Արցախի Մէջ 1000 Նոր Բնակարան Պիտի Կառուցուի


«Հայերն Այսօր» – Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Նոյեմբեր 11-ին մեկնած է Մարտունիի շրջան եւ շարք մը համայնքներու մէջ ծանօթացած «Հայկական գիւղերու զարգացման հիմնադրամ»ի ծրագիրներու ընթացքին:

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինին փոխանցումով` գործադիր իշխանութեան ղեկավարը նախ մասնակցած է Ներքին Ճարտարի մէջ բարեգործական ծրագիրով կառուցուելիք բազմաբնակարան շէնքերու հիմնարկեքի արարողութեան: «Հայկական գիւղերու զարգացման հիմնադրամ»ին միջոցներով սպայական ընտանիքներու համար կառուցուող երկու շէնքերէն իւրաքանչիւրը պիտի ունենայ 24 բնակարան. ծրագիրով նախատեսուած է կառուցել նաեւ խաղահրապարակ, կայանատեղի եւ այլ ենթակառուցուածքներ: Վարչապետը ողջունած է հիմնադրամի նախաձեռնութիւնը եւ նշած, որ բնակարանաշինութիւնը կը համարուի հանրապետութեան ռազմավարական հիմնախնդիրներէն մէկը: Անոր խօսքով` սպայական ընտանիքներուն բնակարաններով ապահովելու հարցը կը գտնուի ինչպէս կառավարութեան, այնպէս ալ բարերարներու ուշադրութեան կեդրոնին:

«Ողջունելի է «Հայկական գիւղերի զարգացման հիմնադրամ»ի այս նախաձեռնութիւնը, որն ուշադրութեան ներքոյ է պահում մեր սպաների բնակարանային կարիքները: Օրինակելի է նրա հիմնադիր Վլադիմիր Աւագեանի հայրենանուէր գործունէութիւնը, ով բացի բնակարանաշինութիւնից, Ճարտարում եւ Արցախի տասնեակ համայնքներում տարբեր ծրագրեր է իրականացնում»,- ըսած է վարչապետը:

Ներկաները ողջունած է նաեւ բարերար Վլադիմիր Աւագեանը եւ նշած, որ բացի գիւղական համայնքներէն, հիմնադրամը աջակցութեան տարբեր ծրագիրներ պիտի  իրականացնէ նաեւ Պաշտպանութեան բանակին համար: «Հիմնադրամն առաջիկայ տարիներին պատրաստւում է Արցախի գիւղական համայնքներում շուրջ հազար բնակարան կառուցել` սպայական եւ բազմազաւակ ընտանիքների համար»,- տեղեկացուցած է բարեգործը:

Վարչապետի եւ բարերարի մասնակցութեամբ` տեղի ունեցած է շէնքերու հիմնարկեքի հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ աւարտած է Սահակ վարդապետ Շաքարեանի օրհնութեամբ: Ա. Յարութիւնեան այցելած է նաեւ տեղի միջնակարգ դպրոց, ծանօթացած առկայ պայմաններուն:

Այնուհետեւ կառավարութեան ղեկավարը այցելած է Ճարտար քաղաք, ուր, բարերար Վլադիմիր Աւագեանի ուղեկցութեամբ, ծանօթացած է «Հայկական գիւղերու զարգացման հիմնադրամ»ին կողմէ իրականացուող հանդիսութիւններու տան, եկեղեցւոյ եւ բազմաբնակարան շէնքերու շինարարական աշխատանքներու ընթացքին, եղած նոր մարզադահլիճի համար նախատեսուած շէնքին մէջ:

Վարչապետ Յարութիւնեան Ճարտարի մէջ մասնակցած է նաեւ հիմնադրամի կողմէն շտապ օգնութեան երկու նոր մեքենաներու համայնքին յանձնելու արարողութեան:

Գործադիր իշխանութեան ղեկավարը այցելած է նաեւ Խնուշինակ եւ Գիշի համայնքներ, ուր ծանօթացած է բարեգործական հիմնադրամի միջոցներով կեանքի կոչուող ծրագիրներուն, բարերարին հետ քննարկած որոշ մանրամասներ եւ ձեռք բերած յետագայ համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնութիւններ:

Այցի ընթացքին վարչապետ Յարութիւնեանին ուղեկցած են Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթուր Թովմասեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.