Բագուի հայերու ջարդարար Ճիվանշիրը ահաբեկած Միսաք Թորլաքեանի մահուան 47-ամեակ


Հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­րո­սա­կան ծնունդ­նե­րու ան­մո­ռա­նա­լի փա­ղան­գին մէջ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէ Մի­սաք Թոր­լա­քեան, ո­րուն մա­հո­ւան 47րդ տա­րե­լիցն է այ­սօր։

12 Նո­յեմ­բեր 1968ին, Քա­լի­ֆոր­նիոյ մէջ, ութ­սուն տա­րե­կան հա­սա­կին, առ­յա­ւէտ փա­կո­ւե­ցան ցա­ւա­տանջ աչ­քե­րը Ազ­գա­յին Հե­րո­սին։

Ցա­ւա­տանջ աչ­քեր՝ ո­րոնք մա­նուկ տա­րի­քէն զար­հու­րան­քով տե­սած էին ե՛ւ Հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րը, ե՛ւ 1915ին թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նա­կան մեծ ո­ճի­րը, ե՛ւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ու Հա­յաս­տա­նի վե­րապ­րած վեր­ջին բե­կոր­նե­րուն դէմ թրքա­կան բա­նա­կի 1918ի ար­շա­ւանք­նե­րուն ա­մէն ինչ հու­րէ եւ սու­րէ ան­ցը­նե­լու ա­հա­ւոր վայ­րա­գու­թիւ­նը։

Ցա­ւա­տանջ աչ­քեր՝ ո­րոնք նաեւ բո­ցա­վառ էին ընդվ­զու­մի, ցա­սու­մի ու վրէ­ժի կայ­ծե­րով եւ ո­րոնք, նոյ­նիսկ Բա­գո­ւի ջար­դա­րար Պէյ­պուտ խան Ճի­վան­շի­րի ար­դա­րա­հա­տոյց ա­հա­բե­կու­մը ի­րա­գոր­ծե­լէ ետք, մին­չեւ մահ մշտար­ծարծ մնա­ցին Մի­սաք Թոր­լա­քեա­նի մօտ, ո­րով­հե­տեւ ան­ճի­տո­ւած Ազ­գին եւ բռնագ­րա­ւեալ Հայ­րե­նի­քին ար­դար հա­տուց­ման Մեծ Օ­րը չտե­սան։

Վեր­ջա­պէս ցա­ւա­տանջ աչ­քեր՝ ո­րոնց իր հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թիւ­նը շնոր­հե­լու եւ յա­ւեր­ժա­կան հան­գիս­տի ար­ժա­նաց­նե­լու փու­թաց Ա­մե­նայն Հա­յոց եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Վազ­գէն Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը, որ 1968ի այդ օ­րե­րուն հո­վո­ւա­պե­տա­կան իր ա­ռա­ջին շրջապ­տոյ­տը կը կա­տա­րէր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու տա­րած­քին։

Թէեւ պարզ զու­գա­դի­պու­թիւն էր, որ Վազ­գէն Ա­ռա­ջին վե­հա­փա­ռը այդ օ­րե­րուն կը գտնո­ւէր Քա­լի­ֆոր­նիա, բայց ոչ մէկ պա­րա­գա­յի պա­տա­հա­կան զու­գա­դի­պու­թեան ար­դիւնք էր Հա­յոց Հայ­րա­պե­տին ո­րո­շու­մը՝ այ­ցե­լե­լու Ֆ­րեզ­նո­յի այն հի­ւան­դա­նո­ցը, ուր մա­հա­մերձ վի­ճա­կի մէջ բժշկա­կան խնամ­քի տակ էր Հայ­կա­կան Նե­մե­սի­սի ար­ժա­նա­ւոր դէմքն ու Դաշ­նակ­ցա­կան Վ­րի­ժա­ռո­ւի ան­վե­հեր ուխ­տա­ւո­րը՝ Մի­սաք Թոր­լա­քեա­նը։

Ընդ­հա­կա­ռակն՝ այ­ցի եր­թա­լով մա­հո­ւան սնա­րին մէջ գտնո­ւող Մի­սաք Թոր­լա­քեա­նին ու ա­նոր ճակ­տին դնե­լով հայ­րա­պե­տա­կան իր ա­ջը եւ Ազ­գա­յին Հե­րո­սի օրհ­նու­թիւն շնոր­հե­լով, Վազ­գէն Ա­ռա­ջին Վե­հա­փա­ռը փաս­տօ­րէն պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ շրջա­դար­ձա­յին ա­նակն­կալ մը մա­տու­ցեց ողջ հայ ժո­ղո­վուր­դին։

Մեծ Ե­ղեռ­նի յիս­նա­մեա­կով սկսած վե­րար­ժե­ւո­րու­մը հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի պատ­մու­թեան ու գա­ղա­փա­րա­կան ա­ւան­դին, Մի­սաք Թոր­լա­քեա­նին շնոր­հո­ւած Ազ­գա­յին Հե­րո­սի հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեամբ, կա­րե­ւոր քայլ մը եւս նո­ւա­ճեց Հա­յաս­տա­նի եւ Ս­փիւռ­քի կամրջ­ման ու ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգն­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Այդ­պէ՛ս, հա­կա­ռակ մեր ժո­ղո­վուր­դը բաժ­նե­լու, մաս­նա­տե­լու եւ ի­րա­րու հա­կադ­րե­լու ար­տա­քին թէ թշնա­մի բո­լոր դա­ւե­րուն, փոր­ձե­րուն եւ հա­րո­ւած­նե­րուն, ազ­գո­վին մեր մէջ գտանք անհ­րա­ժեշտ ու­ժը, որ­պէս­զի ան­կորն­չե­լի պա­հենք ու վե­րա­նո­րո­գենք մեզ միաց­նող ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան եւ բա­րո­յա­կան-գա­ղա­փա­րա­կան հիմ­նա­կան ար­ժէք­նե­րը։

Մի­սաք Թոր­լա­քեան ծնած էր 1888ին Կիւ­շա­նա (Տ­րա­պի­զո­նի շրջան)։ 8 տա­րե­կան էր 1896ին, երբ Տ­րա­պի­զո­նի հա­յու­թեան դէմ Հա­միտ շարժ­ման մէջ դրաւ թուրք եւ քիւրտ խու­ժա­նը՝ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը պատ­ժե­լու պատ­րո­ւա­կով հա­զա­րա­ւոր ան­զէն հա­յե­րու կո­տո­րա­ծը հրա­հան­գե­լով։ Մա­նուկ տա­րի­քի ընդվ­զու­մը Թոր­լա­քեա­նի մէջ յան­գե­ցաւ ծա­ռա­ցու­մի եւ ըմ­բոս­տաց­ման 1904ին, երբ Սաս­նոյ երկ­րորդ ապս­տամ­բու­թեան ա­ռի­թով Հա­միտ վերստին փոր­ձեց ա­րեան մէջ խեղ­դել ողջ Ա­րեւմտա­հա­յաս­տա­նը։ Քաջ ու խի­զախ պա­տա­նին զի­նո­ւո­րագ­րո­ւե­ցաւ Տ­րա­պի­զո­նի հայ ապս­տամբ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հրո­սա­կա­խում­բե­րուն, գիւ­ղէ գիւղ շրջե­լով եւ ան­պաշտ­պան հա­յու­թեան տէր կանգ­նե­լով։

1908ի Օս­մա­նեան Սահ­մա­նադ­րու­թե­նէն եւ հա­յե­րու բա­նակ մուտ­քի ար­տօ­նու­թե­նէն ետք, Թոր­լա­քեան կարճ ժա­մա­նա­կով զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան մէջ մտաւ, բայց տես­նե­լով իթ­թի­հա­տա­կան իշ­խա­նու­թեան կող­մէ շա­րու­նա­կո­ւող հա­յա­տեաց խտրա­կա­նու­թիւնն ու ի­րա­ւազր­կում­նե­րը՝ հե­ռա­ցաւ բա­նա­կէն, միա­ցաւ Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ, Ռոս­տո­մի ան­մի­ջա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան տակ ծա­ւա­լած ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն մաս­նա­կից դառ­նա­լով, լծո­ւե­ցաւ Տ­րա­պի­զո­նի եւ Կով­կա­սի մի­ջեւ զէն­քի փո­խադ­րու­թեան ու թրքա­կան ա­նօ­րի­նու­թիւն­նե­րը զի­նու զօ­րու­թեամբ սան­ձե­լու գոր­ծին։

1915ին, Թոր­լա­քեան միա­ցաւ Հայ Կա­մա­ւո­րա­կան Շար­ժու­մին եւ ե­ղաւ ա­ռա­ջին­նե­րէն, ո­րոնք ռու­սա­կան զօր­քին հետ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տան մուտք գոր­ծե­ցին եւ ան­մի­ջա­պէս լծո­ւե­ցան թրքա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թե­նէն վե­րապ­րող հա­յու­թիւ­նը հա­ւա­քե­լու, պատս­պա­րե­լու եւ պաշտ­պա­նե­լու փրկա­րար աշ­խա­տան­քին։ Իսկ երբ Լե­նի­նեան յե­ղաշրջման հե­տե­ւան­քով ռու­սա­կան զօր­քե­րը ա­րա­գօ­րէն լքե­ցին ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րը եւ «տուն» շտա­պե­ցին, Թոր­լա­քեան իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ վե­րապ­րող ա­րեւմ­տա­հա­յու­թիւ­նը թրքա­կան զօր­քի ներ­խուժ­ման դէմ պաշտ­պա­նե­լու եւ ա­նոր կազ­մա­կերպ նա­հան­ջը ա­պա­հո­վե­լու 1918ի ա­ռա­ջին ա­միս­նե­րու կռիւ­նե­րուն – յատ­կա­պէս Կար­սի ճա­կա­տին վրայ։ Այ­նու­հե­տեւ, երբ ար­դէն նա­հան­ջի ճա­նա­պարհ չկար եւ ողջ հա­յու­թիւ­նը մէկ մար­դու պէս ծա­ռա­ցաւ ցե­ղաս­պա­նա­կան իր ծրա­գի­րը ամ­բող­ջաց­նե­լու ե­կող թրքա­կան բա­նա­կին դէմ, Թոր­լա­քեան Պաշ Ա­բա­րա­նի ճա­կա­տին վրայ կռո­ւե­ցաւ Դ­րո­յի յաղ­թա­կան գուն­դին մէջ։

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան շրջա­նին Թոր­լա­քեան նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ա­րեւմ­տա­հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան պատս­պար­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։ 1919ին Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը, որ որ­դեգ­րեց թուրք ջար­դա­րար­նե­րը պատ­ժե­լու Նե­մե­սիս Գոր­ծո­ղու­թիւ­նը։ Թոր­լա­քեան կու­սա­ցա­կան ո­րո­շու­մով 1920ին ան­ցաւ Պո­լիս։ Լ­ծուե­ցաւ կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու՝ յատ­կա­պէս Հ.Յ.Դ. մար­տա­կան կա­ռոյ­ցի վե­րա­կեն­դա­նա­ցու­մին։

Այդ շրջա­նին էր, 1921ին, որ «Նեմ­եսիս» Գոր­ծո­ղու­թեան Պա­տաս­խա­նա­տու Մարմ­նին կող­մէ Թոր­լա­քեա­նի յանձ­նա­րա­րո­ւե­ցաւ Պո­լիս հաս­տա­տո­ւած, մու­սա­ւա­թա­կան Ատր­պէյ­ճա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ե­ղած եւ 1918ին Բագուի հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րու ժա­մա­նակ ան­զէն հա­յու­թեան կո­տո­րա­ծը կազ­մա­կեր­պած Պէյ­պուտ խան Ճի­վան­շի­րի ա­հա­բե­կու­մը։ Ե­րուանդ Ֆնտ­քեան եւ Յա­րու­թիւն Յա­րու­թիւ­նեան նշա­նակուած էին իր օգ­նա­կան­նե­րը։

Թոր­լա­քեան Ճի­վան­շի­րի ա­հա­բեկ­ման դաշ­նակ­ցա­կան ո­րո­շու­մը գոր­ծադ­րեց 18 Յու­լիս 1921ին, օր ցե­րե­կով գե­տին փռե­լով Բա­գո­ւի ա­րիւ­նար­բու հրէ­շը։ Ա­հա­բեկ­ման ա­կա­նա­տես ֆրան­սա­ցի զի­նո­ւոր­ներ յար­ձա­կե­ցան Թոր­լա­քեա­նի վրայ եւ, ծե­ծի տակ ձեր­բա­կա­լե­լով զինք, յանձ­նե­ցին Պոլ­սոյ մէջ Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ անգ­լիա­կան հո­գա­տար իշ­խա­նու­թեան։

Անգ­լիա­կան զի­նո­ւո­րա­կան դա­տա­րան մը կազմուե­ցաւ։ Թոր­լա­քեա­նի դա­տին պաշտ­պա­նու­թիւ­նը կա­տա­րեց Խոս­րով Ներ­սէ­սեան, որ կուռ եւ հիմ­նա­ւոր փաս­տար­կում­նե­րով դա­տա­րա­նին առ­ջեւ մեր­կա­ցուց Ճի­վան­շի­րի ծան­րա­գոյն յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը։ Դա­տա­րա­նը թէեւ յան­ցանք նկա­տեց գոր­ծուած ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը, բայց ար­դա­րա­ցուց Թոր­լա­քեա­նը՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով ա­նոր հո­գե­կան եւ մտա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան հաս­ցո­ւած հա­րո­ւա­ծը Ճի­վան­շի­րի կող­մէ։

Մի­սաք Թոր­լա­քեան ան­պարտ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ 22 Նո­յեմ­բե­րին, ան­ցաւ Յու­նաս­տան եւ հոն­կէ ալ Ռու­մա­նիա, ուր մին­չեւ 1952 թո­ւա­կա­նը մնա­յուն բնա­կու­թիւն հաս­տա­տեց եւ գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան Պալ­քա­նեան կազ­մա­կեր­պու­թեան կեան­քին մէջ։

Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին, Գա­րե­գին Նժ­դե­հի եւ Դ­րո­յի կող­քին, Թոր­լա­քեան կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ Պալ­քան­նե­րու հա­յու­թեան անվ­տան­գու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու դժո­ւա­րին գոր­ծին մէջ։ Իսկ Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին, Թոր­լա­քեան պա­տաս­խա­նա­տու մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Դ­րո­յի նա­խա­ձեռ­նած հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րը փրկե­լու աշ­խա­տանք­նե­րուն։

1952ին Թոր­լա­քեան ան­ցաւ Մ. Նա­հանգ­ներ եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Քա­լի­ֆոր­նիա, ուր կու­սակ­ցա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց մին­չեւ իր վեր­ջին տա­րի­նե­րը, երբ հի­ւան­դու­թիւ­նը ան­կող­նին գա­մեց ան­խոնջ մար­տի­կին։

Ութ­սուն տա­րի ապ­րե­ցաւ Հայ­կա­կան Նե­մե­սի­սի ար­ժա­նա­ւոր դէմքն ու Դաշ­նակ­ցա­կան Վ­րի­ժա­ռո­ւի ան­վե­հեր ուխ­տա­ւո­րը, ո­րուն կտա­կը ե­ղաւ՝ «Անհ­րա­ժեշտ է ճանչ­նալ թուր­քի հո­գին, որ­պէս­զի հնա­րա­ւոր ըլ­լայ բա­ցատ­րել մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան մէջ ան­նա­խա­դէպ ա­րիւ­նոտ ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը՝ հա­յե­րու 1915ի ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.