Վանի Ս. Բարդողիմէոս եկեղեցին թուրք զինուորներու կողմէ օգտագործուած է որպէս զուգարան
Թուրքիոյ Վան նահանգի Բաշքալէ շրջանի Ալպայրաք (պատմական Աղբակ) բնակավայրին մօտ գտնուող հայկական Սուրբ Բարդողիմէոս վանքը թուրք զինուորներու կողմէ օգտագործուած է որպէս զուգարան: Այս մասին կը հաղորդէ Էրմենիհապէր լրատուակայքը։
Թրքական «Dicle» լրատուական գործակալութեան թղթակից Սելման Քելեշը «Dicle»ի կայքէջին վրայ անդրադարձած է եկեղեցւոյ պատմութեան:
Ըստ Քելեշի` վանքը երկար ժամանակ գտնուած է ռազմական գօտիի մէջ և աւերուած է թուրք զինուորներու կողմէ: Զինուորները գանձ փնտռելու նպատակով ցանկապատած են եղեկեցւոյ շրջակայքը եւ վնասած են եկեղեցւոյ պատերու սրբապատկերները:
«13-14րդ դարերուն կառուցուած վանքը իր վրայ կը կրէ մշակութային ցեղասպանութեան հետքերը: 4-րդ դարուն մահացած Ս. Բարդողիմէոսի գերեզմանին վրայ կառուցուած եկեղեցին մինչև Առաջին աշխարհամարտ գործած է որպէս եկեղեցի, սակայն Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ, հայերու ճակատագրին պէս եկեղեցին ալ աւերուած է: Այնուհետև հանրապետութեան տարիներուն, տարիներ շարունակ ռազմական գօտիի մէջ գտնուող եկեղեցւոյ շրջակայքը զինուորները խրամատներ փորած են իսկ ներսը իրենց բնական կարիքները հոգացած են», կ՚ըսուի յօդուածին մէջ:
Հեղինակը կը հաստատէ, որ վանքը ներկայիս նոյնպէս կը գտնուի աւերակ և լքեալ վիճակի մէջ: