ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Միջ-Վարչական Ժողով եւ Նորագիրներու Դաստիարակչական Սեմինար
ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան 2015-2016 տարեշրջանի միչ-վարչական խորհրդակցական ժողովն ու նորագիր անդամներու դաստիարակչական սեմինարը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 7-8 շաբաթավերջի ընթացքին՝ Թորոնթոյի մէջ, շրջանի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի հիւրընկալութեամբ։
Սոյն սեմինար-ժողովին ներկայ կը գտնուէին Քեպէքի, Օնթարիոյի եւ Պրիթիշ Քոլոմպեայի բոլոր շրջաններէն ժամանած վարչական կազմերն ու յանձնախումբերու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ դաշնակցական նորագիր երիտասարդներու մեծաթիւ փաղանգ մը։
Երկու օրուայ վրայ երկարող սեմինարի աշխատանքները մեկնարկուեցան շաբաթ առաւօտեան, ուր նորագիրներն ու վարչական պատասխանատուները միատեղ ունկնդրեցին դասախօսութիւն մը՝ միութեան կազմակերպած ու Հայաստանի Վանաձոր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող դաստիարակչական ճամբարի ընդհանուր գործունէութեան ու անոր հայրենանպաստ ներդրումին մասին։ Ապա, վարչականներն ու նորագիրները բաժնուելով տարբեր խմբակներու հետեւեցան իւրաքանչիւրին պատշաճեցուած օրակարգերուն։ Նորագիր անդամները առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու ՀՅԴ պատմութեան, ծրագրին եւ կանոնագրին, ԳԵՄ-ի առաքելութեան, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան աշխատանքներուն եւ Հայաստանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան ընդհանուր գործունէութեան եւ ապագայի հեռանկարներուն մասին։
Նաեւ, հարկ է նշել թէ շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ խրախճանք մը, որ կազմակերպուած էր շրջանի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի կողմէ։
Ժողովի վերջին օրուայ օրակարգերու սպառումէն ետք, վերանորոգուած ոգեւորութեամբ եւ աշխատանքային նոյն թափը շարունակելու վճռակամութեամբ բոլոր երիտասարդները վերադարձան իրենց քաղաքները։
ՀՅԴ Գանատաայի Երիտասարդակ Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն