«­Քոյր ազ­գեր՝ փո­թո­րի­կի մէջ.- ­Հա­յե­րը եւ յոյ­նե­րը Ա­րե­ւե­լեան ­Հար­ցի մեծ ճգնա­ժա­մին մէջ (1876-1914)»


«­Մի­ջազ­գա­յին պատ­մա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը տար­բեր ձե­ւե­րով անդ­րա­դարձ­ներ կա­տա­րած են ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի եւ ա­նոր «լու­ծում­նե­րուն» ու հե­տե­ւանք­նե­րուն շուրջ։ ­Բայց ընդ­հան­րա­պէս զլա­ցած են անդ­րա­դառ­նա­լու ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի սկզբնա­կան ծալ­քե­րուն, 19րդ ­դա­րու մէջ սկիզբ ա­ռած հար­ցե­րէն մին­չեւ 1877-1878 թուա­կան­նե­րու մի­ջազ­գայ­նաց­ման հանգ­րո­ւա­նը, ա­պա՝ Օս­մա­նեան տի­րա­պե­տու­թեան տակ ապ­րող հա­յու­թեան դէմ հա­լա­ծանք­նե­րու ու ջար­դե­րու շրջան­նե­րը (1894-1896, 1919), ­Պալ­քա­նեան պա­տե­րազ­մի եւ պե­տա­կան վար­չա­կար­գի պար­տադ­րո­ւած բա­րե­փո­խում­նե­րու տա­րի­նե­րը, որ յան­գե­ցու­ցին 1913-1915 ա­ղէ­տա­լի հանգ­րո­ւա­նին։

«­Մի­ջազ­գա­յին պատ­մա­կան անդ­րա­դարձ­նե­րը մեծ մա­սով վա­ւե­րագ­րու­թիւն­նե­րու կամ անձ­նա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կի վրայ մնա­ցած են եւ ան­կէ կը պակ­սի ար­դի պատ­մա­կան նա­յո­ւած­քը եւ քննա­կան մօ­տե­ցու­մը։ ­Մա­նա­ւանդ, կը պակ­սի յու­նա­կան ցու­ցա­նի­շը՝ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի տագ­նա­պա­լի հանգրո­ւան­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ, երբ յոյն ազ­գին կեան­քը եւս իր եղ­բայ­րա­կից՝ հայ­կա­կան ազ­գի դի­մագ­րա­ւած տագ­նապ­նե­րուն ժա­մա­նակ, նոյն, կամ զու­գա­հեռ տագ­նապ­նե­րով յատ­կան­շո­ւե­ցաւ»։

Այս խօս­քե­րով կը բա­ցատ­րէ փրոֆ. ­Խա­սիո­թիս իր նոր հե­ղի­նա­կած գիր­քին՝ «Եղ­բայ­րա­կան ազ­գեր՝ փո­թո­րի­կի մէջ.- ­Հա­յե­րը եւ յոյ­նե­րը Ա­րե­ւե­լեան ­Հար­ցի մեծ ճգնա­ժա­մին մէջ (1876-1914)» ծնուն­դի դրդա­պատ­ճա­ռը։ ­Մենք մեր կար­գին ա­ւելց­նենք, որ յու­նա­րէն լե­զո­ւով նման պատ­մա­կան հե­տա­զօ­տու­թեան մը հրա­տա­րա­կու­մը գի­տա­կան լուրջ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մըն է, որ կ­՚անդ­րա­դառ­նայ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ ապ­րող հա­յու­թեան բախտն ու ճա­կա­տա­գի­րը վճռած պատ­մա­կան-քա­ղա­քա­կան հանգ­րո­ւան­նե­րուն, բայց նաեւ հոն ապ­րող քրիս­տո­նեայ եւ մահ­մե­տա­կան բո­լոր ազ­գե­րու հե­տա­գայ պատ­մու­թեան։

Փ­րոֆ. Իոա­նիս ­Խա­սիո­թիս ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ա­րիս­տո­տե­լեան հա­մալ­սա­րա­նի ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան եւ հնա­գի­տու­թեան դա­սա­խօս է։ Իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը հիմ­նա­կա­նօ­րէն կեդ­րո­նա­ցած են եւ­րո­պա­կան միաս­նու­թիւ­նը հիւ­սող վաղ շրջան­նե­րուն, յու­նա­կան ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի շար­ժում­նե­րուն, ­Պալ­քան­նե­րուն, Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան շրջան­նե­րուն, յու­նա­կան սփիւռ­քին եւ Ա­րե­ւե­լեան ­Հար­ցի վրայ։

Փ­րոֆ. ­Խա­սիո­թիս յոյն սա­կա­ւա­թիւ այն գիտ­նա­կան­նե­րէն է, ո­րոնք եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ի­րենց աշ­խա­տան­քը հա­մա­կար­գո­ւած ձե­ւով կեդ­րո­նա­ցու­ցած են ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի եւ հա­յոց պատ­մու­թեան քննարկ­ման վրայ։ Ու­սում­նա­սի­րե­լով պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րը, ան անհ­րա­ժեշտ նկա­տած է իր գի­տա­կան քննարկ­ման ա­ռար­կայ դարձ­նել հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­մար ճա­կա­տագ­րա­կան դար­ձած ժա­մա­նա­կաշըր­ջան­նե­րը, ո­րոնք գրե­թէ հա­ւա­սա­րա­պէս հա­րո­ւա­ծե­ցին եր­կու եղ­բայ­րա­կից ազ­գե­րը, մին­չեւ ­Փոքր Ա­սիոյ կոր­ծան­ման վերջ­նա­կան փու­լը։

«Եղ­բայ­րա­կան ազ­գեր՝ փո­թո­րի­կի մէջ» գիր­քը կա­րե­ւո­րու­թիւն կու­տայ նաեւ մարդ­կա­յին բա­րո­յա­կան գոր­ծօ­նին, երբ հսկա­յա­կան թի­ւով մարդ­կա­յին կեան­քեր զո­հո­ւե­ցան եւ մարդ­կա­յին ող­բեր­գու­թիւն­ներ յա­ռա­ջա­ցան՝ պատ­մա­կան դէպ­քե­րու հե­տե­ւանք­նե­րով։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար մղո­ւած պայ­քա­րը ստոյգ կեր­պով կը ներ­կա­յա­ցո­ւի փրոֆ. ­Խա­սիո­թի­սի կող­մէ, ո­րու գիր­քը պատ­մա­կան հե­տա­զօ­տու­թեան բարձր մա­կար­դա­կի պա­տաս­խան մըն է՝ Ան­գա­րա­յի կող­մէ պաշտ­պա­նո­ւող… «գի­տա­կան» խայ­տա­ռակ գոր­ծե­րուն։

Փ­րոֆ. ­Խա­սիո­թիս իր հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը հիմ­նած է ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան պատ­մա­կան ար­խիւ­նե­րու, ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ կա­ռա­վա­րա­կան ար­խիւ­նե­րու, Ս­պա­նիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ­Պոս­թը­նի մէջ պա­հո­ւող Ա­թէն­քի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թեան ա­ռա­ջին շրջա­նի, նոյ­նիսկ սո­վե­տա­կան շրջա­նի ար­խիւ­նե­րուն ու­սում­նա­սի­րու­թեան վրայ։

Գիր­քը կը բաժ­նո­ւի չորս կա­րե­ւոր գլուխ­նե­րու։ Ա­ռա­ջին բաժ­նին մէջ կ­՚ու­սում­նա­սի­րո­ւին հայ եւ յոյն հա­մայնք­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեանց կող­մէ տա­րո­ւած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան ճի­գե­րը (ե­կե­ղե­ցա­կան կամ քա­ղա­քա­կան)։ Երկ­րորդ բա­ժի­նը կը վե­րա­բե­րի Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ յոյ­նե­րու կե­ցո­ւած­քին, ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի ա­ռա­ջին սուր ճգնա­ժա­մի ըն­թաց­քին։ ­Կը քննար­կո­ւին նաեւ ­Պոլ­սոյ յոյ­նե­րէն ո­մանց ջան­քե­րը, ո­րոնք փոր­ձե­ցին հա­մո­զել յու­նա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը (քա­ղա­քա­կան եւ կրօ­նա­կան) սեր­տօ­րէն հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու հայ հայ­րե­նա­սէր­նե­րուն հետ։ Եր­րորդ մա­սը կը կեդ­րո­նա­նայ հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման հան­դէպ հան­րա­յին կար­ծի­քի եւ ­Յու­նաս­տա­նի թա­գա­ւո­րու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան կե­ցո­ւած­քին վրայ։ ­Շատ հե­տաքրք­րա­կան է հել­լէն մա­մու­լի հրա­պա­րա­կում­նե­րու բա­ժի­նը, ուր կը քննար­կո­ւի յու­նա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քին ան­ցու­մը՝ ան­տե­ղեա­կու­թեան վի­ճա­կէն ջերմ պաշտ­պա­նի դե­րին։ ­Յա­տուկ բա­ժին նո­ւի­րո­ւած է 1896-1897ին ­Յու­նաս­տան եւ ­Կիպ­րոս ժա­մա­նած հայ գաղ­թա­կան­նե­րու ըն­դու­նե­լու­թեան պայ­ման­նե­րուն եւ կեն­ցա­ղին։ Իսկ գիր­քի չոր­րորդ մա­սը կ­՚ու­սում­նա­սի­րէ 1897ի յոյն-թրքա­կան պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տէն ետք, ա­ռա­ջին տասն­հինգ տա­րո­ւան ռրջա­նին, հա­յե­րու եւ յոյ­նե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.