Ինչո՞ւ Կիւլենը Էրտողանին Նզովելու Ընթացքին Յիշեց Հայոց Բարգատունիները


Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ոխերիմ թշնամի Ֆեթհուլլահ Կիւլենը Էրտողանին նզովելու ընթացքին նաեւ կ’անիծէ «Բագրատունի ահաբեկչական» խմբաւորման։ Բագրատունի անունը թրքական մամուլին մէջ մեծ արձագանգ գտած է։ Այս հարցի շուրջ news.am-ին մեկնաբանութիւն կատարած է թրքագէտ Անդրանիկ Իսպիրեանը։

Ֆեթհուլլահ Կիւլենը նզովքով արձագանգեց օրեր առաջ Էրտողանի հրահանգով Ֆեթհուլլահ Կիւլենի եւ անոր շարժման հետեւորդները ահաբեկիչ յայտարարելուն։ Կիւլեն իր նզովքին մէջ ըսաւ.«թող Աստուած պատժէ Բագրատունի ահաբեկչական կառոյցը…»։

Թուրքիոյ մէջ ուշադրութիւն չդարձուցին, որ նզովք կը հնչէ Էրտողանին, սակայն մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին «Բագրատունի կառոյց»ին հանդէպ։ Թուրքիոյ մէջ բոլորը սկսան մուտք գործել համացանց՝ ճշդելու, թէ ովքեր են Բագրատունիները։

Սակայն Հայոց Բագրատունիներու թեման առասղելական ու առեղծուածային երանգներ ստացած է Թուրքիոյ մէջ։ Թուրք վերլուծաբանները կը համարեն, որ Բագրատունիները երեք ինքնութիւն ունեցող գաղտնի խմբաւորում են, ովքեր զիրար կը ճանչնան ու կ’ապրին յատուկ կանոններով։ Այսինքն, Թուրքիոյ Բագրատունիները հրապարակաւ իսլամ են, սակայն ծպտեալ հայ են, իսկ երրորդ շերտի մէջ հրեայ են։

Հրէական արմատներով թուրք հետազոտող Կատ Նասսին, որ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ գաղտնի խմբակներու շուրջ, առանձնայատուկ ուշադրութեան հրաւիրած է Թուրքիոյ մէջ հայ Բագրատունիներու կենցաղի ու սովորութիւններու վրայ։ Ըստ Նասիի, Բագրատունիները Թուրքիոյ մէջ կ’ապրին հիմնականին մէջ Սվազէն Երզնկայ երկարող հատուածին մէջ, Արաբկիրի մէջ, Կապադովկիային մէջ եւ Կիլիկիոյ մէջ։ Ան կը նշէ, թէ Բագրատունիները առեւտուրի եւ ելեւմտական ոլորտին մէջ մեծ յաջողութիւններ կը վայելեն։

Բագրատունիներու հետ կապուած պնդումներով յայտնի է նաեւ պոլսահայ հակահայ լրագրող Լեւոն Փանոս Տապաղեանը, որ կը շեշտէ, թէ Զէյթունի ապստամբութեան ետին կանգնած եղած են Բագրատունիները, ովքեր կազմակերպած են զայն։

Իսկ որոշ թուրք լրագրողներ կը շեշտեն, Թուրքիոյ մէջ Բագրատունիները ազդեցիկ պաշտօններ կը վարեն ու կարեւոր դերակատարներ են Թուրքիոյ կեանքին մէջ։

Իսկ Կիւլենի նզովքին մէջ Բագրատունիները յիշատակելու հետ կապուած թուրք ուսումնասիրողներու ամէնէն հետաքրքրական մեկնաբանութիւնը այն է, որ Կիւլենը իր նզովքի խօսքին միջոցով գաղտնի ուղերձ յղած է համապատասխան մարդոց։

Նշենք, որ հայ Բարգատունիները նախարարական, ապա արքայական տոհմ էին Հայաստանի մէջ (Ի եւ ԺԱ դարերուն)։ 922-էն սկսեալ կրած են Շահնշահ Հայոց եւ Վրաց տիտղոսը։ Վրաստանի մէջ սկզբնաւորած են վրաց Բագրատունիներու արքայատոհմը (Ի եւ ԺԻ դարերուն)։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.