵՏԱՊՆԴՄԱՆ ՇՐՋԱՆ 1970-1980

1972-ի Դեկտեմբերին, Վիեննայի մէջ կը գումարուի ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր ժողովը, որ իրապէս կը դառնայ պատմական եւ անկիւնադարձային ժողով մը: Ժողովը յստակօրէն մերժեց Արեւմուտքին կամ Արեւելքին ապաւինելու քաղաքական ամէն ուղղութիւն եւ շեշտը դրաւ հայութեան հաւաքական ուժը կերտելու եւ անոր ապաւինելու ռազմավարութեան վրայ: Միաժամանակ, Թուրքիոյ դէմ Հայ Դատի գծով պայքարը սաստկացնելու որոշում տուաւ: Միւս կողմէ, Խորհրդային Հայաստանի եւ հայ ազգային կուսակցութեանց հետ քաղաքական գործակցութեան եզրեր առաջացնելու որոշում առաւ, միշտ նախապայման դաւանելով անոնց յանձնառութիւնը՝ Հայ Դատի պահանջատիրութեան ի սպաս գործելու:

1975-ի Հոկտեմբերին սկիզբ առած ուժական պայքարով նոր հանգրուան մը թեւակոխեց հայկական գոյամարտը, մինչեւ 80-ական թուականներու կէսը, լայն արձագանգ ձգելով թէ՛ միջազգային մամուլին եւ հանրութեան մօտ, եւ թէ՛ հայ զանգուածներուն վրայ:

1975-ի գարնան բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը պատմական նշանակութեամբ ամբողջ նոր հանգրուան մը բացաւ Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ: Ամբողջ 15 տարի թէ՛ գաղութի ինքնապաշտպանութեան դիրքերուն վրայ դաշնակցական տղոց հսկողութիւնը, թէ՛ գաղութի ազգային-քաղաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան դիրքերէն կուսակցութեան մղած կռիւները եւ թէ՛ յատկապէս, Սփիւռքի բաբախուն սիրտը եւ հայրենամերձ կարեւոր ամրոցը հանդիսացող Լիբանանի հայ գաղութի ազգային կառոյցներուն եւ կազմակերպ հիմերուն կառչած մնալու Դաշնակցութեան դիրքորոշումը անկեղծ զինուորի նոր դափնեպսակով վերանորոգեցին յեղափոխական սերունդներու կուսակցութիւնը:

ՆՈՐ ՊԱՅՔԱՐԻ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ 1980-1990 

1982-88 ժամանակաշրջանին, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի քաոսին մէջ, յետին հաշիւներ որոնողներու կողմէ սկիզբ առաւ հակադաշնակցական պայքարի շղթայ մը, ուր նենգ հաշիւներու զոհ գացին կուսակցութեան ընտրանիէն կուսակցական եւ մարտական ղեկավար ընկերներ: 

80-ական թուականներու ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովները, 22-րդը (1981 Դեկտեմբեր, Փարիզ), 23-րդը (1985, Աթէնք), 24-րդը (1988, Աթէնք) հիմնական գիծերու մէջ վերահաստատեցին ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր ժողովին որդեգրուած քաղաքական ուղեգիծը: 24-րդ Ընդհանուր ժողովը ճշդեց սկզբունքները Արցախեան քաղաքականութեան՝ «Դէպի երկիր» նայելու եւ այդ ուղղութեամբ գործելու:    

80-ական թուականներուն նոր թափով Հայ Դատի աշխատանքներու դրօշակիրը դարձան ՀՅԴ անմիջական հովանիին տակ գործող Հայ Դատի աշխարհասփիւռ յանձնախումբերը, որոնց քարոզչական աշխատանքին շնորհիւ հայութեան պահանջատիրութեան գծով արձանագրուեցան կարեւոր յառաջխաղացքներ:

ԱՐՑԱԽԵԱն ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻ ՇՐՋԱՆ 1990-2000  

1990 թուականի Օգոստոս 8-ին, 70-ամեայ տարագրութենէ ետք, ՀՅԴ Բիւրոն հաղորդագրութեամբ մը կը բացայայտէ կուսակցութեան ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ:

Հետզհետէ թէժացող արցախեան մարտերուն մէջ կը նետուի կուսակցութիւնը, դառնալով այն կազմակերպող եւ ոգեշնչող ուժը, որ իր շուրջը համախմբեց մարտնչող ազատամարտիկներու ջոկատները:

Արցախեան ազատամարտի ընթացքին նահատակի փառապսակով հայոց պատմութեան էջերուն վրայ իրենց անունները արձանագրեցին դաշնակցական բազում զինուորագրեալներ, աւելի քան 300 գաղափարակից նահատակ ազատամարտիկներ:

1992-ի Յունիսին Երեւանի մէջ սկսաւ Հ.Յ.Դ. 25-րդ Ընդհանուր ժողովը, որ սակայն խափանուեցաւ Հայաստանի նախագահին կողմէ, ու շարունակուեցաւ աւելի ուշ Փարիզի մէջ:

1994-ի Դեկտեմբեր 8-ին, Հայաստանի օրուան իշխանութիւններուն ապազգային քաղաքականութեան ընդդիմացող Հ.Յ.Դաշնակցութեան գործունէութիւնը արգիլուեցաւ Հայաստանի մէջ, որուն յաջորդեց ղեկավար ընկերներու ձերբակալութիւններն ու բանտարկութիւնները:

Երեք տարիներու վրայ երկարող կասեցեալ իր վիճակով, կուսակցութիւնը շարունակեց ժողովուրդի շահերու հետապնդումը եւ շարունակեց ընդդիմանալ իշխանութիւններու ապազգային քաղաքականութեան:

1995-ի Նոյեմբեր-Դեկտեմբերին Պէյրութի մէջ գումարուեցաւ 26-րդ Ընդհանուր ժողովը:

1996-ին, ՀՅԴ իբրեւ լիիրաւ անդամ կը վերամիանայ Ընկերվար Միջազգայնականին (Socialist International):

1998-ի Յունուար-Փետրուարին Պէյրութի մէջ կայացած 27-րդ (արտակարգ) Ընդհանուր ժողովը վերամշակեց Հ.Յ.Դ. Ծրագիրն ու Կազմական կանոնները:

1998-ին, ՀՀՇ-ական վերնախաւի անկումով, կուսակցութիւնը վերադարձաւ քաղաքական բեմ:

1999-ի Մայիս 30-ին կայացած ՀՀ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն Դաշնակցութիւնը ունեցաւ 8 պատգամաւոր: 

ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ԿՌՈՒԱՆՆԵՐՈՒ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ 2000-2015

2000-ի Յունուարին Երեւանի մէջ, գումարուեցաւ ՀՅԴ 28-րդ Ընդհանուր ժողովը, իսկ ՀՅԴ 29-րդ Ընդհանուր Ժողովը գումարուեցաւ 2004 Փետրուար 6-17, Ծաղկաձոր, Հայաստան:

2003 թուականի Մայիս 25-ին տեղի ունեցած  ՀՀ երրորդ գումարման Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն ՀՅԴ շահելով ընտրողներու ձայներու 12 տոկոսը՝ խորհրդարանէն ներս ունեցաւ 11 պատգամաւոր: 

      Նոյն թուականի Յուլիս 11-ին խորհրդարանի երկու ուժերու‘ Հանրապետական կուսակցութեան եւ Օրինաց երկրի հետ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը ստորագրեց Կոալիցիոն (միակցութիւն-coalition) յուշագիր: Ըստ կոալիցիոն յուշագրի պահանջներուն‘ Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալի պաշտօնը վստահուեցաւ ՀՅԴ խմբակցութեան, իսկ կառավարութեան մէջ կուսակցութեան վստահուեցան  առողջապահութեան, գիւղատնտեսութեան աշխատանքի ու սոցիալական ապահովութեան նախարարութիւնները:

     2007 թուականի Մայիս 12-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի ցանկով ընտրուեցան 16 պատգամաւոր: 

2008-ի Մայիս 21-26, Ծաղկաձորի մէջ տեղի կ՚ունենայ ՀՅԴ 30-րդ Ընդհանուր Ժողովը:

2008-ի Յունիսին Աթէնքի մէջ կայացած Ընկերվար Միջազգայնականի 13-րդ համագումարին՝ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը կ՚ընտրուի Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահ:      2009-ի գարնան  Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու հարցի շուրջ տարուող քաղաքականութիւնը եւ նախապայմաններ պարունակող ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւնները անընդունելի նկատելով, ՀՅԴ յայտարարեց, թէ կառավարական կոալիցիայի կազմէն դուրս գալով կը դառնայ ընդդիմութիւն: Հրաժարական տուին նաեւ կառավարութեան կազմի դաշնակցական նախարարները:

2012 թուականի Մայիսի 6-ին կայացած ընտրութիւններուն ՀՅԴ ցանկով Ազգային Ժողովի անդամ կ՚ընտրուի 5 պատգամաւոր:

2000-2015 ժամանակահատուածին, ՀՅԴ անմիջական հովանիին տակ գործող Հայ Դատի աշխարհասփիւռ յանձնախումբերու, յատկապէս Հայ Դատի յանձնախումբերու Ուաշինկթընի, Պրիւքսէլի, Երեւանի, Պէյրութի եւ Օթթաուայի գրասենեակներու քարոզչական լայնածաւալ աշխատանքին շնորհիւ հայութեան պահանջատիրութեան գծով արձանագրուեցան նորանոր յաջողութիւններ եւ Հայ Դատի յանձնախումբերու տասնամեակներու վրայ երկարող անխափան ճիգերուն շնորհիւ շատ մը պետութիւններ ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

«Հորիզոն»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.